Երրորդ Թագավորաց գիրք
8
Ուխտին տապանակը տաճարը կը բերուի
1Այն ատեն Սողոմոն Իսրայէլի ծերերը ու ցեղերուն բոլոր իշխանները, Իսրայէլի որդիներուն նահապետները, Սողոմոն թագաւորին քով Երուսաղէմ ժողվեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը Դաւիթի քաղաքէն, այսինքն Սիօնէ, հանեն: 2Եւ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը եօթներորդ ամսուն, Անթանի ամսուն մէջ, տօնին ատենը Սողոմոն թագաւորին քով ժողվուեցան: 3Ու Իսրայէլի բոլոր ծերերը եկան, ու քահանաները տապանակը վերցուցին: 4Եւ Տէրոջը տապանակը ու ժողովքի խորանը և խորանին մէջ եղած բոլոր սուրբ անօթները հանեցին. ու զանոնք քահանաները ու Ղեւտացիները հանեցին: 5Եւ Սողոմոն թագաւորը ու անոր քով ժողվուած Իսրայէլի բոլոր ժողովքը անոր հետ տապանակին առջև ըլլալով՝ ոչխարներ ու արջառներ կը զոհէին, այնչափ շատ՝ որ անթիւ ու անհամար էին: 6Եւ քահանաները Տէրոջը ուխտին տապանակը ներս տարին իր տեղը տանը դաբիրը, սրբութիւն սրբութեանցը, ու քերովբէներուն թեւերուն տակ դրին. 7Քանզի քերովբէները տապանակին տեղւոյն վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին, ու քերովբէները վերէն կը ծածկէին տապանակը ու անոր ձողերը: 8Եւ ձողերը երկնցուցին, այնպէս որ ձողերուն ծայրերը սրբութենէն կ՚երեւնային դաբիրին առջև, բայց դուրսէն չէին երեւնար. ու մինչև այսօր հոն են: 9Տապանակին մէջ ուրիշ բան չկար, բայց միայն այն երկու քարէ տախտակները՝ զորոնք Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, որոնցմով Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելած ատենը, ուխտ ըրաւ: 10Ու երբ քահանաները սրբութիւնէն ելան, ամպը լեցուց Տէրոջը տունը. 11Եւ ամպին պատճառաւ քահանաները չէին կրնար հոն կենալ՝ որ իրենց պաշտօնը կատարեն, վասն զի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր: 12Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ, Տէրը ըսաւ որ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի: 13Ահա քեզի բնակութեան համար տուն, ու յաւիտեան քու նստելուդ համար տեղ շինեցի:
Սողոմոն ժողովուրդին կը խօսի
14Եւ թագաւորը իր երեսը դարձուց, ու Իսրայէլի բոլոր ժողովքը օրհնեց. ու Իսրայէլի բոլոր ժողովքը ոտքի վրայ կայներ էին. 15Եւ անիկա ըսաւ, Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթի խօսք տուաւ, ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ, 16Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը Եգիպտոսէ հանած օրէս ի վեր, Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ քաղաք մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ. բայց Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ: 17Եւ իմ հայրս Դաւիթ միտք ունէր որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ. 18Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթի ըսաւ, Որովհետև դուն միտքդ դրիր որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր որ այս բանը միտքդ դրիր. 19Սակայն տունը դուն պիտի չշինես, հապա քու որդիդ՝ որ քու երանքէդ պիտի ելլէ, անիկա իմ անուանս՝ տունը պիտի շինէ: 20Եւ հիմա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց, ու ես իմ հօրս Դաւիթի տեղ յաջորդեցի, ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլի աթոռը նստայ, ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անուանը այս տունը շինեցի. 21Եւ հոն տեղ մը պատրաստեցի տապանակին համար, որուն մէջ կեցած է Տէրոջը ուխտը, զոր մեր հայրերուն հետ ըրաւ, երբ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանեց:
Սողոմոնին աղօթքը
22Եւ Սողոմոն Տէրոջը սեղանին առջև Իսրայէլի բոլոր ժողովքին դիմաց կայնելով՝ ձեռքերը դէպ ի երկինք տարածեց, 23Ու ըսաւ, Ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, վերը երկինքը ու վարը երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն կը պահես. 24Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթի, ըրած խոստմունքդ պահեցիր, ու բերնովդ ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ՚երեւնայ: 25Եւ հիմա, ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խօստմունքդ, զոր քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթի, ըրիր ու ըսիր, Իմ առջեւս Իսրայէլի աթոռին վրայ նստող մարդ քեզմէ պակաս պիտի չըլլայ. միայն թէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ առջեւս քալեն, ինչպէս դուն իմ առջեւս քալեցիր: 26Եւ հիմա, ով Աստուած Իսրայէլի, թող քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթի, ըսած խօսքդ հաստատուի: 27Բայց միթէ Աստուած իրաւցնէ երկրի վրայ պիտի բնակի՞. ահա երկինք ու երկնից երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս: 28Սակայն, ով Տէր Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ, որպէս զի քու ծառայիդ այսօր քու առջեւդ ըրած պաղատանքը ու աղօթքը լսես. 29Որպէս զի այս տանը վրայ գիշեր ցորեկ քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ՝ որու համար ըսիր թէ Իմ անունս հոն պիտի ըլլայ. այնպէս որ այս տեղ քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսես: 30Ուրեմն քու ծառայիդ և քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի այս տեղ ըրած աղօթքները լսես. այո, քու բնակութեանդ տեղէն, երկինքէն, լսես, ու լսած ատենդ ներես: 31Եթէ մէկը իր ընկերին դէմ մեղանչէ, ու ան ալ երդում ընել տալու համար՝ անոր երդում առաջարկէ, ու երդումը այս տունը քու սեղանիդ առջև գայ, 32Այն ատեն դուն երկինքէն լսես ու կատարես, ու քու ծառաներդ դատես, և յանցաւորը դատապարտես ու անոր ըրածը անոր գլուխը բերես, և արդարը արդարացնես ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ընես: 33Եւ եթէ քու ժողովուրդդ Իսրայէլ քեզի դէմ մեղանչելնուն համար իրենց թշնամիներուն առջև յաղթուին, ու քեզի դառնան և քու անուանդ փառք տան, ու այս տան մէջ քեզի աղօթք ու աղաչանք ընեն, 34Այն ատեն դուն երկինքէն լսես, և քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներես, ու անոնց հայրերուն տուած երկիրդ զանոնք դարձնես: 35Եթէ անոնց քեզի դէմ մեղք գործելուն համար երկինք գոցուի ու անձրև չգայ, ու անոնք այս տեղ քեզի աղօթք ընեն, և քու անուանդ փառք տան, ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան, 36Այն ատեն դուն երկինքէն լսես, և քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներես, որպէս զի անոնց սորվեցնես այն աղէկ ճամբան՝ որուն մէջ պիտի քալեն, ու քու ժողովուրդիդ ժառանգութիւն տուած երկրիդ վրայ անձրև տաս: 37Եթէ երկրի վրայ սով, կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն, կամ արմտեաց դալուկ, կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն, կամ որեւիցէ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ, 38Քու բոլոր ժողովուրդէդ Իսրայէլէ որեւիցէ մարդ աղօթք մը ու խնդրուածք մը ընելու ըլլայ, և իւրաքանչիւր մարդ իր սրտին ախտը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպ ի այս տունը երկնցնէ, 39Այն ատեն դուն երկինքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսես ու ներես, և ընես. և ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ընես, անոր սիրտը գիտնալուդ համար. վասն զի բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն գիտես. 40Որպէս զի քեզմէ վախնան իրենց բոլոր օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տուած երկրիդ վրայ պիտի ապրին: 41Ու քու ժողովուրդէդ Իսրայէլէ չեղող և հեռաւոր երկրէ մը քու անուանդ համար եկող օտարականն ալ, 42(Վասն զի քու մեծ անունդ ու զօրաւոր ձեռքդ ու երկընցած բազուկդ պիտի լսեն,) եթէ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ, 43Դուն երկինքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսես, և օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրուածքը կատարես, որպէս զի երկրի ամէն ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան, ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի պէս քեզմէ վախնան, և գիտնան թէ այս իմ շինած տանս վրայ քու անունդ կոչուած է: 44Երբ քու ժողովուրդդ իր թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով՝ որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այս քու ընտրած քաղաքիդ, ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով՝ Տէրոջը աղօթք ընեն, 45Երկինքէն անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսես, և անոնց իրաւունք ընես: 46Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն, (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ,) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես, ու անոնց գերեվարները թշնամիին հեռու կամ մօտ երկիրը գերի տանին զանոնք, 47Եթէ այն իրենց գերութեան երկրին մէջ զեղջի գան ու դառնան, և իրենց գերեվարներուն երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն, Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք. 48Եւ եթէ զանոնք գերի տանող թշնամիներուն երկրին մէջ իրենց բոլոր սրտովը ու իրենց բոլոր հոգւովը քեզի դառնան, ու իրենց երկրին, զոր իրենց հայրերուն տուիր, և քու ընտրած քաղաքիդ, ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայէլով՝ քեզի աղօթք ընեն, 49Դուն երկինքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսես, ու անոնց իրաւունք ընես, 50Եւ քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ու բոլոր յանցանքը ներես, ու այնպէս ընես որ անոնց գերեվարները անոնց վրայ գթան, և անոնց ողորմութիւն ընեն. 51Քանզի անոնք քու ժողովուրդդ ու քու ժառանգութիւնդ են, զորոնք Եգիպտոսէ, երկաթի հնոցին մէջէն, հանեցիր: 52Եւ քու ծառայիդ խնդրուածքին ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի խնդրուածքին քու աչքդ ու ականջդ բաց ըլլայ, որպէս զի անոնց քեզի ըրած ամէն աղաղակը լսես: 53Քանզի երկրի ամէն ժողովուրդներէն դուն զատեցիր զանոնք, որպէս զի քու ժառանգութիւնդ ըլլան, ինչպէս քու ծառայիդ Մովսէսի ձեռքով խօսեցար երբ մեր հայրերը Եգիպտոսէ հանեցիր, ով Տէր Եհովա:
Վերջին աղօթքը
54Երբ Սողոմոն այս բոլոր աղօթքը ու խնդրուածքը Տէրոջը ըրաւ լմնցուց, Տէրոջը սեղանին առջեւէն ելաւ, ուր ձեռքերը դէպ ի երկինք տարածուած ծունկ կրկներ էր, 55Ու ոտքի վրայ կայնելով՝ Իսրայէլի բոլոր ժողովքը բարձր ձայնով օրհնեց ու ըսաւ, 56Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ իր բոլոր ըսածին համեմատ իր Իսրայէլ ժողովուրդին հանգստութիւն տուաւ, ու իր ծառային Մովսէսի ձեռքով խօսած ամէն բարի խօսքերէն բնաւ խօսք մը գետինը չինկաւ: 57Մեր Տէր Աստուածը մեզի հետ ըլլայ, ինչպէս մեր հայրերուն հետ էր. ու մեզ չթողու ու մեզ երեսէ չձգէ, 58Եւ մեր սիրտը իրեն դարձնէ, որպէս զի իր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալենք, ու պահենք իր պատուիրանքները, կանոնները ու իրաւունքները զորոնք մեր հայրերուն պատուիրեց: 59Եւ Տէրոջը առջև մատուցած այս պաղատանքի խօսքերս ցորեկ ու գիշեր մեր Տէր Աստուծոյն մօտենան, որպէս զի օրէ օր պատահած գործերուն մէջ իր ծառային ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին իրաւունք ընէ. 60Որպէս զի երկրի ամէն ժողովուրդները գիտնան թէ Եհովա ինքն է Աստուած, և ուրիշ մը չկայ: 61Ու ձեր սիրտը մեր Տէր Աստուծոյն առջև ուղիղ ըլլայ, որպէս զի այս օրուան պէս անոր կանոններուն մէջ քալէք, ու անոր պատուիրանքները պահէք:
Տաճարին ընծայումը
62Եւ թագաւորը ու բոլոր Իսրայէլ անոր հետ Տէրոջը առջև զոհեր մատուցին: 63Եւ Սողոմոն Տէրոջը մատուցած խաղաղութեան զոհին համար՝ քսանուերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհ ըրաւ. և թագաւորը ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Տէրոջը տանը նաւակատիքը ըրին: 64Այն օրը թագաւորը Տէրոջը տանը առջև եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց. քանզի իր ողջակէզները, հացի ընծաները ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուց, վասն զի Տէրոջը առջևի պղնձէ սեղանը պզտիկ կու գար այս ողջակէզները, հացի ընծաները ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը ընդունելու: 65Եւ այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչև Եգիպտոսի հեղեղատը մեր Տէր Աստուծոյն առջև եօթը օր ու եօթը օր եւս, այսինքն տասնըչորս օր, տօն ըրին: 66Եւ Սողոմոն ութերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք թագաւորը օրհնեցին, ու իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բոլոր բարիքներուն համար, զորոնք Տէրը իր Դաւիթ ծառային ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին ըրաւ: