Առաջին Մնացորդաց գիրք
11
Դաւիթ Իսրայէլի և Յուդայի թագաւոր կ’ըլլայ
1Եւ բոլոր Իսրայէլ Դաւիթի քով Քեբրոնի մէջ ժողվուեցան, ու ըսին, Ահա մենք քու ոսկորդ ու քու մարմինդ ենք: 2Եւ ասկէ առաջ ալ երբ Սաւուղ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողը ու ներս բերողը դուն էիր. ու քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսաւ, Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը դուն պիտի հովուես, ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ դուն իշխան պիտի ըլլաս: 3Եւ Իսրայէլի բոլոր ծերերը Քեբրոն եկան թագաւորին, ու Դաւիթ Քեբրոնի մէջ Տէրոջը առջև անոնց հետ դաշնակցութիւն ըրաւ. ու անոնք Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին, ինչպէս Տէրը Սամուէլի ձեռքով խօսեր էր: 4Եւ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի հետ Երուսաղէմ, այսինքն Յեբուս, գնաց. ու հոն այն երկրին բնակիչները, Յեբուսացիք, կը բնակէին: 5Եվ Յեբուսի բնակիչները Դաւիթի ըսին, Հոս պիտի չմտնես. բայց Դաւիթ առաւ Սիօնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաքը կը կոչուի:) 6Ու Դաւիթ ըսաւ, Ով որ Յեբուսացիները առաջ զարնէ, անիկա իշխան ու զօրավար պիտի ըլլայ. և առաջ Շարուհեայի որդին Յովաբ ելաւ, ու անիկա զօրավար եղաւ: 7Եւ Դաւիթ այն բերդին մէջ բնակեցաւ. անոր համար անիկա Դաւիթի քաղաքը կոչուեցաւ: 8Ու Դաւիթ քաղաքը շինեց շուրջանակի, այսինքն Մելօնը ու անոր շրջակայ տեղերը. ու Յովաբ քաղաքին մնացորդը նորոգեց: 9Եւ Դաւիթ երթալով կը մեծնար, ու զօրաց Տէրը անոր հետ էր:
Դաւիթին հռչակաւոր զօրաւարները
10Եւ ասոնք են Դաւիթի գլխաւոր զօրաւորները, որոնք անոր թագաւորութեանը համար անոր օգնութիւն ըրին բոլոր Իսրայէլի հետ, որպէս զի զանիկա թագաւոր հաստատեն` Տէրոջը Իսրայէլի վրայով ըսած խօսքին համեմատ: 11Եւ Դաւիթի զօրաւոր մարդոց թիւը ասիկա է. Հաքեմոնիի որդին Յեսբաամ` զօրավարներուն գլուխը, որ իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցուց, ու մէկէն զանոնք մեռցուց: 12Եւ անկէ ետքը Աքուքացի Դովդայի որդին Եղիազար` որ երեք զօրաւորներէն էր. 13Ասիկա երբ Ափեսդոմմինի մէջ Դաւիթի հետ էր, Փղշտացիք հոն ժողվուեցան պատերազմելու համար, և արտի մը մէկ մասը գարիով լեցուն էր, ու ժողովուրդը Փղշտացւոց երեսէն փախաւ: 14Իսկ ասոնք արտին մէջտեղը կայնեցան, և զանիկա ազատեցին ու Փղշտացիները զարկին. և Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ: 15Ու երեսուն զօրավարներէն երեքը Ոդողոմի քարայրը` Դաւիթի քով վէմը իջան. և Փղշտացւոց բանակը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր: 16Եւ այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր. ու այն ատեն Փղշտացիք Բեթլէհէմի մէջ բերդապահ զօրք ունէին: 17Եւ Դաւիթ փափաքելով, ըսաւ, Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր կը