Երրորդ Թագավորաց գիրք

22

Միքիա մարգարէն Աքաաբը կը զգուշացնէ

1Եւ երեք տարի անցաւ՝ և Ասորիներուն ու Իսրայէլի մէջտեղ չեղաւ: 2Ու երրորդ տարին Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին իջաւ: 3Եւ Իսրայէլի թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ, Գիտէք որ Ռամովթ-գաղաադ մերն է, ու մենք զանիկա Ասորւոց թագաւորին ձեռքէն առնելու հոգ չենք տանիր: 4Եւ Յովսափատի ըսաւ, Ինծի հետ Ռամովթ-գաղաադ պատերազմելու կ՚երթա՞ս: Ու Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ, Ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս՝ քու ժողովուրդիդ պէս, ու իմ ձիերս քու ձիերուդ պէս են: 5Եւ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ, Հիմա Տէրոջը խօսքը փնտռէ: 6Ու Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները ժողվեց, որոնք չորս հարիւրի չափ մարդիկ էին, ու անոնց ըսաւ, Ռամովթ-գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞մ, թէ ետ կենամ. ու անոնք ըսին, Գնա, վասն զի Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ: 7Եւ Յովսափատ ըսաւ, Այս տեղ Տէրոջը ուրիշ մըն ալ չկա՞յ՝ որ անոր հարցնենք: 8Ու Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ, Կայ ուրիշ մարդ մըն ալ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ՚ատեմ. քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չըներ, հապա գէշ. անիկա Յեմլայի որդին Միքիա է: Եւ Յովսափատ ըսաւ, Թագաւորը այդպէս չզրուցէ: 9Ու Իսրայէլի թագաւորը մը կանչեց ու ըսաւ, Յեմլայի որդին Միքիան շուտով հոս բեր: 10Եւ Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Սամարիայի դրանը առջեւի հրապարակին մէջ ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր. ու բոլոր մարգարէները անոնց առջև մարգարէութիւն կ՚ընէին: 11Եւ Քանանայի որդին Սեդեկիա իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց, ու ըսաւ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես՝ մինչև որ զանոնք բնաջինջ ընես: 12Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ՚ըսէին, Ռամովթ-գաղաադ ելիր, ու յաջողութիւն պիտի ունենաս, և Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ: 13Ու Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով, Ահա ամէն մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար բարութիւն խօսեցան. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ, ու բարութիւն խօսէ: 14Իսկ Միքիա ըսաւ, Տէրը կենդանի է որ Տէրը ինծի ինչ որ ըսէ՝ զայն պիտի խօսիմ: 15Ու երբ անիկա թագաւորին եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ, Ով Միքիա, Ռամովթ-գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենանք: Եւ անիկա անոր ըսաւ, Ելիր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս, ու Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ: 16Եւ թագաւորը անոր ըսաւ, Մինչև քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունովը ճշմարիտը միայն խօսիս ինծի: 17Ու անիկա ըսաւ, Բոլոր Իսրայէլը չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ. և Տէրը ըսաւ, Ասոնք տէր չունին, ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ: 18Եւ Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ, Քեզի չըսի՞ որ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չըներ՝ հապա գէշ: 19Ու Միքիա ըսաւ, Ուրեմն Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ, ու երկինքի բոլոր զօրքերը անոր բոլորտիքը, աջ կողմը ու ձախ կողմը, կայներ էին. 20Եւ Տէրը ըսաւ, Աքաաբը ո՞վ կրնայ խաբել, որ Ռամովթ-գաղաադ ելլէ ու կորսուի. ու մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս ըսաւ: 21Ու մը ելաւ և Տէրոջը առջև կայնեցաւ, ու ըսաւ, Զանիկա ես կը խաբեմ: 22Ու Տէրը անոր ըսաւ, Ի՞նչ միջոցով: Եւ անիկա ըսաւ, Ելլեմ ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի ըլլամ. ու Տէրը անոր ըսաւ, Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս. ելիր ու այն պէս ըրէ: 23Եւ հիմա ահա Տէրը այս քու բոլոր մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է, բայց Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ: 24Այն ատեն Քանանայի որդին Սեդեկիա մօտեցաւ, ու Միքիայի ծնօտին զարկաւ ու ըսաւ, Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ՝ քեզի հետ խօսելու համար: 25Եւ Միքիա ըսաւ, Դուն ալ պիտի տեսնես այն օրը որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ մտնես: 26Ու Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ, Միքիան առ, ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին և թագաւորի որդւոյն Յովասի ետ տար, 27Ու ըսէ, Թագաւորը այսպէս կ՚ըսէ. Ասիկա բանտը դրէք, ու մինչև որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէք: 28Եւ Միքիա ըսաւ, Եթէ բնաւ խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինծմով խօսած չըլլայ. ու ըսաւ, Ով ժողովուրդներ, ամէնդ լսեցէք:

