Առաջին Մնացորդաց գիրք

22

Տաճարին շինութեան պատրաստութիւններ

1Եւ ըսաւ, Ասիկա է Տէր Աստուծոյն տունը, ու ասիկա է Իսրայէլի ողջակէզին սեղանը: 2Եւ Դաւիթ հրամայեց որ Իսրայէլի երկրին մէջ գտնուող օտարազգիները ժողվեն. ու Աստուծոյ տունը շինելու համար քարահատներ դրաւ, որպէս զի տաշուած քարեր պատրաստեն: 3Եւ Դաւիթ դրան փեղկերուն բևեռներուն համար ու շրջանակներուն համար խիստ շատ երկաթ պատրաստեց, և այնչափ շատ պղինձ` որ կշիռքի չէր գար. 4Ու պատրաստած եղևնափայտին համրանքը չկար, քանզի Սիդոնացիք և Տիւրացիք Դաւիթի շատ եղևնափայտեր կը բերէին: 5Եւ Դաւիթ ըսաւ, Իմ որդիս փափուկ տղայ մըն է, ու Տէրոջը շինուելու տունը մեծ, բարձր, ու ամէն երկիրներու մէջ անուանի ու փառաւոր պիտի ըլլայ, հիմա անոր համար պատրաստութիւն տեսնեմ. և Դաւիթ իր մեռնելէն առաջ խիստ շատ պատրաստութիւն տեսաւ: 6Ետքը իր որդին Սողոմոնը կանչեց, ու անոր պատուիրեց որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն շինէ: 7Ու Դաւիթ Սողոմոնի ըսաւ, Որդեակ իմ, սրտիս մէջ ունեցայ որ իմ Տէր Աստուծոյս անուանը տուն շինեմ. 8Բայց Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ` ըսելով, Դուն շատ արիւն թափեցիր ու մեծ պատերազմներ ըրիր. դուն իմ անուանս տուն պիտի չշինես, քանզի իմ առջևս գետնի վրայ շատ արիւն թափեցիր. 9Ահա քեզի որդի մը պիտի ծնանի, անիկա հանգÁստութեան մարդ պիտի ըլլայ. և զանիկա իր ամէն շրջակայ թշնամիներէն պիտի հանգչեցնեմ. քանզի անոր անունը Սողոմոն պիտի ըլլայ, ու անոր օրերուն մէջ Իսրայէլի խաղաղութիւն ու հանդարտութիւն պիտի տամ: 10Անիկա իմ անուանս տուն պիտի շինէ. ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ, ու ես անոր պիտի ըլլամ. և անոր թագաւորութեան աթոռը Իսրայէլի մէջ յաւիտեան պիտի հաստատեմ: 11Ուրեմն, որդեակ իմ, Տէրը քեզի հետ ըլլայ, ու յաջողութիւն գտնես և քու Տէր Աստուծոյդ տուն շինես, ինչպէս քեզի համար խօսեցաւ: 12Միայն թէ Տէրը քեզի իմաստութիւն ու հանճար տայ, և քեզ Իսրայէլի վրայ հաստատէ, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ օրէնքը պահես: 13Այն ատեն յաջողութիւն կը գտնես, երբ զգուշութեամբ ի գործ դնես այն կանոնները ու դատաստանները, զորոնք Տէրը Մովսէսի պատուիրեց Իսրայէլի համար. զօրացիր ու քաջասիրտ եղիր, մի վախնար ու մի զարհուրիր: 14Եւ ահա ես իմ նեղութիւններուս մէջ* Տէրոջը տանը համար` հարիւր հազար տաղանդ ու հազար անգամ հազար տաղանդ արծաթ պատրաստեցի. իսկ պղինձը ու երկաթը շատութեանը համար կշիռքի չգար. փայտեր ու քարեր ալ պատրաստեցի, ու անոնց վրայ դուն ալ աւելցնես: 15Եւ դուն քու քովդ խիստ շատ արուեստաւորներ, քարահատներ, որմնադիրներ, հիւսեր ու ամէն գործի համար ամէն տեսակ վարպետ մարդիկ ունիս: 16Ոսկիին, արծաթին, պղնձին ու երկաթին համրանքը չկայ. ելիր ու այս գործին ձեռք զարկ*, ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ: 17Եւ Դաւիթ Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն պատուիրեց, որ իր որդւոյն Սողոմոնի ձեռնտու ըլլան. 18Ու ըսաւ, Ահա ձեր Տէր Աստուածը ձեզի հետ է, և անիկա ձեզ ամէն կողմանէ հանգստացուց. որովհետև այս երկրին բնակիչները իմ ձեռքս տուաւ, ու երկիրը Տէրոջը առջև ու անոր ժողովուրդին առջև նուաճեցաւ: 19Եւ հիմա ձեր սիրտը ու ձեր հոգին ձեր Տէր Աստուածը խնդրելու տուէք, ու ելէք Տէր Աստուծոյն սրբարանը շինեցէք, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը ու Աստուծոյ սուրբ անօթները Տէրոջը անուանը համար շինուած տունը տանիք:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981