Առաջին Թագավորաց գիրք
13
Փղշտացիներու դէմ պատերազմ
1Երբ այս բաները եղան, Սաւուղ մէկ տարուան թագաւոր էր. ու երբ Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ, 2Սաւուղ Իսրայէլէ երեք հազար մարդ ընտրեց իրեն համար. երկու հազարը Սաւուղի հետ Մաքմաս ու Բեթէլի լեռն էին, և հազարն ալ Յովնաթանի հետ Բենիամինի Գաբաան էին. ու մնացած ժողովուրդը, ամէն մարդ, իր վրանը ղրկեց: 3Եւ Յովնաթան Գաբայի մէջ եղող Փղշտացւոց պահապան զօրքերը զարկաւ, ու Փղշտացիք լսեցին: Այն ատեն Սաւուղ բոլոր երկրին մէջ փող հնչեցնել տուաւ՝ ըսելով, Եբրայեցիները թող լսեն: 4Եւ բոլոր Իսրայէլ լսեց որ Սաւուղ Փղշտացւոց պահապան զօրքերը զարկաւ, և Իսրայէլ Փղշտացւոց առջև ատելի եղաւ. ու ժողովուրդը Գաղգաղայի մէջ Սաւուղի քով ժողվուեցան: 5Եւ Փղշտացիք ալ ժողվուեցան, որպէս զի Իսրայէլի դէմ պատերազմ ընեն. և անոնք երեսուն հազար կառք ու վեց հազար ձիաւոր ունէին, և ժողովուրդը ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էր. ու ելան և Բեթաւանի արեւելեան կողմը Մաքմասի մէջ բանակեցան: 6Ու Իսրայէլի մարդիկը զիրենք նեղութեան մէջ տեսան. և ժողովուրդը տագնապեալ ըլլալով՝ այրերու, թուփերու, ժայռերու, աշտարակներու ու փոսերու մէջ պահուեցան: 7Ու Եբրայեցիք Յորդանանէ Գադի ու Գաղաադի երկիրը անցան. Բայց Սաւուղ դեռ Գաղգաղայի մէջ էր, ու բոլոր ժողովուրդը դողալով անոր ետեւէն կ՚երթային: 8Ու անիկա Սամուէլի որոշած ժամանակին չափ եօթը օր սպասեց, բայց Սամուէլ Գաղգաղա չեկաւ, ու ժողովուրդը անոր քովէն ցրուեցաւ: 9Ու Սաւուղ ըսաւ, Ողջակէզը և խաղաղութեան զոհը ինծի մօտ բերէք. ու ինք ողջակէզը մատուց: 10Ու երբ անիկա ողջակէզը մատուցանելը լմնցուց, այն ատեն Սամուէլ եկաւ. և Սաւուղ ելաւ զանիկա դիմաւորելու ու բարեւելու: 11Ու Սամուէլ ըսաւ, Ի՞նչ ըրիր: Եւ Սաւուղ ըսաւ, Տեսայ որ ժողովուրդը իմ քովէս կը ցրուի, ու դուն քու որոշած օրերուդ մէջ չեկար, ու Փղշտացիք Մաքմասի մէջ ժողվուած են, 12Ու ըսի, Փղշտացիք հիմա իմ վրաս Գաղգաղա պիտի իջնեն, ու ես Տէրոջը առջև աղօթք ըրած չեմ. ուստի համարձակութիւն ընելով* ողջակէզը մատուցի: 13Ու Սամուէլ ըսաւ Սաւուղի, Յիմարութիւն ըրիր, ու քու Տէր Աստուծոյդ՝ քեզի պատուիրած պատուիրանքը չպահեցիր. քանզի հիմա Տէրը քու թագաւորութիւնդ Իսրայէլի վրայ մինչև յաւիտեան պիտի հաստատէր. 14Բայց հիմա քու թագաւորութիւնդ հաստատ պիտի չըլլայ: Տէրը իրեն համար իր սրտին համեմատ մարդ մը կը փնտռէ, զոր Տէրը իշխան պիտի կարգէ իր ժողովուրդին վրայ. քանզի դուն Տէրոջը քեզի պատուիրած հրամանը չպահեցիր: 15Ետքը Սամուէլ ելաւ, ու Գաղգաղայէ Բենիամինի Գաբաան գնաց: Եւ Սաւուղ իր քով գտնուող ժողովուրդը համրեց, ու վեց հարիւրի չափ մարդ էին: 16Ու Սաւուղ և անոր որդին Յովնաթան ու անոնց հետ գտնուող մարդիկը Բենիամինի Գաբաան կը նստէին. ու Փղըշտացւոց բանակը Մաքմասի մէջ էր: 17Եւ Փղշտացւոց բանակէն երեք գունդ աւարառու ելաւ. գունդին մէկը դէպ ի Եփրայի ճամբան, Սաւուղի երկիրը, դարձաւ 18Եւ գունդին մէկը դէպ ի Բեթորոնի ճամբան դարձաւ. ու գունդին մէկն ալ դէպ ի անապատը դարձաւ. ու Սեբոյիմի հովիտը նայող սահմանին ճամբան բռնեց: 19Եւ Իսրայէլի բոլոր երկրին մէջ դարբին մը չէր գտնուեր, քանզի Փղշտացիք ըսեր էին թէ Չըլլայ որ Եբրայեցիք սուր կամ նիզակ շինեն: 20Ու բոլոր Իսրայէլացիք՝ ամէն մէկը իր բրիչը, խոփը, տապարը ու բահը շիտկելու համար Փղշտացւոց երկիրը կ՚իջնէին: 21Բայց բրիչներուն, խոփերուն, եռաժանի գործիքներուն ու տապարներուն համար և խթանները սրելու համար խարտոցներ ունէին: 22Ուստի այնպէս եղաւ որ պատերազմին օրը՝ Սաւուղի ու Յովնաթանի հետ եղող բոլոր ժողովուրդին ձեռքը սուր կամ նիզակ չէր գտնուեր. միայն Սաւուղի ու անոր որդւոյն Յովնաթանի քով կը գտնուէր: 23Ու Փղշտացւոց պահապան զօրքը Մաքմասի կիրճը ելան:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981