Առաջին Թագավորաց գիրք

14

Յովնաթանին յանդուգն արարքը

1Եւ եղաւ որ օր մը Սաւուղի որդին Յովնաթան իր զէնքերը կրող պատանիին ըսաւ, Եկուր, անդիի կողմը Փղշտացւոց պահապան զօրքին անցնինք. բայց իր հօրը չիմացուց: 2Ու Գաբաայի ծայրը՝ Մագրոնի մէջ եղող նռնենիին տակ կը նստէր. և անոր հետ եղող ժողովուրդը վեց հարիւր մարդու չափ էր: 3Ու Հեղիի որդւոյն Փենէհէսի որդւոյն Իքաբօդի եղբօրը Աքիտովբի որդին Աքիա Սելովի մէջ Տէրոջը քահանան էր, որ եփուտ կը հագնէր. ու ժողովուրդը Յովնաթանի երթալը չէր գիտէր: 4Եւ այն կիրճերուն մէջ, ուրկէ Յովնաթան Փղշտացւոց պահապան զօրքին անցնիլ կ՚ուզէր, մէկ կողմանէ քարաժայռ մը ու միւս կողմանէ քարաժայռ մը կար, որոնց մէկուն անունը Բազէս ու միւսին անունը Սենա էր: 5Այս քարաժայռներէն մէկը հիւսիսային կողմը Մաքմասի դիմաց ցցուած էր, ու միւսը հարաւային կողմը՝ Գաբաայի դիմաց: 6Եւ Յովնաթան իր զէնքերը կրող պատանիին ըսաւ, Եկուր այս անթլփատներուն պահապան զօրքին անցնինք, կարելի է որ Տէրը մեզի համար բան մը ընէ. քանզի շատ մարդով կամ քիչ մարդով ազատելու կողմէ արգելք մը չկայ Տէրոջը առջև: 7Ու իր զէնքերը կրողը անոր ըսաւ, Բոլոր քու սրտիդ մէջ եղածը ըրէ. յառաջ գնա. ես քեզի հետ կու գամ քու ուզածիդ պէս: 8Եւ Յովնաթան ըսաւ, Հիմա մենք այն մարդոց անցնինք, ու անոնց երեւնանք. 9Եթէ մեզի այսպէս ըսեն, Կայնեցէք, մինչև մենք ձեզի գանք, այն ատեն մեր տեղը կայնինք ու անոնց չելլենք: 10Բայց եթէ այսպէս ըսեն, Մեզի ելէք, այն ատեն ելլենք, Քանզի Տէրը զանոնք մեր ձեռքը տուած է. ու ասիկա մեզի նշան ըլլայ: 11Ու երբ երկուքը Փղշտացւոց պահապան զօրքին երեւցան, Փղշտացիք ըսին, Ահա Եբրայեցիք իրենց պահուըտած ծակերէն դուրս կ՚ելլեն: 12Եւ պահապան զօրքերը Յովնաթանի ու անոր զէնքերը կրողին պատասխան տուին ու ըսին, Մեզի ելէք, ու ձեզի բան մը իմացնենք. և Յովնաթան իր զէնքերը կրողին ըսաւ, Իմ ետեւէս ելիր, քանզի Տէրը զանոնք Իսրայէլի ձեռքը կու տայ: 13Ու Յովնաթան ձեռքերովը ու ոտքերովը վեր ելաւ, և անոր զէնքերը կրողն ալ անոր ետեւէն, ու Յովնաթանի առջև ինկան, անոր զէնքերը կրողն ալ անոր ետեւէն կը մեռցնէր: 14Եւ Յովնաթան ու անոր զէնքերը կրողը այս առաջին կոտորածին մէջ քսան մարդու չափ մեռցուցին կէս լծավարի չափ գետնի վրայ: 15Ու բանակին մէջ, դաշտին մէջ ու բոլոր ժողովուրդին մէջ խռովութիւն եղաւ. պահապան զօրքերը ու աւարառուներն ալ զարհուրեցան, ու դողաց, այնպէս որ անոնց վրայ Աստուծոյ կողմանէ վախ մը ինկաւ:

Փղշտացւոց պարտութիւնը

16Եւ Բենիամինի Գաբաայէն Սաւուղի դէտերը տեսան որ ահա այն բազմութիւնը մեծ շփոթութեան մէջ է* ու երթալով կը ցրուի: 17Եւ Սաւուղ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ, Աչքէ անցուցէք, ու նայեցէք որ մեզմէ ո՛վ գացեր է. ուստի անոնք աչքէ անցուցին, և ահա Յովնաթան ու անոր զէնքերը կրողը չկար: 18Այն ատեն Սաւուղ Աքիայի ըսաւ, Աստուծոյ տապանակը մօտեցուր. քանզի այն ատեն Աստուծոյ տապանակը Իսրայէլի որդիներուն հետ էր: 19Ու երբ Սաւուղ քահանային հետ կը խօսէր, Փղշտացւոց բանակին մէջի աղմուկը երթալով կը շատնար. և Սաւուղ ըսաւ քահանային, Ձեռքդ քաշէ: 20Ու Սաւուղ և իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ ժողվուեցան, ու մինչև պատերազմին տեղը գացին. և ահա ամէն մարդ իր սուրը իր ընկերին վրայ դարձուցեր էր, ու շատ մեծ խռովութիւն մը կար: 21Եւ այն Եբրայեցիները որոնք առաջ Փղշտացւոց հետ էին, ու շրջակայ երկիրներէն անոնց հետ բանակը ելեր էին, անոնք ալ Սաւուղի ու Յովնաթանի հետ եղող Իսրայէլի հետ միացան: 22Ու Եփրեմի լեռան վրայ պահուըտած Իսրայէլի բոլոր մարդիկը Փղըշտացւոց փախչիլը լսելով, անոնք ալ անոնց ետեւէն պատերազմին մէջ մտան: 23Եւ այն օրը Տէրը ազատեց Իսրայէլը. ու պատերազմը Բեթաւան անցաւ:

Դէպքեր պատերազմէն յետոյ

24Եւ այն օրը Իսրայէլի մարդիկը տագնապեցան. քանզի Սաւուղ ժողովուրդին ընել տուեր էր՝ ըսելով, Ով որ մինչև իրիկուն ուտէ՝ անիծեալ ըլլայ, որպէս զի իմ թշնամիներէս վրէժ առնեմ. ու բոլոր ժողովուրդը բերանը հաց չդրաւ: 25Եւ բոլոր ժողովուրդը անտառ մը մտաւ, ու գետնի երեսին վրայ մեղր կար: 26Ու երբ ժողովուրդը անտառը մտաւ, տեսաւ որ մեղր կը վազէր. բայց ձեռքը բերնին մօտեցնող չկար, քանզի ժողովուրդը երդումէն վախցաւ: 27Եւ Յովնաթան չլսեց երբ իր հայրը ժողովուրդին երդում ընել տուաւ. ուստի իր ձեռքի գաւազանին ծայրը երկնցուց, ու զանիկա մեղրին խորիսխին մէջ խոթեց. ու իր ձեռքը բերանը տանելով՝ աչքերը բացուեցան: 28Այն ատեն ժողովուրդէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Քու հայրդ ժողովուրդին մեծ երդում ընել տուաւ՝ ըսելով, Այսօր հաց ուտող մարդը անիծեալ ըլլայ: Եւ ժողովուրդը նուաղած էր: 29Ու Յովնաթան ըսաւ, Իմ հայրս ժողովուրդը նեղութեան մէջ ձգեց. նայեցէք, այս մեղրէն քիչ մը ուտելուս պէս աչքերս բացուեցան. 30Ալ ո՛րչափ աւելի՝ եթէ ժողովուրդը այսօր իր թշնամիներէն գտած աւարը կշտանալով ուտէր. քանզի հիմա Փղշտացւոց մէջ աւելի մեծ կոտորած կ՚ըլլար*: 31Եւ այն օրը անոնք Փղշտացիները Մաքմասէ մինչև Այեղոն զարկին. ու ժողովուրդը խիստ նուաղեցաւ: 32Եւ ժողովուրդը աւարին վրայ ինկաւ. ու ոչխարները, արջառները և որթերը առին, ու գետնի վրայ մորթեցին. ու ժողովուրդը արիւնովը կերաւ: 33Եւ Սաւուղի իմացուցին ու ըսին, Ահա ժողովուրդը Տէրոջը դէմ կը մեղանչէ, քանզի արիւնով կ՚ուտէ: Եւ անիկա ըսաւ, Անօրէնութիւն ըրիք. հիմա ինծի մեծ քար մը գլորեցէք: 34Ու Սաւուղ ըսաւ, Ժողովուրդին մէջ ցրուեցէք, և անոնց ըսէք, Ամէն մարդ իր արջառը ու իր ոչխարը ինծի մօտեցնէ, ու հոս մորթէ և ուտէ, ու արիւնով ուտելով Տէրոջը դէմ չգործէ: Ուստի բոլոր ժողովուրդը, ամէն մարդ իր ձեռքովը, այն գիշերը իր արջառը մօտեցուց, ու հոն մորթեց: 35Եւ Սաւուղ Տէրոջը շինեց. այս էր Տէրոջը համար Սաւուղի շինած առաջին սեղանը: 36Եւ Սաւուղ ըսաւ, Գիշերով Փղըշտացւոց ետեւէն իջնենք, ու մինչև որ առաւօտը ծագէ՝ զանոնք թալլենք, ու անոնցմէ մա՛րդ մը չթողունք. և անոնք ըսին, Քու աչքերուդ ինչ որ հաճոյ է՝ զայն ըրէ: Ու քահանան ըսաւ, Հոս Աստուծոյ մօտենանք: 37Եւ Սաւուղ Աստուծոյ հարցուց՝ ըսելով, Փղշտացւոց ետեւէն իջնե՞մ. զանոնք Իսրայէլի ձեռքը պիտի տա՞ս: Բայց այն օրը պատասխան չտուաւ անոր: 38Այն ատեն Սաւուղ ըսաւ, Հոս մօտեցէք, ժողովուրդին բոլոր իշխանները, և հասկÁցէք ու տեսէք թէ այսօր այս մեղքը որո՞ւնն է: 39Քանզի Իսրայէլը ազատող Տէրը կենդանի է որ թէև իմ որդւոյս Յովնաթանին ալ ըլլայ, անպատճառ պիտի մեռնի. ու բոլոր ժողովուրդին մէջ անոր պատասխան տուող մը չկար: 40Այն ատեն անիկա բոլոր Իսրայէլի ըսաւ, Դուք մէկ կողմը կայնեցէք, ու ես և իմ որդիս Յովնաթան միւս կողմը կայնինք. ու ժողովուրդը Սաւուղի ըսաւ, Աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ: 41Եւ Սաւուղ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ըսաւ, Ճշմարտութիւնը յայտնէ*. և Յովնաթան ու Սաւուղ վիճակով բռնուեցան, ու ժողովուրդը ազատ մնաց: 42Եւ Սաւուղ ըսաւ, Իմ վրաս ու իմ որդւոյս Յովնաթանի վրայ վիճակ ձգեցէք. ու Յովնաթան բռնուեցաւ: 43Եւ Սաւուղ Յովնաթանի ըսաւ, Ինծի իմացուր թէ ի՞նչ ըրիր. ու Յովնաթան անոր իմացուց ու ըսաւ, Ձեռքիս գաւազանին ծայրովը քիչ մը մեղր կերեր եմ. ու ահա ես պիտի մեռնիմ: 44Եւ Սաւուղ ըսաւ, ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ որ անշուշտ պիտի մեռնիս, Յովնաթան: 45Բայց ժողովուրդը Սաւուղի ըսաւ, Յովնաթա՞ն պիտի մեռնի, ան որ այսօր Իսրայէլի մէջ այս մեծ փրկութիւնը ըրաւ. քա՜ւ լիցի. կենդանի է Տէր, որ անոր գլխուն մէ՛կ մազը գետինը պիտի չիյնայ. քանզի այսօր Աստուծով յաղթութիւն ըրաւ: Այսպէս ժողովուրդը Յովնաթանը ազատեց, ու անիկա չմեռաւ: 46Եւ Սաւուղ Փղշտացիներէն ետ դարձաւ, ու Փղշտացիք իրենց տեղը գացին:

Սաւուղին իշխանութիւնը և ընտանիքը

47Ուստի Սաւուղ սկսաւ Իսրայէլի վրայ թագաւորել. ու բոլոր շրջակայ թշնամիներուն հետ, այսինքն Մովաբի հետ, և Ամմոնի որդիներուն հետ, Եդովմի հետ, Սուբայի թագաւորներուն հետ, ու Փղշտացւոց հետ ըրաւ. և ո՛ր կողմը որ դարձաւ՝ յաղթութիւն ըրաւ: 48Ու քաջութիւն ընելով Ամաղէկը զարկաւ, և ազատեց Իսրայէլը իր կողոպտիչնե-րուն ձեռքէն: 49Եւ Սաւուղի որդիները Յովնաթան, Յեսուի ու Մեղքիսաւէ էին. և անոր երկու աղջիկներուն անունները՝ առաջինին անունը Մերովբ, ու պզտիկին անունը Մեղքող էր: 50Եւ Սաւուղի կնոջ անունը Աքինոամ էր: Աքիմաասի աղջիկը, ու անոր զօրաւարին անունը Աբեններ էր, Սաւուղի հօրեղբօրը Ների որդին: 51Եւ Կիս, Սաւուղի հայրը, ու Աբենների հայրը Ներ Աբիէլի որդիներն էին: 52Եւ Սաւուղի բոլոր օրերը Փղշտացւոց դէմ սաստիկ պատերազմ կար. ու Սաւուղ ամէն տեսած զօրաւոր մարդը և ամէն ուժի տէր եղողը իր քով կը ժողվէր:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981