Երրորդ Թագավորաց գիրք

9

Աստուած կրկին կ’երեւի Սողոմոնին

1Երբ Տէրոջը տունը ու թագաւորական տունը և իր սրտին բոլոր ուզած բաները շինեց լմնցուց, 2Տէրը Սողոմոնի նորէն երեւցաւ՝ ինչպէս Գաբաւոնի մէջ երեւցեր էր: 3Եւ Տէրը անոր ըսաւ, Իմ առջեւս ըրած աղօթքդ ու պաղատանքդ լսեցի. և այս շինած տունդ սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն դնեմ, ու իմ աչքերս ու սիրտս միշտ հոն պիտի ըլլան: 4Եւ եթէ դուն իմ առջեւս քու հօրդ Դաւիթի քալածին պէս՝ կատարեալ սրտով և ուղղութեամբ քալես, ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես ու իմ կանոններս ու դատաստաններս պահես, 5Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթի խօսեցայ՝ ըսելով, Իսրայէլի աթոռին վրայ քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ: 6Եթէ դուք կամ ձեր որդիները ինծմէ խոտորիք, ու ձեր առջև դրած պատուիրանքներս ու կանոններս չպահեք, ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք և անոնց երկրպագութիւն ընէք, 7Այն ատեն Իսրայէլը պիտի ջնջեմ այն երկրին վրայէն զոր իրենց տուի. ու իմ անուանս համար այս սրբած տունս երեսէս պիտի ձգեմ. և բոլոր ազգերուն մէջ ու կատակ պիտի ըլլայ: 8Եւ այս բարձր տանը համար ամէն քովէն անցնողը պիտի զարմանայ, ու սուլելով պիտի ըսէ, Տէրը ինչո՞ւ համար այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ: 9Եւ պիտի ըսեն, Վասն զի անոնք իրենց Տէր Աստուածը թողուցին, որ անոնց հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր, և ուրիշ աստուածներու յարեցան և անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառաւ Տէրը անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ:

Սողոմոնին համաձայնութիւնը Քիրամին հետ

10Եւ Սողոմոն երկու տունը, Տէրոջը տունը ու թագաւորական տունը, քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը, 11Տիւրոսի թագաւորը Քիրամ եղեւնափայտերով, փայտերով ու ոսկիով անոր ամէն ուզածին համեմատ Սողոմոնի օգնութիւն ընելուն համար, Սողոմոն թագաւորն ալ այն ատեն Քիրամի քսան տուաւ Գալիլեայի երկրին մէջ: 12Ու Քիրամ Տիւրոսէ ելաւ՝ որպէս զի Սողոմոնի իրեն տուած քաղաքները տեսնէ, և իր աչքերուն հաճոյ չերեւցան. 13Ու ըսաւ, , այս ի՛նչ քաղաքներ են զորոնք ինծի տուիր. ու անոնց անունը Քաբօղի կոչեց մինչև այսօր. 14Եւ Քիրամ՝ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ղրկեց:

Սողոմոնին միւս նուաճումները

15Ու Սողոմոն թագաւորին դրած հարկին պատճառը այս էր՝ որ Տէրոջը տունը, իր տունը ու Մելօնը ու Երուսաղէմի պարիսպը, Հասորը, Մակեդդովը ու Գազերը շինէ: 16(Քանզի Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը ելլելով՝ Գազերը առեր, ու զանիկա կրակով այրեր էր, և այն քաղաքին մէջ բնակող Քանանացիները մեռցնելով, զանիկա իր աղջկան, Սողոմոնի կնոջ, օժիտ տուեր էր:) 17Ու Սողոմոն Գազերը ու վարի Բեթորոնը շինեց, 18Նաև Բաաղեթը ու Թադմօրը երկրին անապատին մէջ, 19Եւ Սողոմոնի բոլոր շտեմարանի քաղաքները, ու կառքերուն քաղաքները, ու ձիավորներուն քաղաքները, և այն բոլոր շէնքերը, զորոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի մէջ, Լիբանանի մէջ ու իր տէրութեան բոլոր երկրին մէջ: 20Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք Ամօրհացիներէն, Քետացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին, և Իսրայէլի որդիներէն չէին, 21Այսինքն անոնց զաւակները, որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին, ու Իսրայէլի որդիները չէին կրցեր զանոնք բնաջինջ ընել, Սողոմոն զանոնք հարկատու ծառայ ըրաւ մինչև այսօր: 22Բայց Սողոմոն Իսրայէլի որդիներէն իրեն ծառայ չըրաւ. հապա անոնք իր պատերազմական մարդիկը, իր պալատականները, իշխանները, զօրաւարները, ու իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներն էին: 23Սողոմոնի գործին վրայ հինգ հարիւր յիսուն գլխաւոր իշխաններ կային, որոնք բանուոր ժողովուրդին վրայ կ՚իշխէին: 24Իսկ Փարաւոնի աղջիկը Դաւիթի քաղաքէն ելաւ, ու գնաց իր տունը զոր Սողոմոն անոր համար շիներ էր. այն ատեն Մելօնը շինեց: 25Եւ Սողոմոն տարին երեք անգամ Տէրոջը համար շինած սեղանին վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր կը մատուցանէր, և Տէրոջը առջեւի սեղանին վրայ կը ծխէր: 26Ու երբ տունը լմնցուց, Սողոմոն թագաւորը Եդովմի երկրին մէջ Կարմիր ծովուն եզերքը՝ Ելաթի քով եղող Գասիոնգաբերի մէջ նաւեր շինեց: 27Եւ Քիրամ Սողոմոնի ծառաներուն հետ, ծովու ճամբորդութեան հմուտ եղող իր նաւավար ծառաները այն նաւերով ղրկեց: 28Ու անոնք Ոփիր գացին, և անկէ չորս հարիւր քսան տաղանդ ոսկի առին, ու Սողոմոն թագաւորին բերին:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981