Առաջին Մնացորդաց գիրք

28

Դաւիթին հրահանգները տաճարին համար

1Եւ Իսրայէլի բոլոր իշխանները, ցեղերուն իշխանները ու թագաւորին ծառայութիւն ընող դասերուն իշխանները, և հազարապետները ու հարիւրապետները, և թագաւորին ու անոր որդիներուն բոլոր ստացուածքներուն ու ինչքերուն վերակացուները, ներքինիները, զօրաւորները ու զօրքին բոլոր կտրիճները Երուսաղէմի մէջ ժողվեց: 2Եւ Դաւիթ թագաւորը ոտքի վրայ կայնեցաւ, ու ըսաւ, Ով իմ եղբայրներս ու իմ ժողովուրդս, ինծի մտիկ ըրէք. Իմ սրտիս մէջ ունեցայ որ Տէրոջը ուխտի տապանակին, ու մեր Աստուծոյն ոտքերուն պատուանդանի համար հանգստեան մը շինեմ, ու շինելու պատրաստութիւն տեսայ. 3Բայց ինծի ըսաւ, Դուն իմ անուանս տուն պիտի չշինես, քանզի դուն պատերազմի մարդ ես ու շատ արիւն* թափեցիր: 4Եւ Իսրայէլի Տէր Աստուածը իմ հօրս բոլոր տունէն զիս ընտրեց, որպէս զի յաւիտեան Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլամ. քանզի առաջնորդը Յուդայէ, ու Յուդայի տունէն իմ հօրս տունը ընտրեց. ու իմ հօրս որդիներուն մէջէն ինծի հաւնեցաւ, որպէս զի զիս բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ընէ: 5Եւ իմ բոլոր որդիներէս, (որովհետև Տէրը ինծի շատ որդիներ տուաւ,) իմ որդիս Սողոմոնը ընտրեց, որպէս զի Իսրայէլի վրայ Տէրոջը թագաւորութեան աթոռը նստի. 6Ու ինծի ըսաւ, Քու որդիդ ` ինք պիտի շինէ իմ տունս ու իմ սրահներս, քանզի զանիկա ինծի որդի ընտրեցի, ու ես անոր պիտի ըլլամ. 7Եւ անոր թագաւորութիւնը յաւիտեան պիտի հաստատեմ, եթէ այսօրուան պէս իմ հրամաններս ու դատաստաններս ի գործ դնելու մէջ յարատևէ: 8Ու հիմա բոլոր Իսրայէլի` Տէրոջը ժողովքին առջև ու մեր Աստուծոյն լսելովը ձեզի կ’ըսեմ, Ձեր Տէր Աստուծոյն բոլոր պատուիրանքները պահեցէք ու զգուշութեամբ սորվեցէք, որպէս զի այս երկիրը ժառանգէք, ու ձեզմէ ետքը ձեր որդիներուն ժառանգութիւն թողուք յաւիտեան: 9Եւ դուն, որդեակ իմ Սողոմոն, քու հօրդ Աստուածը ճանչցիր, ու անոր կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ըրէ. քանզի Տէրը ամէն սիրտերը կը քննէ, ու ամէն մտաց խորհուրդները կը ճանչնայ. եթէ զանիկա փնտռես` պիտի գտնես*, և եթէ զանիկա թողուս` ան ալ քեզ յաւիտեան պիտի մերժէ: 10Հիմա նայէ որ Տէրը քեզ ընտրեց իր սրբարանին համար տուն մը շինելու. զօրացիր ու այս գործը կատարէ: 11Եւ Դաւիթ իր որդւոյն Սողոմոնի` սրահին, ու անոր սենեակներուն, և անոր գանձարաններուն, ու անոր վերնատուններուն, և անոր ներքին շտեմարաններուն ու քաւութիւնին տանը գաղափարը տուաւ. 12Եւ Հոգիին ազդեցութիւնովը իրեն յայտնուած* բոլոր բաներուն` Տէրոջը տանը գաւիթներուն, ու բոլորտիքը եղող ամէն սենեակներուն, և Աստուծոյ տանը շտեմարաններուն, ու նուիրուած բաներուն գանձարաններուն գաղափարը տուաւ. 13Նաև քահանաներուն ու Ղևտացւոց դասակարգութիւններուն համար, ու Տէրոջը տանը պաշտօնին ամէն գործին համար, և Տէրոջը տանը ծառայութեանը ամէն անօթներուն համար պատուէր տուաւ. 14Ու ամէն պաշտօններուն ամէն անօթներուն կշիռքը, ու ամէն արծաթէ անօթներուն ու ամէն պաշտօնի անօթներուն ալ կշիռքը, 15Եւ ամէն ոսկիէ աշտանակներուն ու անոնց ամէն ոսկիէ ճրագներուն կշիռքը, և ամէն արծաթէ աշտանակին ու անոր ճրագներուն, ամէն մէկ աշտանակին գործածութեանը համեմատ կշիռքը տուաւ. 16Եւ առաջաւորութեան սեղաններուն ամէն մէկ սեղանին համար ոսկիին կշիռքը, ու արծաթէ սեղաններուն համար արծաթին կշիռքը, 17Եւ մաքուր ոսկիէ մսահաններուն ու կոնքերուն և բաժակներուն ու ոսկիէ տաշտերուն համար` ամէն մէկ տաշտին կշիռքը, և արծաթէ տաշտերուն համար ամէն մէկ տաշտին կշիռքը որոշեց. 18Ու խունկի սեղանին համար կշիռքով մաքուր ոսկի, և իրենց թևերը տարածող ու Տէրոջը ուխտին տապանակը ծածկող քերովբէներուն կառքին գաղափարին համար ոսկի որոշեց: 19Այս բոլոր բաները, այս գաղափարին բոլոր գործերը, Տէրը իր ձեռքին գրովը ինծի յայտնեց` ըսաւ: 20Եւ Դաւիթ իր որդւոյն Սողոմոնի ըսաւ, Զօրացիր ու քաջասիրտ եղիր, ու այս գործը կատարէ. մի վախնար ու մի զարհուրիր, քանզի Տէր Աստուած, իմ Աստուածս, քեզի հետ է. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ, մինչև որ Տէրոջը տանը ծառայութեանը բոլոր գործերը լմնցնես: 21Եւ ահա քահանաներուն ու Ղևտացւոց դասերը Աստուծոյ տանը բոլոր ծառայութեանը համար են. ու ամէն ծառայութեան համար` ամէն գործի մէջ ամէն յօժարակամ իմաստունները քեզի հետ են. և իշխանները ու բոլոր ժողովուրդը քու ամէն հրամանիդ կը նային:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981