Երրորդ Թագավորաց գիրք

7

Սողոմոնին պալատը

1Եւ իր տունը տասուիրեք տարուան մէջ շինեց, ու այսպէս լմնցուց իր բոլոր տունը: 2Եւ Լիբանանի անտառին տունն ալ շինեց. երկայնութիւնը հարիւր կանգուն, ու լայնութիւնը յիսուն կանգուն, ու բարձրութիւնը երեսուն կանգուն. չորս կարգ եղեւնափայտէ սիւներու վրայ շինեց, ու սիւներուն վրայ եղեւնափայտէ հեծաններ դրաւ. 3Ու նաև եղեւնափայտէ յարկ մը շինեց այն գերաններուն վրայ, որոնք քառասունըհինգ սիւներու վրայ էին. ու անոնց կարգը տասնըհինգ էր: 4Եւ երեք կարգ իրարու դիմացէ դիմաց շարուած վանդակաւոր պատուհաններ կային: 5Ու բոլոր դռները ու դրանդիքները քառակուսի էին, և վանդակաւոր պատուհանները իրարու դիմացէ դիմաց երեք կարգ էին: 6Եւ սիւներուն սրահը շինեց, երկայնութիւնը յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը երեսուն կանգուն. ու անոնց առջև սրահ մը, ու անոնց առջև սիւներ ու սանդուխ մը կային: 7Նաև աթոռին սրահը շինեց, ուր կ՚ընէր, ու անիկա ատեանի սրահ կ՚ըսուէր. ու անիկա յատակէն մինչև ձեղունը եղեւնափայտով ծածկուած էր: 8Եւ իր նստած տանը առջև այս գործին պէս ուրիշ գաւիթ մը կար տանը ու սրահին մէջտեղը. ու Փարաւոնի աղջկան համար, զոր Սողոմոն իրեն առեր էր, այս սրահին պէս մը շինեց: 9Ասոնց ամէնը ներսէն ու դուրսէն, և հիմէն մինչև առաստաղը, ու դուրսի կողմէն մինչև մեծ գաւիթը տաշուած քարերու չափով՝ սղոցուած ազնիւ քարերով շինուած էր: 10Հիմն ալ թանկագին քարերէ էր, մեծ քարերէ, տասը կանգուն քարերէ և ութ կանգուն քարերէ էր: 11Ու վերը տաշուած քարերուն չափովը ազնիւ քար ու եղեւնափայտ էր: 12Եւ մեծ գաւիթին չորս կողմը ու Տէրոջը տանը ներքին գաւիթը և տանը սրահը երեք կարգ տաշուած քարերով ու մէկ կարգ եղեւնափայտի հեծաններով շինուած էր:

Քիրամին գործը

13Եւ Սողոմոն թագաւորը մարդ ղրկեց, ու Տիւրոսէ Քիրամը բերել տուաւ: 14Անիկա Նեփթաղիմի ցեղէն որբեւարի կնոջ մը որդի էր, ու անոր հայրը Տիւրացի պղնձագործ մըն էր. և այս մարդը պղնձէ ամէն տեսակ գործերը գործելու մեծ հմտութիւն, իմաստութիւն ու գիտութիւն ունէր. և Սողոմոն թագաւորին եկաւ, ու անոր ամէն գործը կատարեց: 15Եւ ասիկա պղնձէ երկու սիւն ձուլեց. մէկ սիւնին երկայնութիւնը տասնըութ կանգուն ու շրջապատը տասուերկու կանգուն էր. այսպէս էր երկրորդ սիւնինն ալ: 16Եւ սիւներուն գլուխը դնելու համար պղնձէ երկու խոյակ ձուլեց. մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն ու միւս խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր: 17Եւ սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն համար՝ մէկ խոյակին համար եօթը՝ ու միւս խոյակին համար եօթը ցանցակերպ ու շղթայագործ հիւսուած զարդեր շինեց:

Երկու պղնձէ սիւները

18Այսպէս սիւները շինեց, ու մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ շուրջանակի երկու կարգ նուռեր շարեց, որպէս զի սիւնին գլուխը եղած խոյակը նուռերով ծածկուի. միւս խոյակին ալ այնպէս ըրաւ: 19Եւ սրահին մէջի սիւներուն գլուխը եղող խոյակները չորս կանգուն էին շուշանաձև շինուածքով: 20Ու երկու սիւներուն վրայի խոյակներուն՝ ու ցանցակերպ զարդին մօտ եղող փորին վրայէն ալ նուռեր կային. ու երկու խոյակներուն* վրայ կարգով շարուած երկու հարիւր նուռ կար: 21Եւ սիւները տաճարին սրահին մէջ կանգնեց. ու աջ կողմի սիւնը կանգնելով՝ անոր անունը Յաքին կոչեց, ու ձախ կողմի սիւնը կանգնելով՝ անոր անունը Բոոզ կոչեց: 22Եւ սիւներուն գլխուն վրայ շուշանաձև գործ կար. այսպէս սիւներուն գործը լմնցաւ:

Պղնձէ աւազանը

23Եւ ծովը ձուլածոյ շինեց, ու մէկ շրթունքէն մինչև միւս շրթունքը տասը կանգուն էր, ու բոլորաձև էր. և անոր բարձրութիւնը հինգ կանգուն՝ ու անոր շրջապատը երեսուն կանգուն էր: 24Ու անոր շրթունքին տակ շուրջանակի ամէն կողմէն գնդակներ շարուած էին. ծովուն բոլորտիքը մէկ կանգունի մէջ տասնական գնդակներ կային, ու գնդակները երկու կարգ էին, որոնք ծովուն ձուլուած ատենը ձուլուեր էին: 25Անիկա տասուերկու եզներու վրայ կը կենար, որոնց երեքը դէպ ի հիւսիս, երեքը դէպ ի արեւմուտք, երեքը դէպ ի հարաւ ու երեքը դէպ ի արեւելք կը նայէին, ու ծովը անոնց վրայ էր, և ամէնուն ետեւի կողմը դէպ ի ներս դարձած էր: 26Ու անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր, և շրթունքը գաւաթի շրթունքի պէս էր, ու վրան շուշանի ծաղիկներ շինուած էին. երկու հազար մար կ՚առնէր:

Պղնձէ խարիսխներ (մեքենովթներ)

27Եւ պղնձէ տասը մեքենովթ շինեց, ամէն մէկ մեքենովթին երկայնութիւնը չորս կանգուն, ու լայնութիւնը չորս կանգուն, և բարձրութիւնը երեք կանգուն էր: 28Ու մեքենովթները այսպէս շինուած էին. անոնք սպառուածներ ունէին, և սպառուածները եզերքներուն մէջտեղն էին: 29Ու եզերքներուն մէջտեղը եղող սպառուածներուն վրայ առիւծներ, եզներ ու քերովբէներ կային. ու եզերքներուն վրայ վերի կողմը խարիսխն էր. ու առիւծներուն ու եզներուն տակ կախուած զարդեր կային: 30Եւ ամէն մէկ մեքենովթ պղնձէ չորս անիւ ու պղնձէ առանցքներ ունէր, ու չորս ոտքերը ուսեր էին անոնց. ու ամէն կախուած զարդին քով աւազանին տակ ձուլածոյ ուսեր կային: 31Եւ անոր բերանը խոյակին մէջէն դէպ ի վեր մէկ կանգուն էր, ու անոր բերանը խարիսխի գործի պէս բոլորաձև էր, ու մէկուկէս կանգուն էր. և բերնին վրայ ալ քանդակներ ու սպառուածներ կային՝ քառակուսի և ոչ բոլորաձև: 32Ու սպառուածներուն տակ չորս անիւ կար, և անիւներուն առանցքները մեքենովթին վրայ հաստատուած էին, ու ամէն մէկ անիւին բարձրութիւնը մէկուկէս կանգուն էր: 33Եւ անիւներուն շինուածքը կառքի անիւներուն շինուածքին պէս էր, ու անոնց առանցքները, շրջանակները, շառաւիղները ու գունտերը բոլորը ձուլածոյ էին: 34Եւ ամէն մէկ մեքենովթին չորս անկիւններուն վրայ չորս ուս կար, և ուսերը նոյն իսկ մեքենովթէն էին: 35Ու մեքենովթին գլուխը կէս կանգուն բարձրութեամբ բոլորակ մը կար, ու մեքենովթին գլխուն վրայ եղող եզերքը ու սպառուածները իրմէ էին: 36Ու եզերքներուն տախտակներուն վրայ ու սպառուածներուն վրայ քերովբէներ, առիւծներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, ամէն մէկ տեղին յարմարութեանը համեմատ, ու անոնց բոլորտիքը կախուած զարդեր կային: 37Տասը մեքենովթներն ալ այսպէս ըրաւ. ամէնուն ձուլուածքը, չափը ու ձեւը մէկ էին: 38Եւ տասը հատ պղնձէ աւազան շինեց, ամէն մէկ աւազան քառասուն մարով կը լեցուէր, ու ամէն մէկ աւազան չորս կանգուն էր, ու տասը մեքենովթներուն վրայ մէյմէկ աւազան կար: 39Եւ հինգ մեքենովթը տանը աջ կողմը՝ ու հինգ մեքենովթը տանը ձախ կողմը դրաւ, ու ծովը տանը աջ կողմը հարաւի դէմ դէպ ի արեւելք դրաւ: 40Եւ Քիրամ աւազանները, թիակները ու կոնքերը շինեց. ու Քիրամ կատարեց այն բոլոր գործերը՝ զորոնք Տէրոջը տանը համար Սողոմոն թագաւորին կը շինէր. 41Այսինքն երկու սիւները, ու սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը, եւ սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար երկու ցանցակերպ զարդերը, 42Ու երկու ցանցակերպ զարդերուն չորս հարիւր նուռերը, այսինքն սիւներուն վրայի խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար՝ ամէն մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ երկու կարգ նուռեր: 43Եւ տասը մեքենովթները ու մեքենովթներուն վրայի տասը աւազանները, 44Ու մէկ ծովը ու ծովին տակի տասուերկու եզները, 45Եւ կաթսաները ու թիակները ու կոնքերը. և այս բոլոր կարասիները զորոնք Քիրամ Սողոմոն թագաւորին շինեց Տէրոջը տանը համար, փայլուն պղնձէ էին: 46Թագաւորը զանոնք Յորդանանու դաշտին մէջ թանձր հողի մը վրայ ձուլել տուաւ Սոկքովթի ու Սարթանի մէջտեղ: 47Եւ Սողոմոն այս կարասիները առանց կշռելու ձգեց, վասն զի խիստ շատ էին, այնպէս որ պղնձին կշիռքը համրանքի չէր գար: 48Եւ Սողոմոն Տէրոջը տանը բոլոր կարասիները շինեց. խունկին սեղանը ու վրան առաջաւորութեան դրուելու ոսկի սեղանը, 49Եւ դաբիրին առջեւի զուտ ոսկիէ աշտանակները, որոնց հինգը աջ կողմն էին ու հինգը ձախ կողմը, և ոսկիէ ծաղիկները ու ճրագները և ունելիները, 50Եւ զուտ ոսկիէ գաւաթները, բազմակալները, կոնքերը, խնկամանները և բուրվառները, ու ներքին տանը, այսինքն սրբութեանց սրբութիւնին, դռներուն ու տանը, այսինքն տաճարին, դռներուն ոսկի ծղխնիները: 51Այսպէս Տէրոջը տաճարին համար Սողոմոն թագաւորին բոլոր շինած գործերը լմնցան. ու Սողոմոն իր հօրը Դաւիթի նուիրած բաները, արծաթը ու ոսկին ու անօթները, տարաւ, Տէրոջը տանը գանձերուն մէջ դրաւ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981