Առաջին Թագավորաց գիրք

10

Սամուէլ Սաւուղը իշխան կ’օծէ

1Եւ իւղին շիշը առաւ, ու անոր գլխուն վրայ թափեց, և զանիկա համբուրեց ու ըսաւ, Չէ՞ որ Տերը քեզ իր ժառանգութեանը վրայ օծեց: 2Այսօր ինծմէ գացած ատենդ Բենիամինի սահմանը Սելսահի մէջ՝ Ռաքէլի գերեզմանին քով երկու մարդ պիտի գտնես, ու քեզի պիտի ըսեն, Գտնուեցան այն էշերը զորոնք փնտռելու գացած էիր. և ահա քու հայրդ էշերուն հոգը թողուց, ու ձեզի համար կը հոգայ, ու կ՚ըսէ, Տղուս համար ի՞նչ ընեմ: 3Ու երբ անկէ անդին երթաս և Թաբօրի կաղնին հասնիս, հոն երեք մարդ քեզի պիտի հանդիպին, որոնց մէկը երեք ուլ, մէկը երեք հացի նկանակ ու մէկն ալ տիկ մը տանելով՝ Աստուծոյ կ՚ելլեն դէպ ի : 4Ու քու ողջութիւնդ հարցնելով՝ քեզի երկու պիտի տան, դուն ալ անոնց ձեռքէն պիտի առնես: 5Անկէ ետքը Աստուծոյ բլուրը պիտի երթաս, ուր Փղշտացւոց բերդապահ զօրքը կը կենայ. ու երբ հոն քաղաքը մտնես, բարձր տեղէն իջնող մարգարէներու գունդի մը պիտի հանդիպիս, որոնք իրենց առջեւէն տաւիղ, թմբուկ, սրինգ ու քնար ունենալով մարգարէութիւն պիտի ընեն: 6Եւ քու վրադ Տէրոջը Հոգին պիտի գայ, ու անոնց հետ մարգարէութիւն պիտի ընես. և դուն պիտի փոխուիս, ուրիշ մարդ մը պիտի ըլլաս: 7Ու երբ այս նշանները քու վրադ գան, ձեռքէդ եկածը ընես, քանզի քեզի հետ է: 8Եւ ինծմէ առաջ Գաղգաղա իջնես. և ահա ես քեզի պիտի իջնեմ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանելու համար. և դուն եօթը օր սպասես, մինչև որ ես քեզի գամ, ու քու ընելու գործդ քեզի իմացնեմ: 9Ու երբ անիկա իր կռնակը դարձուց՝ Սամուէլի քովէն երթալու համար, Աստուած անոր ուրիշ սիրտ մը տուաւ. և նոյն օրը այս բոլոր նշանները կատարուեցան: 10Ու երբ հոն բլուրը եկան, ահա մարգարէից գունդ մը անոր առջև ելաւ. և անոր վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ, ու անոնց մէջ մարգարէութիւն ըրաւ: 11Եւ ամէն անոնք որ զանիկա առաջուընէ կը ճանչնային, երբ տեսան որ անիկա մարգարէներու հետ մարգարէութիւն կ՚ընէ, ժողովուրդը իրարու ըսին, Այս ի՞նչ բան է որ Կիսի որդւոյն հանդիպեր է. միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է: 12Եւ այն տեղի մարդոցմէ մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Հապա անոնց հայրը ո՞վ է: Անոր համար ասիկա մը եղաւ, Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է: 13Ու երբ մարգարէութիւն ընելը լմնցուց, բարձր տեղը եկաւ: 14Եւ Սաւուղի հօրեղբայրը անոր ու անոր մանչուն ըսաւ, Ո՞ւր գացիք: Ու անիկա ըսաւ, Էշերը փնտռելու. բայց երբ տեսանք որ չկան, Սամուէլի գացինք: 15Եւ Սաւուղի հօրեղբայրը ըսաւ, Սամուէլ ձեզի ի՞նչ զրուցեց, պատմէ ինծի: 16Ու իր հօրեղբօրը ըսաւ, Էշերուն գտնուիլը մեզի յայտնապէս իմացուց: Բայց թագաւորութեան վրայով Սամուէլի ըսած խօսքը անոր չյայտնեց:

Սաւուղ իբր թագաւոր կը ծափահարուի

17Եւ Սամուէլ ժողովուրդը Մասփայի մէջ Տէրոջը առջև ժողվեց: 18Ու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ, Ես Իսրայէլը Եգիպտոսէ հանեցի, ու ձեզ Եգիպտացւոց ձեռքէն և ձեզի նեղութիւն տուող բոլոր թագաւորներուն ձեռքէն ազատեցի: 19Ու դուք այսօր ձեր Աստուածը մերժեցիք, որ ձեր ամէն չարիքներէն ու նեղութիւններէն ձեզ ազատեց, ու անոր ըսիք, Անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը դիր: Ուրեմն հիմա ձեր ցեղերովը ու հազարաւորներովը Տէրոջը առջև կայնեցէք: 20Ու երբ Սամուէլ Իսրայէլի ամէն ցեղերը մօտեցուց, վիճակը Բենիամինի ցեղին ելաւ: 21Ետքը Բենիամինի ցեղը ազգատոհմներովը մօտեցուց, ու վիճակը Մատրիի ազգատոհմին ելաւ. ետքը Կիսի որդւոյն Սաւուղի ելաւ. բայց երբ զանիկա փնտռեցին, անիկա չգտնուեցաւ: 22Եւ նորէն Տէրոջը հարցուցին, թէ Արդեօք այն մարդը հոս կու գա՞յ. ու Տէրը ըսաւ, Ահա անիկա կարասիներուն մէջտեղը պահուած է: 23Եւ վազելով՝ զանիկա անկէ առին, ու ժողովուրդին մէջտեղը կայնեցաւ. և բոլոր ժողովուրդէն՝ ուսէն վեր երկայն էր: 24Ու Սամուէլ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ, Տէրոջը ընտրած մարդը տեսա՞ք, որ բոլոր ժողովուրդին մէջ անոր պէս չկայ. և բոլոր ժողովուրդը աղաղակեց ու ըսաւ, Կեցցէ՛ արքայ: 25Եւ Սամուէլ թագաւորութեան կանոնները ժողովուրդին զրուցեց, ու զանոնք գիրքի մը մէջ գրեց, ու Տէրոջը առջև դրաւ, և Սամուէլ բոլոր ժողովուրդը արձակեց, որպէս զի ամէն մարդ իր տունը երթայ: 26Սաւուղ ալ Գաբաա իր տունը գնաց. ու խումբ մը մարդիկ անոր հետ գացին, որոնց սիրտը Աստուած դրդեց: 27Բայց չար մարդիկ ըսին, Ասիկա մեզ ի՞նչպէս պիտի ազատէ. ուստի զանիկա քամահրեցին, ու անոր ընծայ մը չտարին. բայց անիկա լուռ կեցաւ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981