Երրորդ Թագավորաց գիրք

3

Սողոմոն իմաստութիւն կը խնդրէ

1Եւ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին հետ խնամութիւն ըրաւ, ու Փարաւոնի աղջիկը առաւ, ու զանիկա Դաւիթի քաղաքը բերաւ, մինչև որ իր տունը ու Տէրոջը տունը ու Երուսաղէմի շրջակայ պարիսպը շինեց լմնցուց: 2Սակայն ժողովուրդը բարձր տեղերու վրայ կը մատուցանէր, քանզի մինչև այն օրերը Տէրոջը անուանը շինուած չէր: 3Եւ Սողոմոն Տէրը կը սիրէր, ու իր հօրը Դաւիթի կանոններովը կը քալէր. միայն թէ բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր ու կը ծխէր: 4Եւ թագաւորը Գաբաւոն գնաց, որպէս զի հոն զոհ մատուցանէ, քանզի մեծ բարձր տեղը անիկա էր. Սողոմոն այն սեղանին վրայ հազար ողջակէզ զոհեց: 5Ու Գաբաւոնի մէջ Տէրը Սողոմոնի երեւցաւ գիշերուան երազով. և ըսաւ, Բան մը խնդրէ որ քեզի տամ: 6Ու Սողոմոն ըսաւ, Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթի, մեծ ողորմութիւն ըրիր, ինչպէս անիկա քու առջևդ ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ, և ուղիղ սրտով քեզի հետ քալեց, ու անոր՝ այս մեծ ողորմութիւնը պահեցիր, ու իր աթոռը նստող որդի մը տուիր անոր, ինչպէս այսօր կ՚երեւնայ: 7Եւ հիմա, ով Տէր Աստուած իմ, դուն քու ծառադ իմ հօրս Դաւիթի տեղ թագաւոր ըրիր. բայց ես պզտիկ տղայ մըն եմ, ելլել ու մտնել չեմ գիտեր. 8Ու քու ծառադ քու ընտրած ժողովուրդիդ մէջ է, որ շատուոր, անթիւ ու անհամար մըն է: 9Ուստի քու ծառայիդ իմաստուն սիրտ տուր, որպէս զի քու ժողովուրդդ դատէ, ու բարին ու չարը որոշէ. քանզի այս քու մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել: 10Եւ այս խօսքը, այսինքն Սողոմոնի այս բանը խնդրելը, Տէրոջը աչքերուն հաճոյ երեւցաւ: 11Ու Աստուած անոր ըսաւ, Որովհետև այս բանը խնդրեցիր, ու քեզի շատ օրեր չխնդրեցիր, ու քեզի հարստութիւն չխնդրեցիր, ու քու թշնամիներուդ հոգին չխնդրեցիր, հապա իրաւունքը իմանալու իմաստութիւն խնդրեցիր. 12Ահա քու խօսքիդ պէս ըրի. ահա քեզի իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ տուի, այնպէս որ քեզմէ առաջ քեզի պէս մէ՛կը եղած չէ, ու քեզմէ ետքն ալ քու նմանդ պիտի չելլէ: 13Նաև քու չխնդրածդ ալ քեզի տուի, թէ՛ հարըստութիւն և թէ՛ , այնպէս որ քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ թագաւորներուն մէջ քեզի պէս մէ՛կը չգտնուի: 14Եւ եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես՝ իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս պահելով, ինչպէս քու հայրդ քալեց, այն ատեն քու օրերդ պիտի շատցնեմ: 15Ու Սողոմոն արթնցաւ և ահա էր. ու գնաց, ու Տէրոջը ուխտին տապանակին առջև կայնեցաւ, և ողջակէզներ մատուց ու խաղաղութեան զոհեր ըրաւ, ու իր բոլոր ծառաներուն կոչունք ըրաւ:

Սողոմոն դժուար հարց մը կը լուծէ

16Այն ատեն երկու պոռնիկ կիներ թագաւորին եկան, ու անոր առջև կայնեցան: 17Եւ կիներէն մէկը ըսաւ, Ով տէր իմ, ողորմէ ինծի. ես ու այս կինը մէկ տան մէջ կը բնակինք, ու նոյն տանը մէջ ասոր քով տղայ մը ծնայ. 18Եւ իմ ծնանելուս երրորդ օրը այս կինն ալ տղայ մը ծնաւ. ու մենք մէկտեղ էինք. տանը մէջ մեզի հետ օտար մարդ չկար, հապա տանը մէջ մենք երկուքս մինակ էինք: 19Եւ այս կնոջ տղան գիշերով մեռաւ, քանզի ասիկա անոր վրայ պառկեցաւ. 20Ու կէսգիշերուն ելաւ, և քու աղախինիդ քնացած ատենը՝ իմ տղաս քովէս առաւ ու զանիկա իր ծոցը պառկեցուց, ու իր մեռած տղան իմ ծոցս պառկեցուց: 21Ու երբ առաւօտուն ելայ որպէս զի տղուս ծիծ տամ, ահա անիկա մեռած էր. ու առաւօտուն մտադրութեամբ անոր նայեցայ, և ահա անիկա իմ ծնած տղաս չէր: 22Իսկ միւս կինը ըսաւ, Ոչ, հապա ողջ եղողը իմ տղաս է, ու մեռածը քու տղադ է: Եւ ասիկա ըսաւ, Ոչ, հապա մեռածը քու տղադ է, ու ողջ եղողը իմ տղաս է. ու թագաւորին առջև այսպէս կը խօսէին: 23Այն ատեն թագաւորը ըսաւ, Ասիկա կ՚ըսէ, Իմ տղաս այս ողջ եղողն է, ու մեռածը քու տղադ է. ու անիկա կ՚ըսէ, Ոչ, հապա մեռածը քու տղադ է, ու ողջ եղողը իմ տղաս է: 24Եւ թագաւորը ըսաւ, Ինծի սուր մը բերէք. ու թագաւորին առջև սուր մը բերին: 25Եւ թագաւորը ըսաւ, Ողջ եղող տղան կտրեցէք, երկու կտոր ըրէք, ու կէսը մէկուն ու կէսն ալ միւսին տուէք: 26Այն ատեն ողջ տղուն մայրը եղող կինը թագաւորին պատասխան տուաւ, ու իր տղուն վրայ աղիքը գալարելուն համար՝ այսպէս ըսաւ, Ով տէր իմ, ողորմէ ինծի. ողջ տղան անոր տուէք, ու զանիկա մի մեռցնէք: Բայց միւսը ըսաւ, Ոչ ինծի ըլլայ, ոչ քեզի. զանիկա ճեղքեցէք: 27Եւ թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ողջ տղան այս կնոջ տուէք, ու չըլլայ որ զանիկա մեռցընէք, քանզի անոր մայրը ասիկա է: 28Եւ բոլոր թագաւորին կտրած դատաստանը լսելով՝ թագաւորէն վախցան. քանզի տեսան որ անոր վրայ Աստուծոյ իմաստութիւնը կայ ընելու համար:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981