Ա Կորնթացիս

6

Դատեր եղբայրներու դէմ

1Ձեզմէ մէկը, եթէ բան մը ունենայ իր ընկերին հետ, կը համարձակի՞ անիրաւներուն առջև դատուիլ, ու ոչ թէ սուրբերուն առջև: 2Չէ՞ք գիտեր որ սուրբերը պիտի դատեն աշխարհը. ու եթէ ձեզմէ կը դատուի, ուրեմն արժանի չէ՞ք դուք չնչին դատեր որոշելու: 3Չէ՞ք գիտեր որ մենք պիտի դատենք. ո՞ւր կը մնան հապա աշխարհային բաները: 4Ուրեմն եթէ ձեր մէջ աշխարհային դատեր ունիք, եկեղեցիին անարգները ձեզի դատաւոր դրէք: 5Ձեզ ամչցնելու համար կը զրուցեմ. այնչափ եղաւ որ ձեր մէջ իմաստուն մը չկա՞յ, որ կարող ըլլայ իրաւունքը որոշել իր եղբայրներուն մէջ. 6Հապա եղբօր հետ դատի կը մտնէ, այն ալ անհաւատներուն առջև: 7Արդարև բոլորովին յանցանք մըն է այս ձեր մէջ, որ իրարու հետ դատեր ունիք. ինչո՞ւ մանաւանդ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր. ինչո՞ւ մանաւանդ դուք զրկանք չէք քաշեր: 8Հապա դուք անիրաւութիւն ու զրկանք կ’ընէք, և այն ալ եղբայրներուն: 9Չէ՞ք գիտեր որ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն. մի խաբուիք. ոչ պոռնիկները, ոչ կռապաշտները, ոչ շնացողները, 10Ոչ իգացեալները, ոչ արուագէտները, ոչ գողերը, ոչ ագահները, ոչ գինովները, ոչ նախատողները ու ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն: 11Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիններ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսի անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը:

Ձեր մարմինները Աստուծոյ փառքին համար գործածեցէք

12Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ոչ թէ ամէն բան օգտակար. ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ես բանի մը իշխանութեան տակ պիտի չըլլամ: 13Կերակուրները փորին համար են, փորն ալ կերակուրներուն. բայց զայս ալ, զանոնք ալ պիտի խափանէ: Իսկ մարմինը պոռնկութեան համար չէ, հապա Տէրոջը, ու Տէրը` մարմինին համար: 14Եւ Աստուած որ Տէրը յարուց, մեզ ալ պիտի յարուցանէ իր զօրութիւնովը: 15Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են. ուստի Քրիստոսի անդամները առնելով` պոռնիկի անդամնե՞ր ընեմ. քա°ւ լիցի: 16Չէ՞ք գիտեր թէ ան որ պոռնիկի կը մօտենայ, անոր հետ մէկ մարմին կ’ըլլայ. քանզի գիրքը կ’ըսէ, Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան: 17Իսկ ան որ Տէրոջը կը մօտենայ, անոր հետ մէկ կ’ըլլայ: 18Պոռնկութենէ փախէք. ամէն զոր մարդ կը գործէ, իր մարմինէ դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկի, իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ: 19Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները են Սուրբ Հոգիին որ ձեր մէջ է, զոր Աստուծմէ ունիք, ու դուք ձեր անձին տէրը չէք. 20Քանզի գնով ծախու առնուեցաք. ուստի փառաւորեցէք զԱստուած ձեր մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ են:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981