Առաջին Մնացորդաց գիրք

26

Տաճարին պահապանները

1Դռնապաններուն դասակարգութիւնները. Կորխեաններէն, Ասափի որդիներէն, Կովրէի որդին Մասեղամիա էր: 2Ու Մասեղամիայի որդիները, անդրանիկը Զաքարիա, երկրորդը Յեդիէլ, երրորդը Զաբադիա, չորրորդը Յաթնիէլ, 3Հինգերորդը Եղամ, վեցերորդը Յօհանան, եօթներորդը Եղիովէնայի էին: 4Եւ Աբդեդօմի որդիները, անդրանիկը Սեմայիա, երկրորդը Յովզաբադ, երրորդը Յովաք, չորրորդը Սաքար, հինգերորդը Նաթանայէլ, 5Վեցերորդը Ամիէլ, Եօթներորդը Իսաքար, ութերորդը Փեղաթի. քանզի զանիկա օրհներ էր: 6Ու անոր որդւոյն Սեմայիայի որդիներ ծնան, որոնք իրենց հօրը տանը իշխաններ եղան, քանզի անոնք զօրաւոր կտրիճներ էին: 7Սեմայիայի որդիները Ոթնի, Ռափայէլ, Ովբէդ, Եղզաբադ, Աքիով, Բենհայիլ*, Եղիուս ու Սամաքիա էին: 8Ասոնք ամէնը Աբդեդօմի որդիներէն էին, ու իրենք ու իրենց որդիները և իրենց եղբայրները, ծառայութեան համար զօրաւոր ու կտրիճ մարդիկ Աբդեդօմէ վաթսունուերկու էին: 9Եւ Մասեղամիա տասնըութ զօրաւոր որդիներ ու եղբայրներ ունէր: 10Ու Մերարիի որդիներէն Ուսա որդիներ ունէր. գլխաւորը Սամարի էր. քանզի թէպէտև անիկա անդրանիկ չէր, բայց անոր հայրը զանիկա գլուխ ըրաւ. 11Երկրորդը Քեղկիա, երրորդը Տաբաղիա, չորրորդը Զաքարիա էր. Ուսայի բոլոր որդիները ու եղբայրները տասուիրեք էին: 12Դռնապաններուն դասակարգութիւնները ասոնց տրուեցան իբրև գլխաւոր մարդոց, որպէս զի իրենց եղբայրներուն հետ պահպանութիւն ընելով` Տէրոջը տանը մէջ ծառայեն: 13Եւ պզտիկը ու մեծը հաւասարապէս վիճակ ձգեցին իրենց ազգատոհմներուն համեմատ` ամէն մէկ դրան համար: 14Եւ արևելեան կողմին վիճակը Սեղեմիայի ելաւ. ետքը անոր որդւոյն, խելացի ու խորհրդական Զաքարիայի, համար վիճակ ձգեցին, ու անոր վիճակը հիւսիսային կողմը ելաւ: 15Աբդեդօմի` հարաւային կողմը, ու անոր որդիներուն` Բեթասուփիմ: 16Սուփիմի և Ուսայի` արևմտեան կողմը ելաւ Սալեքեթի դրանը քով վեր ելլող ճամբուն վրայ. ու մէկ պահպանութիւնը միւս պահպանութեանը դիմաց էր: 17Արևելեան կողմը վեց Ղեւտացի, հիւսիսային կողմը օրը չորս, հարաւային կողմը օրը չորս, ու Ասուփիմի կողմը երկերկու էին: 18Փարպարի կողմը դէպ ի արևմուտք վեր ելլող ճամբան` չորս, ու Փարպար երկու դռնապան կար: 19Կորխեանց որդիներէն ու Մերարիի որդիներէն եղող դռնապաններուն դասակարգութիւնները ասոնք էին:

Տաճարին ուրիշ պարտականութիւններ

20Ու Ղեւտացիներէն` Աստուծոյ տանը գանձերուն ու նուիրական գանձերուն վրայ Աքիա էր: 21Գերսոնացի Ղադանի ազգատոհմներուն իշխաններէն, Գերսոնացի Ղադանի որդիներէն, Յեքիէլ էր: 22Յեքիէլի որդիները Զեթամ ու անոր եղբայրը Յովէլ Տէրոջը տանը գանձերուն վրայ էին: 23Ու Ամրամեաններէն, Իսահառեաններէն, Քեբրոնեաններէն ու Ոզիելեաններէն ասոնք էին. 24Մովսէսի որդւոյն Գերսամի որդին Սուբայէլ գանձերուն վերակացուն էր: 25Եւ անոր եղբայրները Եղիազարի որդիները. անոր որդին Հռափիա, անոր որդին Եսայի, անոր որդին Յովրամ, անոր որդին Զեքրի, ու անոր որդին Սաղօմօթ էր: 26Այս Սաղօմօթը ու անոր եղբայրները թագաւորին ու տոհմերու իշխաններուն ու հազարապետներուն և հարիւրապետներուն ու զօրաց իշխաններուն նուիրած ամէն սուրբ գանձերուն վրայ էին, 27Որոնք պատերազմներէն ու աւարէն Տէրոջը տանը շինութեանը* համար նուիրեր էին. 28Նաև տեսանողին ու Կիսեան Սաւուղի ու Ներեան Աբենների ու Շարուհեան Յովաբի նուիրած բոլոր նուէրները Սաղօմօթի ու անոր եղբայրներուն ձեռքին տակ էին:

Միւս ղեւտացիներուն պարտականութիւնները

29Իսահառեաններէն` Քոնոնիա ու անոր որդիները արտաքին գործերու համար, Իսրայէլի վրայ ոստիկաններ ու էին: 30Քեբրոնեաններէն` Ասաբիա ու անոր եղբայրները, հազար եօթը հարիւր զօրաւոր մարդիկ, Յորդանանու ասդիի կողմը դէպ ի արևմուտք, Տէրոջը ամէն գործին համար ու թագաւորին ծառայութեանը համար Իսրայէլի վրայ վերակացու էին: 31Քեբրոնեաններէն` Քեբրոնեաններուն ազգատոհմին իշխանը Յերիա էր. Դաւիթի թագաւորութեանը քառասներորդ տարին անոնք համրուեցան, ու Գաղաադու Յազերի մէջ անոնցմէ զօրաւոր կտրիճներ գտնուեցան: 32Եւ անոր եղբայրները երկու հազար եօթը հարիւր զօրաւոր մարդիկ ու տոհմերու իշխաններ էին. և Դաւիթ թագաւորը զանոնք Ռուբենեանց, Գադեանց ու Մանասեանց կէս ցեղին վրայ դրաւ` Աստուծոյ և թագաւորին ամէն գործին համար:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)