Առաջին Մնացորդաց գիրք
19
Դաւիթ Ամմոնացիներուն և Ասորիներուն կը յաղթէ
1Եւ անկէ ետքը Ամմոնի որդւոց թագաւորը Նաաս մեռաւ, ու անոր տեղ անոր որդին թագաւոր եղաւ: 2Եւ Դաւիթ ըսաւ, Նաասի որդւոյն Անոնի մարդասիրութիւն ընեմ, քանզի անոր հայրը ինծի մարդասիրութիւն ըրաւ. ու Դաւիթ դեսպաններ ղրկեց որպէս զի զանիկա իր հօրը վրայով մխիթարեն. ու Դաւիթի ծառաները Ամմոնի որդիներուն երկիրը Անոնի գացին, զանիկա մխիթարելու համար: 3Եւ Ամմոնի որդիներուն իշխանները Անոնի ըսին, Միթէ Դաւիթ քու հայրդ քու առջևդ պատուելո՞ւ համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց. միթէ անոր ծառաները այս երկիրը քննելու, տակնուվրայ ընելու ու լրտեսելու համար չեկա՞ն քեզի: 4Եւ Անոն Դաւիթի ծառաները բռնեց, ու զանոնք ածիլեց, և անոնց հանդերձներուն ալ կէսը մինչև նստոյ տեղը կտրել տուաւ, և այնպէս ղրկեց զանոնք: 5Ու գացին այն մարդոց գլուխը եկածը Դաւիթի պատմեցին. ան ալ զանոնք դիմաւորելու մարդ ղրկեց, քանզի այն մարդիկը շատ անարգուեր էին. ու թագաւորը ըսաւ, Երիքովի մէջ նստէք մինչև որ մօրուքնիդ աճի, ու ետքը դարձէք: 6Եւ Ամմոնի որդիները տեսնելով որ Դաւիթի հետ աւրուեցան, Անոն ու Ամմոնի որդիները հազար տաղանդ արծաթ ղրկեցին, որպէս զի Միջագետաց Ասորիներէն ու Մաաքայի Ասորիներէն ու Սուբայէ վարձքով կառքեր ու ձիաւորներ բռնեն: 7Եւ անոնք իրենց վարձքով բռնեցին երեսունուերկու հազար կառք, ու Մաաքայի թագաւորը և անոր զօրքը, որոնք գացին Մեդաբայի առջև բանակեցան. Ամմոնի որդիներն ալ իրենց քաղաքներէն ժողվուեցան, ու պատերազմելու գացին: 8Ու երբ Դաւիթ զայս լսեց, Յովաբը ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց: 9Եւ Ամմոնի որդիները ելան ու քաղաքին դրանը առջև կարգաւ պատերազմի շարուեցան, ու օգնութեան եկող թագաւորները դաշտի մէջ զատ կայներ էին: 10Եւ Յովաբ երբ տեսաւ որ պատերազմը առջևէն ու ետևէն իր վրայ կը հասնի, Իսրայէլի բոլոր ընտրուած մարդոցմէ ընտրեց. ու Ասորւոց դէմ պատերազմի շարեց. 11Եւ մնացած զօրքը իր եղբօրը Աբեսսայի յանձնեց. ու անոնք Ամմոնի որդիներուն դիմաց շարուեցան: 12Եւ ըսաւ, Եթէ Ասորիները զիս յաղթելու ըլլան, ինծի օգնութեան հասնիս. ու եթէ Ամմոնի որդիները քեզ յաղթելու ըլլան, ես քեզի օգնութեան պիտի հասնիմ. 13Քաջասիրտ եղիր, ու մեր ժողովուրդին համար և մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժով պատերազմինք*. և Տէրը իր աչքին հաճոյ երևցածը թող ընէ: 14Ու Յովաբ իրեն հետ եղող զօրքով Ասորիներուն մօտեցաւ, որպէս զի անոնց դէմ պատերազմ ընէ. ու անոնք անոր առջևէն փախան: 15Եւ Ամմոնի որդիները Ասորւոց փախչիլը տեսնելով, իրենք ալ անոր եղբօրը Աբեսսայի առջևէն փախան, ու քաղաքը մտան: Եւ Յովաբ Երուսաղէմ եկաւ: 16Երբ Ասորիները տեսան որ իրենք Իսրայէլի առջև կոտրուեցան, դեսպաններ ղրկեցին, ու Գետին անդիի կողմը եղող Ասորիները ոտք հանեցին. և անոնց առջևէն Ադրազարի զօրագլուխը Սովբակ կ’երթար: 17Ու Երբ Դաւիթի պատմեցին, անիկա բոլոր Իսրայէլը ժողվելով` Յորդանանէ անցաւ, ու անոնց վրայ գնաց, և անոնց դէմ գունդեր շարեց. ու երբ Դաւիթ Ասորիները պատերազմով դիմաւորելու համար գունդեր շարեց, անոնք անոր հետ պատերազմ ըրին: 18Եւ Ասորիները Իսրայէլի առջևէն փախան. ու Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հազար կառքի զօրք, ու քառասուն հազար հետևակ զօրք կոտրեց, ու Սովբակ զօրագլուխն ալ մեռցուց: 19Եւ Ադրազարի ծառաները երբ տեսան որ Իսրայէլի առջև յաղթուեցան, Դաւիթի հետ հաշտութիւն ըրին, ու անոր ծառայ եղան. և Ասորիները անկէ ետքը Ամմոնի որդիներուն օգնել չուզեցին: