Ա Կորնթացիս
9
Առաքեալին իրաւունքներն ու պարտականութիւնները
1Չէ՞ որ ես առաքեալ եմ. չէ՞ որ ես ազատ եմ. չէ՞ որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը աչքովս տեսայ. չէ՞ որ դուք էք իմ գործս Տէրոջմով: 2Թէպէտ ուրիշներուն առաքեալ չըլլամ ալ. բայց անտարակոյս ձեզի եմ. վասն զի իմ առաքելութեանս կնիքը դուք էք Տէրոջմով: 3Իմ պատասխանս անոնց որ զիս կը քննեն, այս է. 4Միթէ մենք իշխանութիւն չունի՞նք ուտելու և խմելու: 5Միթէ մենք իշխանութիւն չունի՞նք Քրիստոսով քոյր եղող կին մը մեզի հետ պտըտցնելու, ինչպէս ուրիշ առաքեալները ու Տէրոջը եղբայրները ու Կեփաս կ’ընեն: 6Միթէ ես ու Բառնաբա՞ս միայն իշխանութիւն չունինք չգործելու: 7Ո՞վ իր ապրուստով զինուորութիւն կ’ընէ. ո՞վ այգի կը տնկէ ու անոր պտուղէն չուտեր. կամ ո՞վ ոչխարներ կ’արածէ ու ոչխարներուն կաթէն չուտեր: 8Միթէ մարդկօրէ՞ն կը զրուցեմ այս բաները, կամ չէ՞ որ օրէնքն ալ նոյնը կը զրուցէ: 9Քանզի Մովսէսի օրէնքին մէջ ալ գրուած է, Կալի մէջ աշխատող եզին դունչը չկապես: Միթէ եզերո՞ւն համար Աստուծոյ հոգն էր. 10Չէ՞ որ մանաւանդ մեզի համար կ’ըսէ. վասն զի մեզի համար գրուեցաւ. որովհետև ան որ կը հերկէ` պէտք է որ յուսով հերկէ, և ան որ ցորենը կը ծեծէ` պէտք է որ վայելելու յուսով* ընէ: 11Եթէ մենք ձեզի հոգևոր բաներ սերմանեցինք, մե՞ծ բան մըն է` եթէ ձեզմէ մարմնաւոր բաներ հնձենք: 12Եթէ ուրիշները ձեր վրայ այս իշխանութիւնը ունին, չէ՞ որ ալ աւելի մենք. Բայց մենք այս իշխանութիւնը չգործածեցինք, հապա ամէն բանի կը համբերենք, որպէս զի Քրիստոսի աւետարանին արգելք մը չըլլանք: 13Չէ՞ք գիտեր որ տաճարին մէջ աշխատողները տաճարէն կ’ուտեն, ու անոնք որ սեղանին պաշտօնեաներն են` սեղանէն բաժին կ’առնեն: 14Նոյնպէս ալ Տէրը հրաման տուաւ, որ աւետարանը քարոզողները աւետարանէն ապրին: 15Բայց ես այս բաներուն մէ°կը չգործածեցի, ոչ ալ այդ բաները գրեցի որ ինծի այսպէս ըլլայ. քանզի աւելի աղէկ է ինծի որ մեռնիմ, քան թէ մէկը իմ պարծանքս պարապ հանէ: 16Վասն զի եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք մը չկայ, վասն զի իմ վրաս հարկ մըն է. մանաւանդ վայ է ինծի` եթէ աւետարանը չքարոզեմ: 17Քանզի եթէ ասիկա կամաւ ընեմ, վարձք կ’ունենամ. իսկ եթէ ակամայ` այն ինծի յանձնուած տնտեսութիւն մըն է: 18Ուրեմն ի՞նչ վարձք կ’ըլլայ ինծի. այս կ’ըլլայ որ քարոզելու ատենս Քրիստոսի աւետարանը ձրի տամ, որ չըլլայ թէ աւետարանին մէջ իմ իշխանութիւնս գէշ կերպով գործածեմ: 19Քանզի թէև ես ամէնէն ազատ էի, իմ անձս ամէնուն ծառայ ըրի, որպէս զի շատերը շահիմ: 20Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, որպէս զի Հրեաները շահիմ. 21Օրէնքի տակ եղողներուն հետ օրէնքի տակ եղողի պէս եղայ, (ոչ թէ ես օրէնքի տակ էի,) որպէս զի օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ. օրէնքի տակ չեղողներուն հետ օրէնքի տակ չեղողի պէս եղայ, (ոչ թէ ես Աստուծմէ օրէնք չունէի, հապա Քրիստոսի օրէնքին տակ էի,) որպէս զի օրէնք չունեցողներն ալ շահիմ. 22Տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէս զի տկարները շահիմ. ամէնուն հետ ամէն բան եղայ, որ ըլլայ թէ մէկ քանիները ապրեցնեմ: 23Եւ ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէս զի անոր կցորդ ըլլամ: 24Չէ՞ք գիտեր որ ասպարէզին մէջ վազողները իրաւ կը վազեն ամէնը, բայց մէկը կ’առնէ մրցանակը. այնպէս վազեցէք որ հասնիք: 25Եւ ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը պահէ. անոնք եղծանելի պսակը առնելու համար, ու մենք` անեղծանելին: 26Ուստի ես այնպէս կը վազեմ, ոչ թէ որպէս թէ անստուգութեամբ. ես այնպէս բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ որպէս թէ հովը ծեծելով. 27Բայց իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէս ետև` ես ինքս խոտելի գտնուիմ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981