Ա Պետրոս

5

Աստուծոյ հօտը

1Ձեր մէջ եղող երէցներուն կ’աղաչեմ, ես ալ անոնց պէս երէց ըլլալովս, ու Քրիստոսի չարչարանքներուն վկայ, և յայտնուելու հանդերձեալ փառքին մասնակից. 2Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է` արածեցէք, վերակացու ըլլալով ոչ թէ ակամայ` հապա կամաւ, ոչ թէ անարգ շահախնդրութեամբ` հապա յօժարութեամբ, 3Ոչ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով` հապա հօտին օրինակ ըլլալով. 4�ւ Հովուապետին երևցած ատենը փառաց անթառամ պսակը պիտի ընդունիք: 5Նմանապէս դուք, երիտասարդներ, հնազանդ եղէք ծերերուն. և ամէնդ իրարու հնազանդ ըլլալով` խոնարհութիւն հագէք. վասն զի ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ: 6Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ: 7Ձեր ամէն հոգը անոր ձգեցէք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ: 8Արթուն կեցէք, հսկեցէք, վասն զի ձեր հակառակորդը, սատանայ, մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի, ու կը փնտռէ թէ ո°վ կլլէ. 9Որու դէմ կեցէք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն: 10Եւ բոլոր շնորհաց Աստուածը, որ մեզ իր յաւիտենական փառքին կանչեց Քրիստոս Յիսուսի ձեռքով, քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելնէդ ետքը, ինք ձեզ կատարեալ ընէ, հաստատէ, զօրացնէ ու հիմնէ: 11Իրեն և զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Վերջին բարևներ

12Սիղուանոս հաւատարիմ եղբօր ձեռքով, (ինչպէս ես կը կարծեմ,) համառօտ մը ձեզի գրեցի, յորդորելով ու վկայելով թէ այս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, որուն մէջ հաստատ կեցեր էք: 13Բարև կ’ընէ ձեզի Բաբելոնի մէջ եղած եկեղեցին որ ձեզի հետ ընտրուած է, ու իմ որդիս Մարկոս ալ: 14Բարև տուէք իրարու սիրոյ համբուրով. խաղաղութիւն ձեր ամէնուն հետ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էք: Ամէն:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981