Առաջին Մնացորդաց գիրք
21
Դաւիթ մարդահամար կը կատարէ
1Եւ Սատանայ Իսրայէլի դէմ ելաւ, ու Դաւիթը դրդեց որ Իսրայէլը համրէ: 2Եւ Դաւիթ Յովաբի ու ժողովուրդին իշխաններուն ըսաւ, Գացէք, Իսրայէլը համրեցէք Բերսաբէէէ մինչև Դան, ու հաշիւը ինծի բերէք որպէս զի գիտնամ: 3Եւ Յովաբ ըսաւ, Տէրը, իր ժողովուրդը որչափ որ է, հարիւրապատիկ աւելցնէ. ով տէր իմ թագաւոր, միթէ անոնց ամէնը իմ տէրոջս ծառաները չե՞ն. իմ տէրս ինչո՞ւ այս բանը կը փնտռէ. ինչո՞ւ համար այս բանը Իսրայէլի յանցանքի պատճառ ըլլայ: 4Բայց երբ թագաւորին խօսքը Յովաբի վրայ սաստկացաւ, Յովաբ ելաւ ու բոլոր Իսրայէլի մէջ պտըտեցաւ, ու Երուսաղէմ եկաւ: 5Եւ Յովաբ ժողովուրդին համրանքին ցուցակը Դաւիթի տուաւ. ու Իսրայէլի ամէնը հազար անգամ հազար ու հարիւր հազար սուր քաշող մարդ էր, և Յուդա չորս հարիւր եօթանասուն հազար սուր քաշող մարդ էր: 6Սակայն Ղեւտացիները ու Բենիամինեանները անոնց մէջ չհամրեց, քանզի թագաւորին այս հրամանը Յովաբի զզուելի էր: 7Եւ այս բանին Աստուծոյ առջև գէշ երևնալուն համար Իսրայէլը զարկաւ. 8Ու Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ, Այս բանը ընելովս մեծ մեղք գործեցի. ու հիմա, կ’աղաչեմ, քու ծառայիդ մեղքը ներէ, քանզի մեծ յիմարութիւն ըրի: 9Եւ Տէրը Դաւիթի տեսանողին Գադի խօսեցաւ ու ըսաւ, 10Գնա ու Դաւիթի խօսէ` ըսելով, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ես քեզի երեք բան կ’առաջարկեմ. անոնցմէ մէկը ընտրէ որպէս զի քեզի ընեմ: 11Եւ Գադ Դաւիթի եկաւ ու անոր ըսաւ, 12Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ընտրէ քեզի` Կա՛մ երեք տարուան սով, կա՛մ երեք ամիս քու թշնամիներուդ երեսէն փախչիս, ու քու թշնամիներուդ սուրը քեզի հասնի, և կա՛մ երեք օր Տէրոջը սուրը, այսինքն ժանտախտ, ըլլայ երկրիս մէջ, ու Տէրոջը հրեշտակը Իսրայէլի բոլոր սահմաններուն մէջ կոտորած ընէ. և հիմա տես, զիս ղրկողին ի՞նչ պատասխան տանիմ: 13Ու Դաւիթ ըսաւ Գադի, Խիստ մեծ նեղութեան մէջ եմ. հիմա Տէրոջը ձեռքը իյնամ, քանզի անոր գթութիւնը խիստ շատ է, ու մարդու ձեռք չիյնամ: 14Եւ Տէրը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ ղրկեց, ու Իսրայէլէ եօթանասուն հազար մարդ ինկաւ: 15Եւ Աստուած հրեշտակ մը ղրկեց Երուսաղէմ, որպէս զի զանիկա կորսնցնէ. ու երբ կը կորսնցնէր, Տէրը նայեցաւ ու այս չարիքին վրայ սիրտը իջաւ, և կոտորած ընող հրեշտակին ըսաւ, Հերիք է, ալ ձեռքդ քաշէ. ու Տէրոջը հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնայի կալին քով կայներ էր: 16Եւ Դաւիթ իր աչքերը վերցուց ու Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, որ երկրի ու երկինքի մէջտեղ կայներ էր, ու ձեռքը մերկ սուր մը կար, զոր Երուսաղէմի վրայ երկնցուցեր էր. այն ատեն Դաւիթ ու ծերերը քուրձեր հագած` երեսնուն վրայ ինկան: 17Եւ Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ, Ահա ե՛ս պատուիրեցի որ ժողովուրդը համրեն, ու ե՛ս եմ որ մեղանչեցի ու մեծ չարութիւն ըրի. բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին. ով Տէր Աստուած իմ, քու ձեռքդ իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ ըլլայ. բայց քու ժողովուրդիդ վրայ չըլլայ զանիկա բնաջինջ ընելու համար*: 18Եւ Տէրոջը հրեշտակը Գադի ըսաւ, Դաւիթի ըսես որ ելլէ, ու Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ Տէրոջը սեղան մը կանգնէ: 19Եւ Դաւիթ վեր ելաւ` Գադի Տէրոջը անունովը ըսած խօսքին համեմատ: 20Ու Ոռնա դարձաւ ու հրեշտակը տեսաւ, և իր չորս որդիները իրեն հետ պահուեցան. (քանզի Ոռնա ցորեն կը ծեծէր:) 21Ու Դաւիթ Ոռնայի եկաւ. և Ոռնա նայեցաւ, ու Դաւիթը տեսնելով` կալէն ելաւ, ու երեսը մինչև գետինը Դաւիթի խոնարհութիւն ըրաւ: 22Այն ատեն Դաւիթ Ոռնայի ըսաւ, Այս կալին տեղը ինծի տուր, որպէս զի հոն Տէրոջը սեղան մը շինեմ, (զանիկա լեցուն գնով տուր ինծի,) ու ժողովուրդին վրայէն հարուածը վերնայ: 23Եւ Ոռնա Դաւիթի ըսաւ, Զանիկա քեզի առ, ու իմ տէրս թագաւորը իր աչքին աղէկ երևցածը թող ընէ. ահա եզները ողջակէզի համար, ու կամնասայլները փայտի համար, ու ցորենը հացի ընծայի համար կու տամ, ամէնն ալ կու տամ: 24Եւ Դաւիթ թագաւորը Ոռնայի ըսաւ, Ոչ, հապա զանոնք անշուշտ լեցուն գնով ծախու պիտի առնեմ. քանզի քուկդ եղածը Տէրոջը համար պիտի չառնեմ, ոչ ալ ձրի առածս ողջակէզ մատուցանեմ: 25Ու Դաւիթ այն տեղին համար կշիռքով վեց հարիւր սիկղ ոսկի տուաւ Ոռնայի: 26Եւ Դաւիթ հոն Տէրոջը սեղան շինեց, ու անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուց, և Տէրոջը աղաղակեց. ու երկինքէն կրակով ողջակէզի սեղանին վրայ անոր պատասխան տուաւ: 27Եւ Տէրը հրեշտակին խօսեցաւ, ու անիկա սուրը իր պատեանը դարձուց: 28Այն ատեն Դաւիթ տեսնելով որ Տէրը Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ իրեն պատասխան տուաւ, այն տեղը զոհեր մատուց: 29Իսկ Մովսէսի` անապատին մէջ շինած Տէրոջը խորանը ու ողջակէզի սեղանը այն ատեն Գաբաւոնի բարձր տեղն էր. 30Բայց Դաւիթ Աստուծոյ հարցնելու համար չկրցաւ անոր առջև երթալ, քանզի Տէրոջը հրեշտակին սուրին երեսէն վախցաւ: