Առաջին Մնացորդաց գիրք

5

1Եւ Իսրայէլի անդրանկան Ռուբէնի որդիները. (քանզի անդրանիկը անիկա էր. բայց իր հօրը անկողինը պղծելուն համար` իր անդրանկութեան իրաւունքը Իսրայէլի որդւոյն Յովսէփի որդիներուն տրուեցաւ. ու ազգահամարին մէջ անդրանիկի պէս չդրուեցաւ: 2Իսկ Յուդա իր եղբայրներէն զօրաւոր եղաւ, ու անկէ իշխաններ ելան, բայց անդրանկութեան իրաւունքը Յովսէփին էր:) 3Իսրայէլի անդրանկան Ռուբէնի որդիները Ենովք, Փաղղուս, Եսրոն ու Քարմի էին: 4Յովէլի որդիները. անոր որդին Սեմայիա, անոր որդին Գոգ, անոր որդին Սեմէի, 5Անոր որդին Միքա, անոր որդին Ռէայիա, անոր որդին Բաաղ, 6Անոր որդին Բէերա, զոր Ասորեստանի Թագղաթ-փաղասար թագաւորը գերի տարաւ. անիկա Ռուբենեանց իշխանն էր: 7Եւ անոր եղբայրները իրենց տոհմերովը երբ ազգահամարին մէջ գրուեցան, անոնց գլխաւորը Յէիէլ էր, ետքը Զաքարիա, 8Եւ Յովէլի որդւոյն Սեմայի որդւոյն Ազազի որդին Բաղա. ասիկա Արոէրի մէջ, ու անկէ մինչև Նաբաւ ու Բէէլմօն բնակեցաւ. 9Եւ արևելեան կողմը` Եփրատ գետէն մինչև անապատը բնակեցաւ, քանզի անոնց անասունները Գաղաադու երկրին մէջ շատցեր էին: 10Ու Սաւուղի օրերը անոնք ըրին Հագարացւոց հետ, որոնք իրենց ձեռքը ինկան. ու Գաղաադու բոլոր արեւելեան կողմերը` անոնց վրաններուն մէջ բնակեցան:

Գադին սերունդը

11Եւ Գադի որդիները ասոնց դիմաց Բասանու երկրին մէջ բնակեցան մինչև Սելքա. 12Գլխաւորը Յովէլ, ու երկրորդը Սափամ, ետքը Յանայի, ու Սափատ` Բասանի մէջ: 13Եւ անոնց եղբայրները իրենց ազգատոհմներուն համեմատ` Միքայէլ, Մեսուղամ, Սաբէէ, Յովրէ, Յաքան, Զիա ու Եբեր` եօթն էին: 14Ասոնք Բուզի որդւոյն Յակդովի որդւոյն Յեսիսայի որդւոյն Միքայէլի որդւոյն Գաղաադի որդւոյն Յարսայի որդւոյն Հուրիի որդւոյն Աբիքելի որդիներն էին: 15Անոնց ազգատոհմներուն իշխանը Գունիի որդւոյն Աբդիէլի որդին Աքի էր: 16Եւ անոնք Գաղաադու մէջ, Բասանի ու անոր գիւղաքաղաքներուն մէջ, ու Սարօնի բոլոր արուարձաններուն մէջ` մինչև անոնց սահմանները բնակեցան: 17Ամէն ասոնք Յուդայի Յովաթամ թագաւորին օրերը, ու Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին օրերը ազգահամարին մէջ գրուեցան:

Արևելեան ցեղերուն բանակները

18Ռուբէնի որդիները ու Գադեանք ու Մանասէի կէս ցեղը` քառասունըչորս հազար եօթը հարիւր վաթսուն զօրաւոր, վահան ու սուր կրող, և աղեղ քաշող, պատերազմ սորված, ու պատերազմի ելլող մարդիկ էին: 19Եւ անոնք Հագարացւոց, Յետուրացւոց, Նափեսացւոց ու Նոդարացւոց հետ պատերազմ ըրին, 20Եւ անոնց յաղթեցին. ու Հագարացիք և բոլոր անոնց հետ եղողները անոնց ձեռքը տրուեցան. քանզի անոնք պատերազմի մէջ Աստուծոյ աղաղակեցին, ու անոնց լսեց, վասն զի անոր ապաւինեցան: 21Եւ անոնց անասունները, յիսուն հազար ուղտ, ու երկու հարիւր յիսուն հազար ոչխար, ու երկու հազար էշ, և հարիւր հազար մարդ գերի ըրին. 22(Քանզի շատերը մեռած ինկան. վասն զի այս պատերազմը Աստուծմէ էր.) ու մինչև գերութիւնը անոնց տեղը բնակեցան:

Արևելեան Մանասէին ժողովուրդը

23Եւ Մանասէի որդիներուն կէս ցեղը այն երկրին մէջ բնակեցան, Բասանէ մինչև Բաաղհերմոն, Սանիր ու Հերմոն լեռը, քանզի բազմաթիւ էին: 24Եւ անոնց ազգատոհմներուն իշխանները ասոնք էին. Ափէր, Յեսսի, Եղիէլ, Եզրիէլ, Երեմիա, Ովդուիա ու Յաքդիէլ, որոնք զօրաւոր, քաջ ու անուանի մարդիկ էին, ու իրենց ազգատոհմներուն իշխաններն էին:

Արևելեան ցեղերը տարագրուեցան

25Եւ իրենց հայրերուն Աստուծոյն դէմ ապստամբեցան, ու այն երկրին ազգերուն աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկեցան, զորոնք անոնց առջևէն բնաջինջ ըրած էր: 26Եւ Իսրայէլի Աստուածը Ասորեստանի Փուղ թագաւորին հոգին ու Ասորեստանի Թագղաթ-փաղասար թագաւորին հոգին գրգռեց, ու Ռուբենեանները, Գադեանները ու Մանասէի կէս ցեղը գերի ըրաւ, և զանոնք Քաղա ու Քաբովր ու Հարա ու Գովզան գետը տարաւ մինչև այսօր:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981