Երրորդ Թագավորաց գիրք

21

Նաբովթին այգին

1Եւ այս բաներէն ետքը Յեզրայելացի Նաբովթ Սամարիայի Աքաաբ թագաւորին պալատին քով Յեզրայէլի մէջ այգի մը ունէր: 2Ու Աքաաբ Նաբովթի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ, Քու այգիդ ինծի տուր, որպէս զի ինծի բանջարի պարտէզ ըլլայ, քանզի իմ տանս մօտ է. և անոր տեղ անկէ աղէկ այգի մը տամ քեզի. կամ եթէ կ՚ուզես՝ անոր գինը ստակով վճարեմ քեզի: 3Ու Նաբովթ Աքաաբի ըսաւ, Տէրը ինծի չցուցնէ որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ: 4Եւ Աքաաբ Յեզրայելացի Նաբովթի ըսած խօսքին համար, որ ըսաւ թէ Իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի չեմ տար, սիրտը կոտրած ու նեղացած իր տունը գնաց, և իր անկողինին վրայ պառկեցաւ ու երեսը դարձուց ու չկերաւ: 5Եւ անոր կինը Յեզաբէլ անոր քով գնաց ու ըսաւ, Ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս նեղացած է ու հաց չես ուտեր: 6Եւ անիկա ըսաւ անոր, Վասն զի Յեզրայելացի Նաբովթի հետ խօսեցայ ու անոր ըսի, Քու այգիդ ինծի ստակով տուր, կամ եթէ կը հաճիս, անոր տեղ քեզի ուրիշ այգի մը տամ. բայց անիկա՝ Իմ այգիս քեզի չեմ տար ըսաւ, 7Այն ատեն անոր կինը Յեզաբէլ անոր ըսաւ, Դուն հիմա Իսրայէլի վրայ այդպէ՞ս թագաւորութիւն պիտի ընես. ելիր հաց կեր, ու սիրտդ թող զուարճանայ. Յեզրայելացի Նաբովթի այգին ես քեզի տամ: 8Եւ անիկա Աքաաբի անունովը նամակներ գրեց, ու զանոնք անոր կնիքով կնքեց, և այն նամակները Նաբովթի քաղաքակից ծերերուն ու ազնուականներուն ղրկեց: 9Ու նամակներուն մէջ՝ այսպէս էր. Ծոմապահութիւն քարոզեցէք, ու Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցէք. 10Եւ անոր դիմաց երկու անօրէն մարդիկ նստեցուցէք, որոնք անոր համար վկայութիւն տան ու ըսեն թէ Դուն Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյութիւն ըրիր. ու զանիկա հանեցէք ու քարկոծեցէք որպէս զի մեռնի: 11Եւ անոր քաղաքակիցները, անոր քաղաքին մէջ բնակող ծերերը ու ազնուականները, Յեզաբէլի իրենց ապըսպըրածին պէս ըրին, ինչպէս անոր ղրկած նամակներուն մէջ գրուած էր: 12Անոնք ծոմապահութիւն քարոզեցին, և Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցին: 13Ու երկու անօրէն մարդիկ գացին անոր դիմաց նստան. և այն անօրէն մարդիկը ժողովուրդին առջև Նաբովթի համար վկայութիւն տուին ու ըսին թէ Նաբովթ Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյութիւն ըրաւ. ուստի զանիկա քաղաքէն դուրս հանեցին և քարերով քարկոծեցին, ու մեռաւ: 14Ու Յեզաբէլի լուր ղրկեցին՝ ըսելով, Նաբովթ քարկոծուեցաւ ու մեռաւ: 15Ու երբ Յեզաբէլ Նաբովթի քարկոծուիլը ու մեռնիլը լսեց, Յեզաբէլ Աքաաբի ըսաւ, Ելիր ժառանգէ Յեզրայելացի Նաբովթի այգին զոր ինք քեզի ստակով տալ չուզեց. քանզի Նաբովթ ողջ չէ, հապա մեռաւ: 16Ու երբ Աքաաբ Նաբովթի մեռնիլը լսեց, Աքաաբ ոտք ելաւ որ Յեզրայելացի Նաբովթի այգին իջնէ, ու զանիկա ժառանգէ: 17Եւ Տէրոջը խօսքը Թեզբացի Եղիայի եղաւ՝ ըսելով, 18Ելիր, բնակող Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը դիմաւորելու իջիր. ահա անիկա Նաբովթի այգիին մէջ է, ուր իջեր է զանիկա ժառանգելու համար. 19Ու անոր խօսիս ու ըսես, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Մեռցուցիր ու կը ժառանգե՞ս ալ. նաև անոր խօսելով՝ ըսես, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Այն տեղը ուր շուները Նաբովթի արիւնը լափեցին, հոն շուները քու արիւնդ ալ պիտի լափեն: 20Եւ Աքաաբ Եղիայի ըսաւ, Ով իմ թշնամիս, զիս գտա՞ր. ու անիկա ըսաւ, Գտայ. որովհետև դուն քեզ ծախեցիր Տէրոջը առջև չարութիւն ընելու համար. 21Ահա ես քու վրադ չարիք պիտի բերեմ, ու քեզ հալածելով* պիտի ջնջեմ, և Աքաաբի բոլոր այր մարդիկը ու Իսրայէլի մէջ գոցուածը ու ձգուածը պիտի կորսնցնեմ: 22Եւ քու տունդ Նաբատի որդւոյն Յերոբովամի տանը պէս՝ ու Աքիայի որդւոյն Բաասայի տանը պէս պիտի ընեմ. որովհետև զիս բարկացուցիր, ու Իսրայէլի գործել տուիր: 23Եւ Տէրը Յեզաբէլի համար ալ խօսեցաւ ու ըսաւ, Յեզաբէլը Յեզրայէլի պարսպին քով շուները պիտի ուտեն: 24Աքաաբէ՝ քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն, ու դաշտի մէջ մեռնողը երկինքի թռչունները պիտի ուտեն: 25Բայց Աքաաբի պէս բնաւ թագաւոր մը եղած չէր, որ զինք ծախէ Տէրոջը առջև չարութիւն ընելու համար, զոր անոր կինը Յեզաբէլ գլխէ հանեց: 26Ու անիկա կուռքերուն ետեւէն երթալով շատ գարշելի եղաւ, ու բոլոր Ամօրհացւոց ըրածները ըրաւ, զորոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտեց: 27Եւ Աքաաբ այս խօսքերը լսածին պէս՝ իր հանդերձները պատռեց, ու մարմնին վրայէն քուրձ հագաւ, ու ծոմ պահեց. և քուրձով կը պառկէր, ու կամաց կը քալէր: 28Եւ Տէրոջը խօսքը Թեզբացի Եղիայի եղաւ՝ ըսելով, 29Կը տեսնե՞ս որ Աքաաբ իմ առջեւս խոնարհութիւն կ՚ընէ. անոր իմ առջեւս խոնարհութիւն ընելուն համար, անոր օրերուն մէջ այն չարիքը պիտի չբերեմ. անոր որդւոյն օրերը այն չարիքը անոր տանը վրայ պիտի բերեմ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)