Երրորդ Թագավորաց գիրք
12
Հիւսիսային ցեղերը կ’ապստամբին
1Եւ Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց, վասն զի բոլոր Իսրայէլ, զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր: 2Ու Նաբատեան Յերոբովամ, որ Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած՝ Եգիպտոս կը բնակէր, դեռ Եգիպտոսի մէջ էր երբ այս բանը լսեց: 3Եւ մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին. ու Յերոբովամ և Իսրայէլի բոլոր ժողովքը եկան, ու Ռոբովամի հետ խօսեցան ու ըսին, 4Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ. դուն հիմա քու հօրդ խիստ ծառայութիւնը ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր, ու քեզի ծառայութիւն ընենք: 5Եւ անիկա ըսաւ անոնց, Գացէք, ու երեք օրէն ետքը ինծի դարձէք. ու ժողովուրդը գնաց: 6Եւ Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն որոնք իր հօրը Սողոմոնի առջև կը կայնէին երբ անիկա ողջ էր, ու ըսաւ, Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ: 7Եւ անոր խօսեցան ու ըսին, Եթէ դուն այսօր այս ժողովուրդին ծառայ ըլլաս ու անոնց ծառայութիւն ընես, և անոնց բարի խօսքեր ըսելով պատասխան տաս, այն ատեն անոնք քեզի միշտ ծառայ կ՚ըլլան: 8Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց, ու իր առջև կայնող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց. 9Եւ անոնց ըսաւ, Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տանք. քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին, Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցուր: 10Ու անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին, Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց, ու դուն մեր վրայէն թեթեւցուր՝ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսիս, ու անոնց այսպէս ըսես, Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է. 11Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր է, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ. Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր է, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ: 12Եւ Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամի եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ Երրորդ օրը ինծի եկէք: 13Ու թագաւորը ժողովուրդին խստութեամբ պատասխան տուաւ, և ծերերուն իրեն տուած խրատը մերժելով, 14Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոնց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ, Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր է, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ. իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր է, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ: 15Եւ թագաւորը ժողովուրդին խօսքը մտիկ չըրաւ, վասն զի այս բանը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիայի ձեռքով Նաբատեան Յերոբովամի ըսած խօսքը հաստատէ: 16Ու երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ որ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին, Մենք Դաւիթի քով ի՞նչ բաժին ունինք, ու Յեսսէի որդւոյն քով ժառանգութիւն չունինք. ով Իսրայէլ, ձեր վրանները դարձէք. ով Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգա. ու Իսրայէլ իրենց վրանները գացին: 17Բայց Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ: 18Եւ Ռոբովամ թագաւորը երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, բոլոր Իսրայէլ զանիկա քարերով քարկոծեցին, ու մեռաւ: Եւ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի: 19Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթի տունէն ապստամբեցաւ մինչև այսօր: 20Եւ բոլոր Իսրայէլ Յերոբովամի դառնալը լսելով՝ մարդ ղրկեցին ու զանիկա ժողովքին մէջ կանչեցին, և զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրին, ու Յուդայի ցեղէն զատ Դաւիթի տանը ուրիշ հետեւող մը չկար: 21Եւ Ռոբովամ Երուսաղէմ մտաւ, ու բոլոր Յուդայի տունէն ու Բենիամինի ցեղէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ ժողվեց, որ Իսրայէլի տանը հետ պատերազմին, ու թագաւորութիւնը Սողոմոնի որդւոյն Ռոբովամի դարձնեն:
Սեմայիայի մարգարէութիւնը
22Եւ Աստուծոյ մարդուն Սեմայիայի Աստուծոյ խօսքը եղաւ՝ ըսելով, 23Սողոմոնի որդւոյն Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու բոլոր Յուդայի տանը ու Բենիամինի և մնացորդ ժողովուրդին խօսիս, ու ըսես, 24Տէրը այսպէս կ՚ըսէ, Մի ելլէք, ու Իսրայէլի որդիներուն, ձեր եղբայրներուն, հետ մի պատերազմիք. ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ. վասն զի այս բանը ինծմէ եղաւ: Եւ Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրին, ու Տէրոջը ըսածին պէս ետ դարձան:
Յերոբովամ Աստուծմէ կը հեռանայ
25Ու Յերոբովամ Եփրեմի լեռանը վրայ Սիւքէմը շինեց ու հոն բնակեցաւ. և անկէ ելաւ, Փանուէլը շինեց: 26Ու Յերոբովամ իր սրտին մէջ ըսաւ, Հիմա թագաւորութիւնը Դաւիթի տանը պիտի դառնայ: 27Եթէ այս ժողովուրդը Երուսաղէմ Տէրոջը տունը ելլէ զոհ ընելու համար, այն ատեն այս ժողովուրդին սիրտը իրենց տէրոջը, Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին, պիտի դառնայ, և զիս պիտի մեռցնեն, ու Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին պիտի դառնան: 28Եւ թագաւորը խորհուրդ ըրավ, ու երկու հատ ոսկիէ որթ շինեց. ու անոնց ըսաւ, Ասկէ ետև ձեզի Երուսաղէմ ելլել պէտք չէ*. ով Իսրայէլ, ահա քու աստուածներդ՝ որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին: 29Ու մէկը Բեթէլի մէջ դրաւ, ու միւսն ալ Դանի մէջ դրաւ: 30Եւ այս բանը մեղքի պատճառ եղաւ. վասն զի ժողովուրդը մինչև Դան կ՚երթար այս որթերէն մէկուն առջև երկրպագութիւն ընելու համար: 31Ու բարձր տեղերու վրայ կռատուններ շինեց, ու ժողովուրդին ցած մարդոցմէն քուրմեր ըրաւ, որոնք Ղեւիի որդիներէն չէին:
Բեթէլի մէջ պաշտամունքը կը դատապարտուի
32Ու Յերոբովամ ութերորդ ամսուն մէջ, ամսուն տասնըհինգերորդ օրը, Յուդայի մէջ պահուած տօնին պէս տօն սահմանեց, ու սեղանին վրայ զոհեր մատուց: Բեթէլի մէջ այսպէս ըրաւ, ու իր շինած որթերուն զոհեր մատուց. և բարձր տեղերուն համար ըրած քուրմերը Բեթէլի մէջ դրաւ: 33Ու իր մտքէն հնարած ամսուն մէջ, այսինքն ութերորդ ամսուն տասնըհինգերորդ օրը, Բեթէլի մէջ իր շինած սեղանին վրայ զոհեր մատուց, ու Իսրայէլի որդիներուն տօն սահմանեց, ու սեղանին վրայ զոհեր մատուցանելով խունկ ծխեց*: