Ա Պետրոս
4
Փրկուած կեանքեր
1Ուստի որովհետև Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմինով, դուք ալ նոյն միտքով զինուորեցէք. վասն զի ան որ մարմինով չարչարուեցաւ, մեղքէն դադարած է. 2Որպէս զի ա°լ ոչ թէ մարդոց ցանկութիւններուն պէս` հապա Աստուծոյ կամքին պէս ապրիք մարմինի մէջ մնացած ատեն: 3Վասն զի հերիք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք, ու գիճութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով, արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք: 4Ու այս բանին կը զարմանան` որ դուք նոյն չափազանց անառակութեան մէջ անոնց հետ չէք վազեր, ու հայհոյութիւն կ’ընեն. 5Որոնք պատասխան պիտի տան անոր` որ պատրաստ է դատել կենդանիները ու մեռելները: 6Քանզի ասոր համար մեռելներուն ալ աւետարանը քարոզուեցաւ, որպէս զի դատուին մարդոց կողմանէ մարմինով, ու կենդանի ըլլան Աստուծոյ կողմանէ հոգիով:
Աստուծոյ շնորհներուն բարի տնտեսները
7Սակայն ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէք: 8Եւ ամէն բանէ առաջ իրարու հետ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ: 9Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէք առանց տրտունջ ընելու: 10Ամէն մէկը ինչ տեսակ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէք Աստուծոյ զանազան շնորհաց բարի տնտեսներուն պէս: 11Եթէ մէկը խօսի, Աստուծոյ պատգամներուն պէս թող խօսի. եթէ մէկը մատակարարութիւն ընէ, որպէս թէ Աստուծոյ շնորհաց զօրութենէն թող ընէ, որպէս զի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով. որու փառք և զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
Իբր քրիստոնեայ չարչարուիլ
12Սիրելիներ, օտար բան մի սեպէք այն նեղութեան բորբոքը, որ ձեր փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է. 13Հապա ուրախ եղէք` քանի որ Քրիստոսի չարչարանքներուն հաղորդ եղած էք, որպէս զի անոր փառքին յայտնուելու ատենն ալ ցնծութեամբ ուրախանաք: 14Եթէ Քրիստոսի անուանը համար նախատուիք, երանելի էք. վասն զի փառաց [և զօրութեան]և Աստուծոյ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է. արդարև անոնց կողմանէ կը հայհոյուի անիկա, բայց ձեր կողմանէ կը փառաւո-րուի: 15Չըլլայ որ ձեզմէ մէկը չարչարուի իբրև մարդասպան, կամ գող, կամ չարագործ, կամ իբրև ուրիշին բանին խառնուող. 16Բայց եթէ չարչարուի իբրև Քրիստոնեայ` թող չամչնայ, հապա այս մասին թող Աստուծոյ փառք տայ: 17Քանզի ժամանակ է որ դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսի. և եթէ առաջ մեզմէ կը սկսի, հապա անոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ` որոնք Աստուծոյ աւետարանին չեն հնազանդիր: 18Եւ եթէ արդարը դժուարաւ կը փրկուի, հապա ամբարիշտը ու մեղաւորը ո՞ւր պիտի գտնուի: 19Ուստի անոնք որ Աստուծոյ կամքին համեմատ կը չարչարուին, բարիք գործելով իրենց հոգիները թող անոր յանձնեն, իբրև հաւատարիմ Ստեղծողին:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981