Ա Կորնթացիս

7

Ամուսնական հարցեր

1Արդ այն բաներուն համար որ դուք ինծի գրեցիք, աղէկ է մարդուս որ կնոջ չմօտենայ: 2Բայց պոռնկութիւնը արգիլելու համար ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ, ու ամէն իր այրը թող ունենայ: 3Այրը իր կնոջ թող պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ իր էրկան: 4Կինը իր մարմինին չիշխեր, հապա այրը. նոյնպէս այրն ալ իր մարմինին չիշխեր, հապա կինը: 5Մէկզմէկ մի զրկէք, եթէ ոչ` միաբանութեամբ ատեն մը, աղօթքի պարապելու համար, ու նորէն իրարու դարձէք, որպէս զի ëատանայ ձեզ չփորձէ ձեր անժուժկալութեան համար: 6Զայս կը զրուցեմ թոյլ տալով` և ոչ թէ հրամայելով: 7Քանզի կ’ուզէի որ ամէն մարդիկ ինծի պէս ըլլային. բայց ամէն մէկը իր պարգեւը ունի Աստուծմէ, մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս: 8Բայց չամուսնացածներուն ու որբևարիներուն կ’ըսեմ, Աղէկ է անոնց` եթէ ինծի պէս կենան: 9Հապա եթէ ժուժկալութիւն չունին` թող ամուսնանան, վասն զի աղէկ է ամուսնանալ քան թէ բորբոքիլ: 10Բայց ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ ոչ թէ ես, հապա Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի: 11(Իսկ եթէ զատուի ալ` առանց ամուսնանալու մնայ, կամ իր էրկան հետ հաշտուի,) ու այրը իր կինը թող չձգէ: 12Բայց ուրիշներուն ես կ’ըսեմ, ոչ թէ Տէրը. Եթէ մը անհաւատ կին ունենայ, ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա: 13Եւ կին մը որ անհաւատ այր ունենայ, ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա: 14Վասն զի անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը, և անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ` ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են: 15Իսկ եթէ անհաւատը զատուի` թող զատուի. եղբայր մը կամ քոյր մը այնպիսի պարագաներու մէջ գերի չէ. սակայն խաղաղութեան կանչեց մեզ: 16Քանզի ի՞նչ գիտես դուն, ով կին, թերևս քու այրդ պիտի ապրեցնես. կամ դուն ի՞նչ գիտես, ով այր, թերևս քու կինդ պիտի ապրեցնես:

Ապրէ՛, ինչպէս Աստուած կանչեց

17Միայն թէ ամէն մէկուն ինչպէս Տէրը բաժնեց, ամէն մէկը ինչպէս Աստուած կանչեց, այնպէս թող երթայ, ու ամէն եկեղեցիներուն մէջ ես այսպէս պատուէր կու տամ: 18Եթէ թլփատուած մէկը հաւատքի կանչուեցաւ, թող նորէն անթլփատ չըլլայ. չթլփատուածներէն մէկը կանչուեցաւ, թող չթլփատուի: 19Վասնզի թլփատութիւնը բան մը չէ, ու անթլփատութիւնը բան մը չէ. հապա Աստուծոյ պատուիրանքներուն պահպանութիւնը պէտք է: 20Բայց ամէն մէկը ի°նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ: 21Ծառա՞յ կանչուեցար, հոգ չըլլայ քեզի. բայց եթէ կրնաս ազատ ըլլալ, զայն ընտրէ: 22Վասն զի այն ծառան որ Տէրոջմով կանչուած է, Տէրոջը ազատացեալն է անիկա. նոյնպէս այն ազատը որ կանչուած է, Քրիստոսի ծառան է: 23Դուք գնով ծախու առնուեցաք, մարդոց ծառայ մի ըլլաք: 24Եղբայրներ, ամէն մէկը ի°նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ Աստուծոյ առջև:

Հարցեր կոյսերուն և այրիներուն

25Բայց կոյսերուն համար Տէրոջմէն հրաման մը չունիմ, միայն թէ Տէրոջմէն հաւատարիմ ըլլալու ողորմութիւն գտածի մը պէս խրատ կու տամ: 26Ուրեմն ես կը սեպեմ որ ասիկա աղէկ է հիմակուան նեղութեանը համար, այսինքն, աղէկ է մարդուս որ այսպէս ըլլայ: 27Կապուա՞ծ ես կնոջ, մի փնտռեր արձակուիլ. արձակուա՞ծ ես կնոջմէ, մի փնտռեր կին: 28Իսկ եթէ ամուսնանաս` չմեղանչեցիր, և եթէ կոյսը ամուսնանայ` չմեղանչեց. բայց այնպիսիները մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան. սակայն ես ձեզի կը խնայեմ: 29Բայց զայս կ’ըսեմ, եղբայրներ, որ ժամանակը կարճըցած է. ալ անոնք որ կին ունին` այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին, 30Եւ անոնք որ կու լան` որպէս թէ չեն լար, ու անոնք որ կը խնդան` որպէս թէ չեն խնդար, և անոնք որ ծախու կ’առնեն` որպէս թէ բան մը չունին, 31Եւ անոնք որ աշխարհս կը գործածեն` որպէս թէ գէշ կերպով չեն գործածեր. վասն զի այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի: 32Բայց ես կ’ուզեմ որ դուք անհոգ ըլլաք. վասն զի չամուսնացած մարդը Տէրոջը բաները կը հոգայ, թէ ի°նչպէս Տէրոջը հաճելի ըլլայ: 33Իսկ ամուսնացածը աշխարհիս բաները կը հոգայ, թէ ի°նչպէս իր կնոջ հաճելի ըլլայ: 34Եւ ամուսնացած կինը ու կոյսը կը տարբերին իրարմէ. վասն զի կոյսը Տէրոջը բաները կը հոգայ, որպէս զի ինք սուրբ ըլլայ հոգւով ու մարմնով. իսկ ամուսնացած կինը աշխարհիս բաները կը հոգայ, թէ ի°նչպէս իր էրկան հաճելի ըլլայ: 35Բայց այս բանը ձեր օգուտին համար կը զրուցեմ, ոչ թէ ձեր վրայ վարմ մը ձգելու, հապա պարկեշտութեան համար ու առանց զբաղանքի Տէրոջը ծառայելու համար: 36Իսկ եթէ` մէկը ամօթ կը սեպէ իր կոյսին համար` եթէ չափը անցեր է, ու պէտք է այնպէս ըլլալ, ինչ որ կ’ուզէ` թող ընէ, չգործեր. թող ամուսնանան: 37Բայց ան որ իր սրտին մէջ հաստատ կը կենայ, ու իր վրայ հարկ մըն ալ չկայ, հապա իր կամքին վրայ իշխանութիւն ունի, ու իր սրտին մէջ այսպէս որոշեր է որ իր կոյսը պահէ, աղէկ կ’ընէ: 38Ուստի ան որ իր կոյսը կ’ամուսնացնէ, աղէկ կ’ընէ. ու ան որ չամուսնացներ, աւելի աղէկ կ’ընէ: 39Կինը կապուած է` որչափ ժամանակ որ իր այրը ողջ է. ապա եթէ իր այրը մեռնի, ազատ է ամուսնանալու որու որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով: 40Բայց իմ դատումիս նայելով` աւելի երանելի է եթէ այնպէս կենայ. և կարծեմ թէ ես ալ Աստուծոյ Հոգին ունիմ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981