Երրորդ Թագավորաց գիրք

5

Սողողմոն տաճարը շինել կը պատրաստուի

1Եւ Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը իր ծառաները Սողոմոնի ղրկեց, քանզի լսեր էր որ անոր հօրը տեղ զանիկա թագաւոր օծեր են. վասն զի Քիրամ միշտ Դաւիթը կը սիրէր: 2 ալ Քիրամի մարդ ղրկեց ու ըսաւ, 3Դուն գիտես որ իմ հայրս չկրցաւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը շինել, այն պատերազմներուն պատճառաւ՝ որոնք անոր բոլորտիքը պատեր էին, մինչև որ Տէրը զանոնք անոր ոտքերուն թաթերուն տակ դրաւ: 4Բայց հիմա իմ Տէր Աստուածս ամէն կողմանէ ինծի հանգստութիւն տուաւ. չկայ, ու ձախորդ պատահար մը չկայ: 5Եւ ահա ես կ՚ըսեմ որ իմ Տէր Աստուծոյս անուանը տուն մը շինեմ, ինչպէս Տէրը իմ հօրս Դաւիթի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով, Քու որդիդ զոր քու տեղդ քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ, անիկա իմ անուանս տուն պիտի շինէ: 6Ու հիմա հրաման ըրէ որ ինծի համար Լիբանանէ եղեւիններ կտրեն. ու իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ ըլլան. և քու ծառաներուդ վարձքը քու ամէն ըսածիդ պէս քեզի կու տամ. քանզի դուն գիտես որ մեր մէջ Սիդոնացւոց պէս փայտ կտրող վարպետ մարդ չկա: 7Ու երբ Քիրամ Սողոմոնի խօսքերը լսեց՝ շատ ուրախացաւ, ու ըսաւ, Այս մեծ ժողովուրդին վրայ Դաւիթի իմաստուն որդի տուող Տէրը այսօր օրհնեալ ըլլայ: 8Եւ Քիրամ Սողոմոնի մարդ ղրկեց՝ ըսելով, Ինծի ղրկած խօսքդ լսեցի. ես եղեւնափայտի ու փայտի համար քու ամէն կամքդ պիտի կատարեմ: 9Իմ ծառաներս Լիբանանէ ծովը իջեցնեն. ու ես զանոնք լաստեր շինելով մինչև ինծի ցուցուցած տեղդ ծովէն տանիմ, և հոն զանոնք քակեմ, ու դուն վերցնես. դուն ալ իմ տանս պաշար տալով՝ իմ կամքս կատարես: 10Եւ Քիրամ Սողոմոնի ուզածին չափ եղեւնափայտ ու մայր փայտ կու տար: 11Ու Սողոմոն Քիրամի տանը համար քսան հազար քոռ ցորեն, ու երկու հարիւր մար մաքուր իւղ* պաշար կու տար: Սողոմոն Քիրամի տարուէ տարի այսպէս կու տար: 12Եւ Տէրը Սողոմոնի իմաստութիւն տուաւ, ինչպէս անոր խոստացեր էր. ու Քիրամի ու Սողոմոնի մէջտեղ խաղաղութիւն կար, ու երկուքը դաշնակցութիւն ըրին: 13Եւ Սողոմոն թագաւորը բոլոր Իսրայէլէ մարդ ժողուեց, ու ժողուածը երեսուն հազար մարդ եղաւ: 14Եւ զանոնք յաջորդաբար՝ ամիսը տասնական հազար Լիբանան կը ղրկէր, որոնք մէկ ամիս Լիբանան կը կենային, ու երկու ամիս իրենց տունը. ու Ադոնիրամ այս մարդահարկին վրայ էր: 15Եւ Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր, ու լեռը ութսուն հազար փայտ կտրող ունէր, 16Բաց ի Սողոմոնի երեք հազար երեք հարիւր գլխաւոր գործակալներէն՝ որոնք գործը բանող ժողովուրդին վրայ կ՚իշխէին: 17Եւ թագաւորը հրամայեց որ մեծ ու պատուական քարեր կտրեն, որպէս զի տանը հիմը տաշուած քարերով դնեն: 18Ու Սողոմոնի վարպետները ու Քիրամի վարպետները և Գեբաղացիք փայտերը ու քարերը տաշեցին ու պատրաստեցին՝ տանը շինութեանը համար:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981