Առաջին Մնացորդաց գիրք

13

Տապանակ ուխտին Îարիաթարիմէն կը փոխադրուի

1Եւ հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն և բոլոր իշխաններուն հետ խորհուրդ ըրաւ: 2Ու Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի ժողովքին ըսաւ, Եթէ ձեզի հաճոյ կ’երևնայ, ու այս բանը մեր Տէր Աստուծմէն է, Իսրայէլի բոլոր երկիրներուն մէջ մնացած մեր եղբայրներուն, ու անոնց հետ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, իրենց քաղաքները ու արուարձանները, մարդ ղրկենք*, որպէս զի մեր քով ժողվուին. 3Եւ մեր Աստուծոյն տապանակը մեր քով փոխադրենք. քանզի Սաւուղի օրերը զանիկա չխնդրեցինք: 4Ու բոլոր ժողովքը այսպէս ընելու հաճութիւն տուաւ. քանզի այս խօսքը բոլոր ժողովուրդին աչքերուն ուղիղ երևցաւ: 5Եւ Դաւիթ Եգիպտոսի Սիովրէն մինչև Եմաթի մուտքը բոլոր Իսրայէլը ժողվեց, Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէ բերելու համար: 6Ու Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի հետ Բաաղ, այսինքն Յուդայի Կարիաթարիմը, ելաւ, որպէս զի անկէ` քերովբէից վրայ նստող Եհովա կոչուած Աստուծոյն տապանակը վեր հանէ: 7Եւ Աստուծոյ տապանակը Աբինադաբի տունէն վերցնելով նոր սայլի մը վրայ դրին. ու Ոզա ու Աքիով այն սայլը կը վարէին: 8Եւ Դաւիթ ու բոլոր բոլոր ուժով Աստուծոյ առջև կը խաղային օրհնութիւններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, ծնծղաներով ու փողերով: 9Ու մինչև Քիդոնի կալը եկան. և Ոզա իր ձեռքը երկնցուց որպէս զի տապանակը բռնէ. քանզի եզները զանիկա ծռեր էին: 10Ու Տէրոջը բարկութիւնը Ոզայի դէմ բորբոքեցաւ և ձեռքը տապանակին երկնցնելուն համար զանիկա զարկաւ. ու անիկա հոն Աստուծոյ առջև մեռաւ: 11Եւ Դաւիթ տրտմեցաւ, քանզի Տէրը հարուածով Ոզան զարկաւ. ու այն տեղին անունը մինչև այսօր Փարէս-ոզա ըսուեցաւ: 12Եւ Դաւիթ այն օրը Աստուծմէ վախցաւ, ու ըսաւ, Աստուծոյ տապանակը ի՜նչպէս քովս բերեմ: 13Ու Դաւիթ տապանակը իր քով, Դաւիթի քաղաքը, չբերաւ. հապա զանիկա Գեթացի Աբդեդօմի տունը խոտորցուց: 14Եւ Աստուծոյ տապանակը Աբդեդօմի քով անոր տանը մէջ երեք ամիս մնաց. ու Տէրը Աբդեդօմի տունը ու անոր բոլոր ստացուածքը օրհնեց:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)