Առաջին Մնացորդաց գիրք
15
Պատրաստութիւն՝ տապանակ ուխտին փոխադրելու
1Եւ անիկա իրեն համար Դաւիթի քաղաքին մէջ տուներ շինեց, ու Աստուծոյ տապանակին համար տեղ մը պատրաստեց, և անոր համար վրան մը կանգնեց: 2Այն ատեն Դաւիթ ըսաւ, Աստուծոյ տապանակը վերցնել ուրիշ մէկուն օրինաւոր չէ, բայց միայն Ղեւտացիներուն. քանզի Տէրը զանոնք ընտրեց որ Աստուծոյ տապանակը վերցնեն, ու յաւիտեան անոր ծառայութիւն ընեն: 3Եւ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլը Երուսաղէմի մէջ ժողվեց, որպէս զի Տէրոջը տապանակը անոր համար պատրաստուած տեղը հանէ: 4Ու Դաւիթ Ահարոնի որդիները ու Ղեւտացիները ժողվեց. 5Կահաթի որդիներէն Ուրիէլ իշխանը ու անոր եղբայրները հարիւր քսան հոգի. 6Մերարիի որդիներէն Ասայիա իշխանը ու անոր եղբայրները երկու հարիւր քսան հոգի. 7Գերսոնի որդիներէն Յովէլ իշխանը ու անոր եղբայրները հարիւր երեսուն հոգի. 8Եղիսափանի որդիներէն Սեմայիա իշխանը ու անոր եղբայրները երկու հարիւր հոգի. 9Քեբրոնի որդիներէն Եղիէլ իշխանը ու անոր եղբայրները ութսուն հոգի. 10Ոզիէլի որդիներէն Ամինադաբ իշխանը ու անոր եղբայրները հարիւր տասուերկու հոգի: 11Եւ Դաւիթ Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները, ու Ղեւտացիներէն Ուրիէլը, Ասայիան, Յովէլը, Սեմայիան, Եղիէլը ու Ամինադաբը կանչեց, 12Եւ անոնց ըսաւ, Դուք Ղևտացւոց տոհմերուն իշխաններն էք. ուստի դուք ու ձեր եղբայրները սրբուեցէք, որպէս զի Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տապանակը հանէք այն տեղը` զոր ես անոր համար պատրաստեր եմ: 13Վասն զի դուք առաջին անգամին հոն չգտնուելնուդ համար, մեր Տէր Աստուածը մեր մէջ հարուած ըրաւ, քանզի զանիկա կանոնաւոր կերպով չխնդրեցինք: 14Եւ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տապանակը հանելու համար քահանաները ու Ղեւտացիները սրբուեցան: 15Ու Ղևտացւոց որդիները Աստուծոյ տապանակը ձողերովը իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին, ինչպէս Մովսէս Տէրոջը խօսքովը պատուիրեր էր: 16Եւ Դաւիթ Ղևտացւոց իշխաններուն պատուիրեց որ իրենց եղբայրներէն` նուագարաններով, տաւիղներով, քնարներով ու ծնծղաներով երգեցողները կայնեցնեն, որպէս զի ուրախութեան ձայներ վերցնելով հնչեցնեն: 17Ուստի Ղեւտացիները Յովէլի որդին Եմանը, և անոր եղբայրներէն Բարաքիայի որդին Ասափը, ու անոնց եղբայրներէն Մերարիի որդիներէն Կիսեայի որդին Եթանը կայնեցուցին. 18Եւ անոնց հետ երկրորդ դասէն, անոնց եղբայրները, դռնապանները, Զաքարիան, Բենը, Յազիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Ուննին, Եղիաբը, Բանեան, Մաասիան, Մատաթիան, Եղիփաղէն, Մակենիան, Աբդեդօմը ու Յէիէլը: 19Արդ Եման, Ասափ ու Եթան երգեցողները պղնձէ ծնծղաներ կը զարնէին: 20Եւ Զաքարիա, Ազիէլ, Սեմիրամովթ, Յեքիէլ, Ուննի, Եղիաբ, Մաասիա ու Բանեա տաւիղներով Ալամօթի եղանակին վրայ էին: 21Եւ Մատաթիա, Եղիփաղէ, Մակենիա, Աբդեդօմ, Յէիէլ ու Ազազիա քնարներով Շէմինիթի եղանակով կ’առաջնորդէին: 22Եւ Քոնոնիա Ղեւտացիներուն երգեցողութեան առաջնորդը ըլլալով` զանոնք երգելու կը վարժէր, որովհետև հանճարեղ էր: 23Ու Բարաքիա ու Եղկանա տապանակին դռնապաններն էին: 24Եւ Սաբանիա ու Յովսափատ և Նաթանայէլ ու Ամեսայի և Զաքարիա ու Բանեա ու Եղիազար, քահանաները, Աստուծոյ տապանակին առջև փողեր կը հնչեցնէին. և Աբդեդօմ ու Յէիա տապանակին դռնապաններն էին:
Տապանակ ուխտին Երուսաղէմ կը փոխադրուի
25Այսպէս Դաւիթ և Իսրայէլի ծերերը ու հազարապետները Տէրոջը ուխտին տապանակը Աբդեդօմի տունէն ուրախութեամբ հանելու գացին: 26Ու երբ Աստուած Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն օգնութիւն ըրաւ, եօթը զուարակ ու եօթը խոյ զոհ ըրին: 27Եւ Դաւիթ բեհեզէ պատմուճան հագեր էր. նոյնպէս ալ տապանակը վերցնող բոլոր Ղեւտացիները ու երգեցողները ու երգեցողներուն երգոց իշխանը Քոնոնիա. և Դաւիթի վրայ քթանէ եփուտ կար: 28Ու բոլոր Իսրայէլ Տէրոջը ուխտին տապանակը ուրախութեան աղաղակով, շեփորի ձայնով, փողերով ու ծնծղաներով, տաւիղներ ու քնարներ զարնելով վեր կը հանէին: 29Ու երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը մինչև Դաւիթի քաղաքը եկաւ, Սաւուղի աղջիկը Մեղքող պատուհանէն նայեցաւ, ու Դաւիթ թագաւորին կաքաւելը ու խաղալը տեսնելով` զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց: