Երրորդ Թագավորաց գիրք
13
1Ու երբ Յերոբովամ խունկ ծխելու համար սեղանին քով կը կայնէր, ահա Աստուծոյ մարդ մը Տէրոջը խօսքովը Յուդայէ Բեթէլ եկաւ: 2Եւ Տէրոջը խօսքովը սեղանին կանչեց ու ըսաւ, Ով սեղան, ով սեղան, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ, Ահա Դաւիթի տանը որդի մը պիտի ծնանի Յովսիա անունով, և քու վրադ խունկ ծխող բարձր տեղերուն քուրմերը քու վրադ պիտի զոհէ, ու քու վրադ մարդոց ոսկորներ պիտի այրեն: 3Եւ նոյն օրը նշան մը տալով՝ ըսաւ, Տէրոջը խօսելուն նշանը այս է. Ահա սեղանը պիտի պատռի, ու վրայի մոխիրը պիտի թափի: 4Ու երբ թագաւորը Աստուծոյ մարդուն Բեթէլի մէջ սեղանին համար կանչած խօսքը լսեց, Յերոբովամ սեղանին վրայէն ձեռքը երկնցուց, ու ըսաւ, Այս մարդը բռնեցէք. և անոր վրայ երկնցուցած ձեռքը չորցաւ, ու զանիկա իրեն դարձնելու կարող չեղաւ: 5Եւ Աստուծոյ մարդուն Տէրոջը խօսքովը տուած նշանին պէս՝ սեղանը պատռեցաւ ու մոխիրը սեղանէն թափեցաւ: 6Եւ թագաւորը Աստուծոյ մարդուն պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Քու Տէր Աստուծոյդ առջև աղաչէ ու ինծի համար աղօթք ըրէ, որ ձեռքս ինծի դառնայ: Այն ատեն Աստուծոյ մարդը Տէրոջը առջև աղաչեց, և թագաւորին ձեռքը իրեն դարձաւ ու առաջուան պէս եղաւ: 7Եւ թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ, Ինծի հետ տուն եկուր, և քիչ մը կերակուր կեր*, ու քեզի պարգև տամ: 8Եւ Աստուծոյ մարդը թագաւորին ըսաւ, Եթէ ինծի քու տանդ կէսն ալ տաս, քեզի հետ պիտի չերթամ, ու այս տեղ հաց պիտի չուտեմ, ոչ ալ ջուր խմեմ. 9Վասն զի Տէրը իր խօսքովը ինծի այսպէս պատուիրեց ու ըսաւ, Հաց չուտես ու ջուր չխմես, ու գացած ճամբայէդ չդառնաս: 10Ուստի անիկա ուրիշ ճամբով գնաց ու Բեթէլ գացած ճամբովը չդարձաւ:
Բեթէլի ծեր մարգարէն
11Եւ Բեթէլի մէջ ծեր մարգարէ մը կը բնակէր. ու անոր որդիները եկան, ու Աստուծոյ մարդուն նոյն օրը Բեթէլի մէջ բոլոր ըրած գործերը անոր պատմեցին, և անիկա թագաւորին ինչ խօսքեր որ զրուցեր էր՝ զանոնք ալ իրենց հօրը պատմեցին: 12Ու անոնց հայրը անոնց ըսաւ, Ո՞ր ճամբայէն գնաց: Եւ անոր որդիները Յուդայէ եկող Աստուծոյ մարդուն գացած ճամբան տեսեր էին*: 13Ու իր որդիներուն ըսաւ, Էշը պատրաստեցէք ինծի. և անոնք անոր համար էշը պատրաստեցին, ու անիկա վրան հեծաւ. 14Եւ Աստուծոյ մարդուն ետեւէն գնաց ու զանիկա բեւեկնիի մը տակ նստած գտաւ, ու անոր ըսաւ, Յուդայէ եկող Աստուծոյ մարդը դո՞ւն ես. և անիկա ըսաւ, Ես եմ: 15Ու անոր ըսաւ, Ինծի հետ տուն եկուր ու հաց կեր: 16Եւ անիկա ըսաւ, Քեզի հետ չեմ կրնար դառնալ ու քու տունդ մտնել. ոչ ալ այս տեղ քեզի հետ հաց պիտի ուտեմ, ու ոչ ջուր խմեմ. 17Վասն զի Տէրոջը խօսքովը ինծի ըսուեցաւ, Հոն հաց չուտես, ջուր ալ չխմես, ու գացած ճամբայէդ չդառնաս: 18Բայց անիկա ըսաւ անոր, Ես ալ քեզի պէս մարգարէ եմ, ու հրեշտակ մը ինծի հետ Տէրոջը խօսքովը խօսեցաւ ու ըսաւ, Զանիկա քեզի հետ քու տունդ դարձուր, որպէս զի հաց ուտէ ու ջուր խմէ. սակայն սուտ զրուցեց անոր: 19Այն ատեն անոր հետ դարձաւ, և անոր տունը հաց կերաւ ու ջուր խմեց: 20Ու երբ անոնք սեղան նստեր էին, Տէրոջը խօսքը զանիկա դարձնող մարգարէին եղաւ. 21Ու անիկա Յուդայէ եկող Աստուծոյ մարդուն կանչելով՝ ըսաւ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ, Որովհետև դուն Տէրոջը խօսքին անհնազանդութիւն ըրիր, ու քու Տէր Աստուծոյդ քեզի պատուիրած պատուէրը չպահեցիր, 22Եւ դարձար, ու հաց կերար ու ջուր խմեցիր այն տեղը որու համար քեզի ըսած էր որ հաց չուտես ու ջուր չխմես, քու մեռելդ քու հայրերուդ գերեզմանը պիտի չմտնէ: 23Եւ հաց ուտելէն ու ջուր խմելէն ետքը անիկա իր ետ դարձուցած մարգարէին էշը պատրաստեց. 24Ան ալ գնաց, ու ճամբուն մէջ առիւծ մը գտաւ զանիկա ու մեռցուց. և անոր մեռելը ճամբուն վրայ փռուած մնաց, ու էշը անոր քով կայներ էր, առիւծն ալ մեռելին քով կայներ էր: 25Եւ ահա անկէ քանի մը մարդիկ անցնելով՝ ճամբուն վրայ փռուած մեռելը ու մեռելին քով կայնող առիւծը տեսան. ու գացին այն ծեր մարգարէին բնակած քաղաքին մէջ պատմեցին: 26Եւ զանիկա ճամբայէն դարձնող մարգարէն երբ լսեց՝ ըսաւ, Անիկա Տէրոջը խօսքին անհնազանդութիւն ընող Աստուծոյ մարդն է. ու Տէրը զանիկա առիւծին տուեր է, որ զանիկա պատառելով մեռցուցեր է՝ Տէրոջը անոր ըսած խօսքին համեմատ: 27Եւ իր որդիներուն խօսեցաւ ու ըսաւ, Ինծի համար էշը պատրաստեցէք, ու անոնք պատրաստեցին: 28Եւ գնաց անոր մեռելը գտաւ, որ ճամբուն վրայ փռուած էր. ու էշը և առիւծը մեռելին քով կայներ էին. առիւծը մեռելը կերած չէր, ոչ ալ էշը պատառեր էր: 29Եւ այն մարգարէն Աստուծոյ մարդուն մեռելը վերցուց ու զանիկա իշուն վրայ դրաւ ու զանիկա դարձուց. և ծեր մարգարէն քաղաքը մտաւ, որպէս զի ողբ ընէ ու զանիկա թաղէ. 30Եւ անոր մեռելը իր գերեզմանին մէջ դրաւ, ու Վա՜յ եղբայր, ըսելով, անոր վրայ ողբ ըրին: 31Ու զանիկա թաղելէն ետքը իր որդիներուն խօսեցաւ ու ըսաւ, Երբ ես մեռնիմ, զիս Աստուծոյ մարդուն թաղուած գերեզմանին մէջ թաղէք, իմ ոսկորներս անոր ոսկորներուն քով դնէք. 32Վասն զի Բեթէլի մէջ եղող սեղանին համար, ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ եղող ամէն բարձր տեղերու կռատուններուն համար, անոր Տէրոջը խօսքովը կանչած խօսքը անպատճառ պիտի կատարուի:
Յերոբովամին ճակատագրական մեղքը
33Այս բանէն ետքը Յերոբովամ իր չար ճամբայէն չդարձաւ. մանաւանդ նորէն ժողովուրդին ցած մարդոցմէն բարձր տեղերուն քուրմեր կ՚ընէր, ամէն ուզողը կ՚օրհնէր, ու անիկա բարձր տեղերուն քուրմ կ՚ըլլար: 34Եւ այս բանը Յերոբովամի տանը մեղքի պատճառ եղաւ, նաև անոր երկրի երեսէն կորսուելուն ու բնաջինջ ըլլալուն: