Երրորդ Թագավորաց գիրք

6

Սողոմոն տաճարը կը շինէ

1Եւ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն չորս հարիւր ութսուներորդ տարին, ու Սողոմոնի Իսրայէլի վրայ թագաւորելուն չորրորդ տարին, Զիու ամսուն, այսինքն երկրորդ ամսուն, մէջ Տէրոջը տունը շինել սկսաւ*: 2Եւ թագաւորին՝ Տէրոջը համար շինած տանը երկայնութիւնը վաթսուն կանգուն, լայնութիւնը քսան ու բարձրութիւնը երեսուն կանգուն էր: 3Եւ տանը տաճարին առջեւի սրահը քսան կանգուն երկայնութիւն ունէր, որ տանը լայնութեանը չափ էր, ու անոր լայնութիւնը տանը առջեւէն տասը կանգուն էր: 4Եւ տանը վանդակապատ պատուհաններ շինեց: 5Ու տանը պատին բոլորտիքը տանը պատին կցուած դստիկոններ շինեց, թէ՛ տաճարին և թէ՛ դաբիրին բոլորտիքը, և այսպէս շուրջանակի սենեակներ շինեց: 6Վարի կարգին լայնութիւնը հինգ կանգուն, ու միջին կարգին լայնութիւնը վեց կանգուն, ու երրորդին լայնութիւնը եօթը կանգուն էր. քանզի դուրսէն տանը բոլորտիքը միջոցներ ձգեց գերանները հեծցնելու համար, որպէս զի տանը պատին մէջ չմտնեն: 7Ու երբ տունը կը շինուէր, քարահանքին մէջ պատրաստուած քարերով կը շինուէր, այնպէս որ անոր շինուած ատենը մուրճի կամ տապարի և կամ ուրիշ երկաթէ գործիքի մը ձայն չլսուեցաւ տանը մէջ: 8Միջին կարգին դուռը տանը աջ կողմն էր, ու շրջանակաւոր սանդուխներով միջին կարգը, ու միջին կարգէն երրորդ կարգը կ՚ելլէին: 9Եւ տունը շինեց ու զանիկա լմնցուց, ու տանը ձեղունը եղեւնափայտի տախտակներով դրուագազարդ շինեց: 10Եւ բոլոր տանը վրայ սենեակներուն կարգը* հինգ կանգուն բարձրութեամբ շինեց, ու եղեւնափայտերով տանը կցուած էր: 11Եւ Տէրոջը խօսքը Սողոմոնի եղաւ՝ ըսելով, 12Հիմա որ դուն այս տունը կը շինես, եթէ իմ կանոններովս քալես, ու իմ դատաստաններս ի գործ դնես, ու իմ բոլոր պատուիրանքներս պահես՝ անոնց մէջ քալելով, այն ատեն քու վրադ պիտի հաստատեմ այն խօսքը զոր քու հօրդ Դաւիթի խօսեր եմ. 13Ու Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ, ու իմ ժողովուրդս Իսրայէլը պիտի չթողում:

Տաճարին ներքին կահաւորումը

14Եւ Սողոմոն տունը շինեց ու զանիկա լմնցուց: 15Ու տանը պատերը անոր ներսիդիէն, յատակէն մինչև պատերուն վերի ծայրը, եղեւնափայտի տախտակներով շինեց. այսպէս ներսիդին փայտով ծածկեց. ու տանը յատակը փայտի տախտակներով պատեց: 16Եւ տանը ետեւի կողմին քսան կանգունը, յատակէն մինչև պատին ծայրը, եղեւնափայտի տախտակներով շինեց. ու այն ներսի միջոցը դաբիրին, այսինքն սրբութեանց սրբութիւնին, համար շինեց: 17Բայց տունը, այսինքն առջեւի տաճարը, քառասուն կանգուն էր: 18Եւ տանը մէջ եղող եղեւնափայտերուն վրայ գնդակներ ու բացուած ծաղիկներ փորագրուած էին. ու ամէնը եղեւնափայտէ ըլլալով՝ ամենեւին քար մը չէր երեւնար: 19Եւ դաբիրը ներքին տանը մէջ պատրաստեց, որպէս զի հոն Տէրոջը ուխտին տապանակը դնէ: 20Ու Դաբիրին երեսը քսան կանգուն երկայն էր, և անոր լայնութիւնը քսան կանգուն՝ ու բարձրութիւնը քսան կանգուն էր. և զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց. եղեւնափայտէ սեղանն ալ պատեց: 21Ուստի Սողոմոն տանը ներսի կողմը մաքուր ոսկիով պատեց. ու դաբիրին առջև շղթաներով վարագույր մը անցուց, և զանիկա ոսկիով պատեց: 22Ու բոլոր տունը ոսկիով պատեց առանց տեղ մը ձգելու, և դաբիրին քովի բոլոր սեղանն ալ ոսկիով պատեց: 23Եւ դաբիրին մէջ իւղալի փայտէ* երկու քերովբէներ շինեց, ու անոնց երկայնութիւնը տասը կանգուն էր: 24Եւ քերովբէին մէկ թեւը հինգ կանգուն, ու քերովբէին միւս թեւը հինգ կանգուն էր. մէկ թեւին ծայրէն մինչև միւս թեւին ծայրը տասը կանգուն էր: 25Ու միւս քերովբէինն ալ տասը կանգուն էր, երկու քերովբէներուն չափը ու ձեւը մէկ էր: 26Մէկ քերովբէին բարձրութիւնը տասը կանգուն էր, ու միւս քերովբէինն ալ նոյնչափ էր: 27Ու քերովբէները ներքին տանը մէջ դրաւ. ու քերովբէները իրենց թեւերը կ՚երկնցնէին. մէկուն թեւը մէկ պատին կը դպչէր, ու միւս քերովբէին թեւը միւս պատին կը դպչէր. և անոնց միւս թեւերը տանը մէջտեղը թեւ թեւի կը դպչէին: 28Ու քերովբէները ոսկիով պատեց: 29Եւ տանը բոլոր պատերուն վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ ու բացուած ծաղիկներ քանդակաձև փորագրեց, թէ՛ ներսի կողմը և թէ՛ դուրսի կողմը: 30Ու տանը ներսի ու դուրսի յատակը ոսկիով պատեց: 31Եւ դաբիրին դրանը իւղալի փայտէ փեղկեր շինեց, որոնք դրանդիքներով մէկտեղ պատին հինգերորդ մասն էին: 32Եւ իւղալի փայտէ շինուած երկու փեղկերուն վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ ու բացուած ծաղիկներ փորագրեց, և զանոնք ոսկիով պատեց, քերովբէներուն ու արմաւենիներուն վրայ ալ ոսկին տարածելով: 33Նոյնպէս ալ տաճարին դրանը ըրաւ, իւղալի փայտէ դրանդիքներ շինեց, որոնք պատին չորրորդ մասն էին: 34Ու դրանը երկու փեղկերը մայր փայտէ էին. մէկ փեղկը երկու կտորէ ըլլալով կը ծալլուէր, ու միւս փեղկը երկու կտորէ ըլլալով կը ծալլուէր: 35Եւ անոնց վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ ու բացուած ծաղիկներ փորագրեց, և դրուագներուն վրայ յարմարցուած ոսկիով պատեց: 36Ու ներքին գաւիթը երեք կարգ տաշուած քարերով ու մէկ կարգ եղեւնափայտի հեծաններով շինեց: 37Տէրոջը տանը հիմը չորրորդ տարին Զիու ամսուն մէջ դրուեցաւ. 38Ու մետասաներորդ տարին Բուլ ամսուն, այսինքն ութերորդ ամսուն, մէջ տունը իրեն վերաբերեալ ամէն բաներովը լմնցաւ: Այսպէս եօթը տարուան մէջ շինեց զանիկա:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981