Առաջին Մնացորդաց գիրք
18
Դաւիթին զինուորական յաղթանակները
1Անկէ ետև Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք նուաճեց, և Գէթը ու անոր գեղերը Փղշտացւոց ձեռքէն առաւ: 2Ետքը Մովաբը զարկաւ, ու Մովաբացիք Դաւիթի հարկատու ծառաներ եղան: 3Եւ Դաւիթ Սուբայի Ադրազար թագաւորը Եմաթի կողմերը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելու կ’երթար: 4Եւ Դաւիթ անկէ հազար կառք ու եօթը հազար ձիաւոր ու քսան հազար հետևակ զօրք բռնեց. և Դաւիթ բոլոր կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց, ու անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց*: 5Եւ Դամասկոսի Ասորիները Սուբայի թագաւորին Ադրազարի օգնութիւն ընելու եկան. ու Դաւիթ Ասորիներէն քսանուերկու հազար մարդ զարկաւ: 6Եւ Դաւիթ Դամասկոսի Ասորւոց մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ, ու Ասորիները Դաւիթի հարկատու ծառայ եղան. ու Դաւիթ ուր որ կ’երթար` Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար: 7Եւ Դաւիթ Ադրազարի ծառաներուն վրայ եղող ոսկիէ վահանները առաւ, ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ: 8Եւ Ադրազարի քաղաքներէն, Տեբաթէ ու Քունէ, Դաւիթ խիստ շատ պղինձ առաւ. անկէ շինեց Սողոմոն պղնձէ ծովը ու սիւները ու պղնձէ գործիքները: 9Ու Եմաթի թագաւորը Թովու երբ լսեց որ Դաւիթ Սուբայի Ադրազար թագաւորին բոլոր զօրքերը ջարդեր է, 10Իր որդին Ադորամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէս զի անոր բարև ընէ ու զանիկա օրհնէ*, Ադրազարի դէմ պատերազմ ընելուն ու զանիկա զարնելուն համար. (քանզի Ադրազար Թովուի հետ պատերազմներ կ’ընէր.) ու անոր ամէն տեսակ ոսկիէ, արծաթէ ու պղնձէ անօթներ ղրկեց: 11Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջը նուիրեց` այն արծաթով ու ոսկիով մէկտեղ, զոր ամէն ազգերէն, Եդովմէ, Մովաբէ, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն ու Ամաղէկէ առեր էր: 12Եւ Շարուհեայի որդին Աբեսսա Աղի ձորին մէջ տասնըութ հազար Եդովմայեցի զարկաւ: 13Ու Եդովմի մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ, ու բոլոր Եդովմայեցիք Դաւիթի ծառայ եղան. ու Դաւիթ ուր որ կ’երթար, Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար: 14Եւ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ, ու իր բոլոր ժողովուրդին իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընէր: 15Եւ Շարուհեայի որդին Յովաբ զօրքերուն վրայ էր. ու Աքիղուդի որդին Յովսափատ յիշատակաց դպիր էր. 16Եւ Աքիտովբի որդին Սադովկ ու Աբիաթարի որդին Աբիմելէք քահանաներ էին. և Սուսա ատենադպիր էր. 17Ու Յովիադայի որդի Բանեա Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր. և Դաւիթի որդիները թագաւորին քով նախարարներ էին: