Առաջին Մնացորդաց գիրք

23

1Եւ ծերացած ու օրերը լեցուած ըլլալով, իր որդին Սողոմոնը Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրաւ:

Ղեւտացիներուն գործը

2Եւ Իսրայէլի բոլոր իշխանները նաև քահանաները ու Ղեւտացիները ժողվեց: 3Ու Ղեւտացիները, այսինքն երեսուն տարեկանէն վեր եղող այր մարդիկը, մէկիկ մէկիկ համրուելով, անոնց թիւը երեսունըութ հազար էր: 4Եւ Դաւիթ ըսաւ, Ասոնցմէ քսանըչորս հազարը` Տէրոջը տանը գործին վրայ, ու վեց հազարը ոստիկաններ ու ըլլան, 5Ու չորս հազարը դռնապաններ, ու չորս հազարը օրհնելու համար շինած նուագարաններովս Տէրոջը օրհնիչներ ըլլան: 6Եւ Դաւիթ զանոնք բաժնեց, Ղևիի որդիներուն, Գերսոնի, Կահաթի ու Մերարիի դասակարգութիւնները որոշելով: 7Գերսոնեաններէն Ղադան ու Սեմէի էին. 8Ղադանի որդիները, առաջինը Յեքիէլ, ետքը Զեթամ ու Յովէլ, երեք էին: 9Սեմէիի որդիները, Սաղօմօթ, Ազիէլ ու Արան, երեք էին. ասոնք Ղադանի տոհմերուն իշխաններն էին: 10Եւ Սեմէիի որդիները Յեթ, Զիզա, Յեուս ու Բարիա էին. ասոնք, Սեմէիի որդիները, չորս էին: 11Եւ առաջինը Յեթ, ու երկրորդը Զիզա էր. բայց Յեուս ու Բարիա շատ որդիներ չունենալնուն համար մէկ ազգատոհմ համրուեցան: 12Կահաթի որդիները, Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ, չորս էին: 13Ամրամի որդիները ու էին. և Ահարոն ինք ու իր որդիները յաւիտեան որոշուեցան` ամենասուրբ բաներուն նուիրումը կատարելու, Տէրոջը առջև ծխելու, անոր ծառայութիւն ընելու ու անոր անունովը յաւիտեան օրհնելու համար: 14Եւ Աստուծոյ մարդուն Մովսէսի որդիները Ղևիի ցեղին հետ համրուեցան: 15Մովսէսի որդիները Գերսամ ու Եղիազար էին: 16Գերսամի որդիները, առաջինը Սուբայէլ էր. 17Ու Եղիազարի որդիները, առաջինը Հռաբիա էր. ու Եղիազար ուրիշ որդիներ չունէր. բայց Հռաբիայի որդիները խիստ շատցան: 18Իսահառի որդիները, առաջինը Սաղօմօթ էր: 19Քեբրոնի որդիները, առաջինը Յերիա, երկրորդը Ամարիա, երրորդը Յազիէլ, չորրորդը Յեկամամ էր: 20Ոզիէլի որդիները, առաջինը Միքա, երկրորդը Յեսիա էր: 21Մերարիի որդիները Մոողի ու Մուսի էին. Մոողիի որդիները Եղիազար ու Կիս էին: 22Ու Եղիազար մեռաւ. անիկա որդիներ չունէր, հապա միայն աղջիկներ ունէր. ու զանոնք իրենց եղբայրները, Կիսի որդիները, առին: 23Մուսիի որդիները, Մոողի, Եդեր ու Յերիմովթ, երեք էին: 24Ասոնք Ղևիի որդիներն էին իրենց ազգատոհմներուն համեմատ, ու անունով մէկիկ մէկիկ համրուած քսան տարեկանէն վեր` Տէրոջը տանը սպասաւորութիւնը կատարողներուն տոհմապետներն էին: 25Քանզի Դաւիթ ըսեր էր, Իսրայէլի Տէր Աստուածը իր ժողովուրդը հանգստացուց, ու յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակի. 26Ու Ղեւտացիք ալ խորանը ու անոր պաշտօնին ամէն անօթները` ալ այսուհետև պիտի չկրեն: 27Քանզի Դաւիթի վերջին խօսքերովը` Ղեւիի որդիներէն քսան տարեկանէն վեր եղողները համրուեցան. 28Որովհետև անոնց պաշտօնը` Տէրոջը տանը ծառայութեանը մէջ Ահարոնի որդիներուն օգնութիւն ընել, գաւիթներու ու սենեակներու վերակացու ըլլայ, բոլոր սուրբ բաները մաքրել, ու Աստուծոյ տանը ծառայութիւնը կատարել էր. 29Նաև առաջաւորութեան հացին, ու հացի ընծայի նաշիհին, և անխմոր լաւաշներուն, ու տապակի մէջ եփուած և տապկուած բաներուն, ու բոլոր չափերուն վերակացութիւնը ընել, 30Եւ ամէն առտու ու իրիկուն Տէրը օրհնելու ու գովելու համար ոտքի վրայ կայնիլ, 31Ու օրերը և ամսագլուխները ու մեծ տօներու մէջ Տէրոջը բոլոր ողջակէզները, իրենց թիւովը ու իրենց օրէնքովը, միշտ Տէրոջը առջև մատուցանել, 32Ու Տէրոջը տանը ծառայութեանը համար ժողովքի խորանին պահպանութիւնը, և սրբարանին պահպանութիւնը, ու իրենց եղբայրներուն, Ահարոնի որդիներուն, պահպանութիւնը ընել էր:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)