Աքաաբին մահը

29Եւ Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-գաղաադ ելան: 30Ու Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ, Կերպարանքս պիտի փոխեմ, ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ, բայց դուն քու հագուստդ հագիր. և Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց, ու պատերազմի մէջ մտաւ: 31Եւ Ասորւոց թագաւորը իր երեսունուերկու կառապետներուն պատուիրեց ու ըսաւ, Պզտիկի կամ մեծի հետ մի պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ: 32Ու երբ կառապետները Յովսափատը տեսան, Իսրայէլի թագաւորը անշուշտ ասիկա է՝ ըսելով, անոր վրայ պատերազմելու գացին. և Յովսափատ աղաղակեց: 33Ու երբ կառապետները տեսան որ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան: 34Եւ մարդ մը առանց դիտելու* իր աղեղը քաշեց, ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն* զարկաւ. այն ատեն անիկա իր կառաւարին ըսաւ, Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ: 35Եւ այն օրը պատերազմը սաստկացաւ, ու թագաւորը Ասորւոց դիմաց իր կառքին մէջ կեցաւ, և իրիկուան դէմ մեռաւ. ու վէրքին արիւնը կառքին մէջ վազեց: 36Ու երբ արեւը կը մտնէր, բանակին մէջ մունետիկ պտըտեցաւ ու ըսաւ, Ամէն մարդ իր քաղաքը ու ամէն մարդ իր երկիրը դառնայ: 37Եւ թագաւորը մեռաւ, ու բերուեցաւ, ու թագաւորը Սամարիայի մէջ թաղեցին: 38Եւ կառքը Սամարիայի աւազանին քով լուացին, ու շուները անոր արիւնը լափեցին. անոր զէնքերն ալ հոն լուացին* Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ: 39Եւ Աքաաբի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը, և փղոսկրով շինած տունը ու բոլոր շինած քաղաքները ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 40Եւ Աքաաբ իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու անոր տեղ անոր որդին Ոքոզիա թագաւոր եղաւ:

Յուդայի Յովսափատ թագաւորը

41Եւ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին չորրորդ տարին Յուդայի վրայ Ասայի որդին Յովսափատ թագաւոր եղաւ: 42Յովսափատ երեսունըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քսանըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Ազուբա էր ու Սաղիի աղջիկն էր: 43Ու անիկա իր հօրը Ասայի բոլոր ճամբուն մէջ քալեց, անկէ չխոտորեցաւ, ու Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ: 44Բայց բարձր տեղերը չվերցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհեր կը մատուցանէր ու կը ծխէր: 45Եւ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին հետ խաղաղութիւն ըրաւ: 46Եւ Յովսափատի մնացորդ պատմութիւնը և անոր ըրած քաջութիւնը ու պատերազմները՝ ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 47Եւ անիկա իր հօրը Ասայի ժամանակէն մնացած Սոդոմական գործողները երկրէն բնաջինջ ըրաւ: 48Այն ատեն Եդովմի մէջ թագաւոր չկար, փոխարքայ մը կար: 49Ու Յովսափատ Թարսիսի նաւեր շինեց, որպէս զի Ոփիր երթան ոսկիի համար, բայց չգացին*, քանզի նաւերը Գասիոն-գաբերի մէջ կտոր կտոր եղան: 50Այն ատեն Աքաաբի որդին Ոքոզիա Յովսափատի ըսաւ, Իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ նաւերով երթան. բայց Յովսափատ չհաճեցաւ: 51Եւ Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ. և անոր տեղ անոր որդին Յովրամ թագաւոր եղաւ:

Իսրայէլին Ոքոզիա թագաւորը

52Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնըեօթներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Աքաաբի որդին Ոքոզիա թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ: 53Եւ Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու իր հօրը ճամբան և իր մօրը ճամբան ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի ճամբան բռնեց. 54Ու Բահաղի ծառայութիւն ըրաւ ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ. և իր հօրը բոլոր ըրածին պէս ընելով՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացուց:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981