Երրորդ Թագավորաց գիրք

2

Դաւիթին վերջին հրահանգները Սողոմոնին

1Ու երբ Դաւիթի մեռնելու օրերը մօտեցան, իր որդւոյն Սողոմոնի պատուէր տուաւ՝ ըսելով, 2Ահա ես ամէն երկրին ճամբան կ՚երթամ, իսկ դուն ուժովցիր ու քաջասիրտ եղիր: 3Եւ քու Տէր Աստուծոյդ պահպանութիւնը պահէ, որպէս- զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես, ու անոր կանոնները, պատուիրանքները, դատաստանները ու վկայութիւնները պահես, ինչպէս Մովսէսի օրինաց գիրքին մէջ գրուած է. որպէս զի ինչ որ ընես, և ուր որ երեսդ դարձնես, յաջողութիւն գտնես. 4Որպէս զի Տէրը իր խօսքը հաստատէ, զոր ինծի համար խօսեցաւ՝ ըսելով, Եթէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն, ու իմ առջեւս բոլոր սրտով, բոլոր հոգւով ու ճշմարտութեամբ քալեն, Իսրայէլի աթոռին վրայէն քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ: 5Եւ դուն գիտես ինչ որ Շարուհեայի որդին Յովաբ ինծի ըրաւ, ու ինչ որ Իսրայէլի երկու զօրավարներուն, Ներեան Աբենների ու Յեթերեան Ամեսայիի, ըրաւ. քանզի զանոնք մեռցուց, ու խաղաղութեան ատեն պատերազմի արիւն թափեց, և իր մէջքի գօտիին ու ոտքի կօշիկներուն վրայ պատերազմի արիւն սրսկեց: 6Ուրեմն դուն քու իմաստութիւնդ ի գործ դնես, ու անոր ճերմակ մազերը խաղաղութեամբ գերեզմանը չիջեցնես: 7Բայց Գաղաադացի Բերզելիի որդիներուն ողորմութիւն ընես, ու քու սեղանէդ ուտողներուն հետ ըլլան. քանզի երբ քու եղբօրդ Աբիսողոմի երեսէն փախայ, ինծի այնպես մօտեցան: 8Եւ ահա Բաւուրիմացի Բենիամինեան Գերայի որդին Սեմէի քու քովդ է. ու անիկա Մանայիմ գացած օրս ինծի ծանր տուաւ. բայց երբ անիկա զիս դիմաւորելու համար Յորդանան իջաւ, Տէրոջմով ըրի անոր՝ ու ըսի, Քեզ սրով չեմ մեռցներ: 9Եւ հիմա զանիկա անմեղ չսեպես, քանզի դուն խելացի մարդ ես ու անոր ինչ ընելիքդ գիտես. և անոր ճերմակ մազերը արիւնով գերեզմանը իջեցնես:

Դաւիթին մահը

10Ու իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուե-ցաւ: 11Եւ Դաւիթի Իսրայէլի վրայ թագա- ւորութիւն ըրած օրերը քառասուն տարի էին. եօթը տարի Քեբրոնի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ, ու երեսունուիրեք տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ: 12Եւ իր հօրը Դաւիթի աթոռը նստաւ, ու անոր թագաւորութիւնը շատ հաստատ եղաւ:

Ադոնիային մահը

13Եւ Ագգիթի որդին Ադոնիա Սողոմոնի մօրը Բերսաբէի գնաց. ու Բերսաբէ անոր ըսաւ, Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար. ու անիկա ըսաւ, Խաղաղութեամբ. 14Եւ ըսաւ, Քեզի մը ունիմ. ու անիկա ըսաւ, Խօսէ. 15Եւ անիկա ըսաւ, Դուն աղէկ գիտես որ թագաւորութիւնը իմս էր, ու բոլոր Իսրայէլի երեսը իմ վրաս էր որպէս զի թագաւոր ըլլամ. բայց թագաւորութիւնը դարձաւ ու իմ եղբօրս եղաւ, քանզի անոր Տէրոջմէ եղաւ: 16Եւ հիմա ես քեզմէ խնդիրք մը կը խնդրեմ, ինծի Ոչ չըսես*: Ու Բերսաբէ անոր ըսաւ, Խօսէ: 17Եւ անիկա ըսաւ, Կ՚աղաչեմ, Սողոմոն թագաւորին ըսէ, (քանզի անիկա քեզի Ոչ չըսեր,) որ Սունամացի Աբիսակը ինծի տայ: 18Ու Բերսաբէ ըսաւ, Աղէկ, ես քեզի համար թագաւորին կը խօսիմ: 19Եւ Բերսաբէ Սողոմոն թագաւորին գնաց, որպէս զի Ադոնիայի համար անոր հետ խօսի. ու թագաւորը զանիկա դիմաւորելու համար ոտք ելաւ ու անոր խոնարհութիւն ըրաւ. ու երբ իր աթոռը նստաւ, թագաւորին մօրը համար ալ աթոռ դնել տուաւ, և անիկա անոր աջ կողմը նստաւ. 20Ու ըսաւ, Ես քեզմէ պզտիկ խնդիրք մը կը խնդրեմ, ինծի Ոչ չըսես: Եւ թագաւորը անոր ըսաւ, Խնդրէ, իմ, քանզի քեզի Ոչ պիտի չըսեմ: 21Ու անիկա ըսաւ, Սունամացի Աբիսակը եղբօրդ Ադոնիայի կին տրուի: 22Եւ Սողոմոն թագաւորը պատասխան տուաւ ու իր մօրը ըսաւ, Դուն ինչո՞ւ Ադոնիայի համար Սունամացի Աբիսակը կը խնդրես. անոր համար թագաւորութիւնն ալ խընդրէ, (քանզի անիկա իմ մեծ եղբայրս է,) անոր ու Աբիաթար քահանային և Շարուհեան Յովաբի համար: 23Ու Սողոմոն թագաւորը Տէրոջմով երդում ըրաւ, ու ըսաւ, ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, որ Ադոնիա այդ խօսքը իր կեանքին դէմ խօսեր է: 24Եւ հիմա զիս հաստատողը, ու զիս իմ հօրս Դաւիթի աթոռը նստեցնողը, և իր ըսածին պէս ինծի շինող Տէրը կենդանի է որ Ադոնիա այսօր պիտի մեռցուի: 25Ու Սողոմոն թագաւորը Յովիադայի որդին Բանեան ղրկեց. ու զարկաւ զանիկա, որ մեռաւ:

Աբիաթարին աքսորը և Յովաբին մահը

26Եւ թագաւորը Աբիաթար քահանային ըսաւ, Անաթովթ, քու ագարակդ, գնա, քանզի դուն մեռնելու արժանի ես, բայց այսօր քեզ չեմ մեռցներ. որովհետև իմ հօրս Դաւիթի առջև Տէր Եհովայի տապանակը վերցուցիր. ու իմ հօրս ամէն քաշած նեղութիւններուն մասնակից եղար: 27Ու Սողոմոն Աբիաթարը Տէրոջը քահանայութենէն հանեց, որպէս զի Սելովի մէջ Հեղիի տանը համար Տէրոջը ըսած խօսքը կատարէ: 28Եւ այս լուրը մինչև Յովաբի հասաւ. (քանզի Յովաբ թէպէտև Աբիսողոմի հետեւող չէր, բայց Ադոնիայի հետեւող եղաւ.) ու այն ատեն Յովաբ Տէրոջը խորանը փախաւ, ու սեղանին եղջիւրները բռնեց: 29Եւ Սողոմոն թագաւորին իմացուցին թէ Յովաբ Տէրոջը խորանը փախաւ, և ահա անիկա սեղանին քով է. ու Սողոմոն Յովիադայի որդին Բանեան ղրկեց ու ըսաւ, Գնա զանիկա զարկ: 30Եւ Բանեա Տէրոջը խորանը Յովաբի գնաց, ու անոր ըսաւ, Թագաւորը այսպէս կ՚ըսէ, Դուրս ելիր. ու անիկա ըսաւ, Ոչ, ես հոս պիտի մեռնիմ. ու Բանեա թագաւորին պատմեց ու ըսաւ, Յովաբ այսպէս ըսաւ, ու ինծի այսպէս պատասխան տուաւ: 31Եւ թագաւորը անոր ըսաւ, Անոր ըսածին պէս ըրէ, ու զանիկա մեռցուր և զանիկա թաղէ, որպէս զի իմ վրայէս ու իմ հօրս տանը վրայէն Յովաբի թափած անմեղ արիւնը վերցնես: 32Եւ Տէրը անոր թափած արիւնը անոր գլուխը դարձնէ. որովհետև անիկա առանց իմ հօրս Դաւիթի գիտութեանը երկու իրմէ արդար ու աղէկ մարդոց, Իսրայէլի սպարապետին Ներեան Աբենների, ու Յուդայի սպարապետին, Յեթերեան Ամեսայիի, վրայ յարձակեցաւ, ու զանոնք սրով մեռցուց: 33Ուստի անոնց արիւնը Յովաբի գլուխը ու անոր սերունդին գլուխը դառնայ յաւիտեան. բայց Դաւիթի ու անոր սերունդին և անոր տանը ու անոր աթոռին՝ Տէրոջը կողմանէ յաւիտեան խաղաղութիւն ըլլայ: 34Եւ Յովիադայի որդին Բանեա ելաւ ու անոր վրայ յարձակեցաւ, ու զանիկա մեռցուց. և անիկա անապատին մէջ իր տունը թաղուեցաւ: 35Ու թագաւորը անոր տեղ զօրքերուն վրայ Յովիադայի որդին Բանեան դրաւ. ու թագաւորը Սադովկ քահանան Աբիաթարի տեղ դրաւ:

Սեմէիին մահը

36Եւ թագաւորը մարդ ղրկեց, Սեմէին կանչեց ու անոր ըսաւ, Քեզի Երուսաղէմի մէջ տուն մը շինէ ու հոն նստէ, ու անկէ ասդին կամ անդին չելլես. 37Քանզի աղէկ գիտնաս որ եթէ ելլես ու Կեդրոն հեղեղատը անցնիս, նոյն օրը անպատճառ պիտի մեռնիս. ու քու արիւնդ քու գլուխդ պիտի ըլլայ: 38Եւ Սեմէի թագաւորին ըսաւ, Այս խօսքդ է. իմ թագաւոր տէրս ինչպէս ըսաւ՝ քու ծառադ այնպէս պիտի ընէ: Ուստի Սեմէի շատ օրեր Երուսաղէմի մէջ նստաւ: 39Ու երեք տարիէն ետքը Սեմէիի երկու ծառաները Գէթի թագաւորին Մաաքայի որդւոյն Անքուսի քով փախան. ու Սեմէիի իմացուցին՝ ըսելով, Ահա քու ծառաներդ Գէթի մէջ են: 40Եւ Սեմէի ելաւ ու իր իշուն համետը դրաւ, ու իր ծառաները փնտռելու համար Գէթ գնաց Անքուսի քով. և Սեմէի գնաց ու իր ծառաները Գէթէ բերաւ: 41Ու երբ Սեմէիի Երուսաղէմէ Գէթ երթալը ու դառնալը Սողոմոնի պատմեցին, 42Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց, ու Սեմէին կանչեց ու անոր ըսաւ, Չէ՞ որ քեզի Տէրոջմով երդում ընել տուի, և քեզի վկայութիւն ըրի ու ըսի թէ Աղէկ գիտնաս որ Երուսաղէմէ ելած ու ասդին կամ անդին գացած օրդ անպատճառ պիտի մեռնիս. ու դուն ինծի՝ Լսած խօսքս բարի է, ըսիր. 43Ուրեմն ինչո՞ւ համար Տէրոջը երդումին ու քեզի տուած պատուէրիս հնազանդութիւն չըրիր: 44Եւ թագաւորը Սեմէիի ըսաւ, Դուն իմ հօրս Դաւիթի դէմ քու ըրած բոլոր չարութիւնդ գիտես, որու քու սիրտդ ալ կը վկայէ*. ուստի Տէրը քու չարութիւնդ քու գլուխդ պիտի դարձնէ. 45Բայց Սողոմոն թագաւորը օրհնեալ, ու Դաւիթի աթոռը Տէրոջը առջև յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ: 46Եւ թագաւորը Յովիադայի որդւոյն Բանեայի հրաման տուաւ, ու անիկա ելաւ ու զարկաւ զանիկա, որ մեռաւ: Եւ թագաւորութիւնը Սողոմոնի ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981