խմցնէ: 18Այն ատեն այս երեք մարդիկը Փղշտացւոց բանակը ճեղքեցին անցան, ու Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին և առին Դաւիթի տարին. բայց Դաւիթ զանիկա խմել չուզեց, հապա զանիկա թափելով Տէրոջը նուիրեց, 19Ու ըսաւ, Իմ Աստուածս չցուցնէ ինծի` որ ես այս բանը ընեմ. միթէ ես այն մարդոց արիւնը իրենց կեանքո՞վը պիտի խմեմ. վասն զի իրենց կեանքին վտանգովը այս ջուրը բերին. ու անկէ խմել չուզեց: Ասոնք են այն երեք զօրաւոր մարդոց ըրածները: 20Եւ Յովաբի եղբայրը Աբեսսա այն երեք մարդոց գլխաւորն էր. ու անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցնելով` սպաննեց զանոնք, ու անիկա երեքին մէջ անուանի էր. 21Եւ երեքին երկուքէն աւելի համարում ունենալուն համար անոնց գլուխ եղաւ, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ: 22Ու մեծ գործեր գործող Կաբեսէելացի զօրաւոր մարդու մը որդւոյն Յովիադայի որդին Բանեա Մովաբի երկու զօրաւոր մարդիկը մեռցուց. նաև ձիւնի ժամանակ իջաւ ու գուբին մէջ առիւծը մեռցուց: 23Ասիկա Եգիպտացի մարդը, այն հինգ կանգուն բարձր մարդը, մեռցուց. ու Եգիպտացիին ձեռքը ոստայնանկներու գլանին պէս նիզակ մը կար. բայց Բանեա ցուպով մը անոր վրայ իջաւ, ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափըշտակեց, և զանիկա անոր նիզակովը մեռցուց: 24Յովիադայի որդին Բանեա այս բաները ըրաւ, ու երեք զօրաւորներուն մէջ անուանի եղաւ: 25Անիկա ահա երեսունէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ, ու Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ: 26Եւ իր զօքերուն զօրաւորները ասոնք էին. Յովաբի եղբայրը Ասայէլ, Բեթլէհեմացի Դովդայի որդին Էլէանան, 27Արովրացի Սամօթ, Փելօնացի Քեղղէս, 28Թեկուացի Եկգեսի որդին Իրաս, Անաթովթացի Աբիեզեր, 29Ովսացի Սովբաք, Աքուքացի Եղի, 30Նետոփաթացի Մաարայ, Նետոփաթացի Բաանայի որդին Ալադ, 31Բենիամինի որդւոց Գաբաայէն Ռիբայի որդին Եթթի, Փարաթոնացի Բանեա, 32Գաասի ձորերէն Հուրայ, Արաբաթացի Արիէլ, 33Բարումացի Ազամօթ, Սաղաբինացի Եղիաբա, 34Գեզոնացի Համեսի որդիներէն` Արարացի Սագէի որդին Յովնաթան, 35Արարացի Սաքաբի որդին Աքիամ, Ովրի որդին Եղիփաղ, 36Մեքուրաթացի Ոփեր, Փելօնացի Աքիա, 37Կարմելացի Ասարէ, Ազբիայի որդին Նաարայ, 38Նաթանի եղբայրը Յովէլ, Ագարայի որդին Մաբար, 39Ամմոնացի Սելեկ, Շարուհեան Յովաբի կապարճակիրը Բերովթացի Նաարա, 40Յեթերացի Իրաս, Յեթերացի Քարեբ, 41Քետացի Ուրիա, Աղայիի որդին Զաբադ, 42Ռուբենեանց գլուխը, Ռուբենեան Սիզայի որդին Ադինա, ու անոր հետ երեսուն մարդ կար. 43Մաաքայի որդին Անան, Մաթանացի Յովսափատ, 44Աստարովթացի Ոզիա, Արոէրացի Քովթամի որդիները, Սամա ու Յէիէլ, 45Սամարիի որդին Յեդիէլ ու անոր եղբայրը Թիսացի Յովքա, 46Մահաւացի Եղիէլ, Եղնաամի որդիները, Յարիբայի և Յօսաւիա, Մովաբացի Յեթեմա, 47Եղիէլ, Ովբէդ ու Մեսօբացի Յեսիէլ: