Ա Պետրոս
3
Կիներ և ամուսիններ
1Նմանապէս կիները հնազանդ ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին կիներուն վարմունքովը, 2Տեսնելով ձեր երկիւղած պարկեշտ վարքը: 3Որոնց զարդարանքը չըլլայ դրսէն մազերու հիւսուածքներով և ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով. 4Հապա սրտին ծածուկ մարդը` անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջև խիստ պատուական է: 5Վասն զի ատենօք սուրբ կիները, որոնք իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած էին, անձերնին այսպէս կը զարդարէին` իրենց այրերուն հնազանդ ըլլալով. 6Ինչպէս Սառա հնազանդ էր Աբրահամի, և զանիկա տէր կը կոչէր. որ դուք բարեգործ ըլլալով ու երկիւղէ մը չվախնալով` անոր զաւակները կ’ըլլաք: 7Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ բնակին, տկար անօթի պէս պատիւ տալով կիներուն, իբրև կենաց շնորհքին ժառանգակիցներու , որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ:
Արդարութեան համար չարչարանք
8Վերջապէս ամէնդ մէկ միտքի վրայ ըլլաք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ: 9Չըլլայ որ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէք, կամ նախատինքի փոխարէն նախատինք. այլ ընդհակառակն օրհնեցէք, գիտնալով որ այս բանին համար կանչուեցաք, որպէս զի օրհնութիւն ժառանգէք: 10Վասն զի ան որ կ’ուզէ կեանքը սիրել ու բարի օրեր տեսնել, իր լեզուն թող դադրեցնէ չարութենէ, ու իր շրթունքները` նենգութիւն խօսելէ. 11Չարութենէ ետ քաշուի ու բարութիւն ընէ, խաղաղութիւն փնտռէ և անոր ետևէն երթայ: 12Վասն զի Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են, ու իր ականջները` անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն վրայ է: 13Եւ ո՞վ ձեզի չարիք մը պիտի հասցնէ` եթէ դուք բարիին հետևող ըլլաք: 14Բայց եթէ արդարութեան համար չարչարուիք ալ` երանելի էք. և անոնց ահէն մի վախնաք ու մի շփոթիք. 15Հապա Տէր Աստուածը սիրտերնուդ մէջ սուրբ պահեցէք. և միշտ պատրաստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամէնուն որ ձեր ունեցած յոյսին պատճառը ձեզի կը հարցնեն: 16Եւ բարի խղճմտանք ունենանք, որպէս զի ի°նչ բանով որ ձեզ կը բամբասեն իբրև չարագործներ, ամօթով մնան անոնք` որ Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարմունքը կը պախարակեն: 17Վասն զի աւելի աղէկ է բարեգործութիւն ընելով չարչարուիլ, եթէ Աստուծոյ կամքը այն ըլլայ, քան թէ չարագործութիւն ընելով: 18Վասն զի Քրիստոս ալ մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, Արդարը անարդարներուն վրայ, որպէս զի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ. որ թէպէտ մեռաւ մարմինով, բայց կենդանի եղաւ հոգիով. 19Որով բանտի մէջ եղած հոգիներուն ալ գնաց ու քարոզեց. 20Որոնք ատեն մը ապստամբ էին, երբ Աստուծոյ երկայնմտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյի օրերը` երբ տապանը կը շինուէր, որուն մէջ քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ապրեցան. 21Որ մեզ ալ այն օրինակին պէս մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ, (ոչ թէ մարմինին աղտը մէկդի ձգելը, հապա բարի խղճմտանքին վկայութիւնը առ Աստուած,) Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնովը. 22Որ երկինք գացած` Աստուծոյ աջ կողմն է, հրեշտակներուն ու իշխանութիւններուն իրեն հնազանդելովը:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981