Առաջին Թագավորաց գիրք

17

Գողիաթ Իսրայելացիները մենամարտի կը հրաւիրէ

1Եւ Փղշտացիք իրենց զօրքերը ժողվեցին պատերազմելու համար, և Յուդայի Սոքովին մէջ ժողվուեցան. և Սոքովի ու Ազեկայի մէջտեղ Ափեսդոմմին բանակեցան: 2Եւ ու Իսրայէլի մարդիկը ժողվուեցան, ու Էլայի հովիտին մէջ բանակեցան. և Փղշտացւոց դէմ ընելու համար կարգաւ շարուեցան: 3Ու Փղշտացիք մէկ կողմանէ լեռան մը վրայ կայներ էին, ու Իսրայելացիք միւս կողմանէ լեռան մը վրայ կայներ էին. ու հովիտը անոնց մէջտեղ էր: 4Եւ Փղշտացւոց բանակէն Գողիաթ անունով, վեց կանգուն ու մէկ թիզ բարձրութեամբ, Գեթացի ախոյեան մը ելաւ. 5Անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ կար, ու հիւսուած զրահ մը հագեր էր. ու անոր պղնձէ զրահին ծանրութիւնը հինգ հազար սիկղ էր: 6Եւ ոտքերուն վրայէն պղնձէ սռնապաններ և ուսերուն մէջտեղ պղնձէ մը ունէր: 7Անոր նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր, ու նիզակին տէգը վեց հարիւր սիկղ երկաթէ էր. և անոր վահանը կրողը անոր առջեւէն կ՚երթար: 8Անիկա եկաւ կայնեցաւ, ու Իսրայէլի գունդերուն կանչելով՝ անոնց ըսաւ, Ինչո՞ւ համար մեզի դէմ պատերազմ ընելու ելեր էք, ու գունդերով շարուեր էք. միթէ ես Փղշտացի չե՞մ, ու դուք Սաւուղի ծառաները չէ՞ք. ձեր մէջէն մարդ մը ընտրեցէք, որպէս զի իջնէ ինծի հետ մենամարտի: 9Եթէ կարող ըլլայ ինծի հետ ծեծկուելու, ու զիս մեռցնէ, այն ատեն մենք ձեզի ծառայ ըլլանք. բայց եթէ ես յաղթեմ ու զանիկա մեռցնեմ, այն ատեն դուք մեզի ծառայ ըլլաք ու մեզի ծառայութիւն ընէք: 10Եւ այն Փղշտացին ըսաւ, Ես այսօր Իսրայէլի գունդերը նախատեցի. ինծի մարդ մը տուէք, որպէս զի իրարու հետ ծեծկուինք: 11Ու երբ Սաւուղ ու բոլոր Փղշտացիին այս խօսքերը լսեցին, զարհուրեցան ու խիստ վախցան:

Դաւիթ Սաւուղի բանակատեղիին մէջ

12Եւ Եփրաթացի, այսինքն Յուդայի Բեթլէհեմացի, Յեսսէ անունով մարդու մը որդի էր. անիկա ութ որդի ունէր, ու անիկա Սաւուղի օրերը մարդոց մէջ ծեր մարդ կը սեպուէր: 13Եւ Յեսսէի երեք մեծ որդիները իր քովէն ելլելով, Սաւուղի ետեւէն պատերազմի գացեր էին. և պատերազմի գացող երեք որդիներուն անունները՝ անդրանկանը Եղիաբ, երկրորդինը Աբինադաբ, և երրորդինը Սամաա էր. 14Ու Դաւիթ անոր ամէնէն պզտիկն էր. և երեք մեծերը Սաւուղի ետեւէն գացին. 15Բայց Դաւիթ Սաւուղի քովէն ելլելով Բեթլէհէմ դարձեր էր, որպէս զի իր հօրը ոչխարները արածէ: 16Եւ այն Փղշտացին քառասուն օր առտու ու իրիկուն կը մօտենար, ու զանոնք մենամարտութեան հրաւիրելով կը կայնէր: 17Եւ Յեսսէ իր որդւոյն Դաւիթի ըսաւ, Քու եղբայրներուդ համար այս մէկ արդու բոհրած ցորենը ու այս տասը հացը առ, բանակը վազէ եղբայրներուդ տուր: 18Եւ այս տասը գլուխ պանիրը անոնց հազարապետին տար, ու նայէ թէ եղբայրներդ ողջ առո՞ղջ են, ու անոնցմէ նշան առ: 19Եւ Սաւուղ ու անոնք ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը Էլայի հովիտին մէջ Փղշտացւոց հետ պատերազմ կ՚ընէին: 20Եւ Դաւիթ առաւօտուն կանուխ ելաւ, ոչխարները պահապան հովիւին թողուց, ու այն բաները առաւ գնաց, ինչպէս Յեսսէ իրեն ապսպրեր էր. ու երբ կառքերուն տեղը հասաւ, զօրքերը կարգաւ կը շարուէին, ու պատերազմի համար բարձր ձայնով կ՚աղաղակէին. 21Քանզի Իսրայէլ ու Փղշտացիք զօրք զօրքի դէմ գունդեր շարեր էին: 22Եւ Դաւիթ իր վրայէն ամանները վար առնելով՝ ամաններու պահապանին ձեռքը յանձնեց, և դէպ ի գունդը վազեց, ու գնաց իր եղբայրներուն ողջութիւնը հարցուց: 23Ու երբ անիկա անոնց հետ կը խօսէր, ահա այն Փղշտացի ախոյեանը Գողիաթ անունով, որ Գէթ քաղաքէն էր, Փղշտացւոց գունդերէն ելաւ, և այն առաջուան խօսքերուն պէս զրուցեց. ու Դաւիթ լսեց: 24Եւ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը երբ այն մարդը տեսան, անոր երեսէն փախան ու զարհուրեցան: 25Եւ Իսրայէլի մարդիկը ըսին, Այս ելլող մարդը տեսա՞ք, որ Իսրայէլը նախատելու կ՚ելլէ. ով որ զանիկա մեռցնէ, թագաւորը մեծ հարստութիւնով պիտի հարստացնէ զանիկա, ու իր աղջիկը անոր պիտի տայ, և անոր հօրը տունը Իսրայէլի մէջ ազատ պիտի ընէ: 26Ու Դաւիթ իր քով եղող մարդոցը հետ խօսեցաւ ու ըսաւ, Այս Փղշտացին մեռցնող և Իսրայէլէ նախատինքը վերցնող մարդուն ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանզի այս անթլփատ Փղշտացին ո՞վ է՝ որ կենդանի Աստուծոյն զօրքերը նախատէ: 27Ու ժողովուրդը նոյն խօսքերը զրուցեց անոր ու ըսաւ, Զանիկա մեռցընող մարդուն այնպէս պիտի ըլլայ: 28Եւ անոր մեծ եղբայրը Եղիաբ երբ լսեց անոր խօսիլը այն մարդոց հետ, սաստիկ բարկութեամբ Դաւիթի սրդողեցաւ Եղիաբ, ու ըսաւ, Դուն ինչո՞ւ հոս իջար, և այն քիչ ոչխարները անապատին մէջ որո՞ւ ձգեցիր. ես քու հպարտութիւնդ ու սրտիդ չարութիւնը գիտեմ. անտարակոյս դուն պատերազմը տեսնելու իջեր ես: 29Եւ Դաւիթ ըսաւ, Հիմա ի՞նչ ըրի. այս չէ՞: 30Ու անոր քովէն ուրիշ մարդու մը դարձաւ, և նոյն խօսքերը զրուցեց, ու ժողովուրդն ալ առաջուան խօսքերուն պէս պատասխան տուին անոր: 31Եւ Դաւիթի ըսած խօսքերը լսուեցան. ու երբ Սաւուղի առջև պատմեցին, Սաւուղ իր քով բերել տուաւ զանիկա: 32Եւ Դաւիթ Սաւուղի ըսաւ, Ասոր պատճառաւ բնաւ մարդու մը սիրտ չկոտրի. քու ծառադ պիտի երթայ, ու այն Փղշտացիին հետ ծեծկուի: 33Եւ Սաւուղ Դաւիթի ըսաւ, Դուն չես կրնար այն Փղշտացիին վրայ երթալ, ու անոր հետ ծեծկուիլ. քանզի դուն մանուկ ես, ու անիկա իր մանկութենէն ի վեր պատերազմող մարդ մըն է: 34Եւ Դաւիթ ըսաւ Սաւուղի, Քու ծառադ երբ իր հօրը ոչխարները կ՚արածէր, ու առիւծ կամ արջ կու գար, և հօտերէն ոչխար կը տանէր, 35Ես անոր ետեւէն երթալով՝ զանիկա կը զարնէի, ու անոր բերնէն կ՚ազատէի. ու երբ անիկա իմ վրաս յարձակէր, զանիկա մօրուքէն կը բռնէի, կը զարնէի ու կը մեռցնէի: 36Քու ծառադ առիւծ ալ մեռցուցած է՝ արջ ալ. ու այս անթլփատ Փղշտացին ալ անոնցմէ մէկուն պէս պիտի ըլլայ. քանզի կենդանի Աստուծոյն զօրքերը նախատեց: 37Եւ Դաւիթ ըսաւ, Առիւծին ու արջին ձեռքէն զիս ազատող Տէրը այս Փղշտացիին ձեռքէն ալ պիտի ազատէ: Եւ Սաւուղ Դաւիթի ըսաւ, Գնա, ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ: 38Եւ Սաւուղ իր հանդերձները Դաւիթի հագցուց, ու անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ մը դրաւ, ու անոր զրահ ալ հագցուց: 39Եւ Դաւիթ հանդերձներուն վրայէն Սաւուղի սուրը մէջքը կապեց, ու սկսաւ քալել, քանզի սորված չէր. ու Դաւիթ Սաւուղի ըսաւ, Ասոնցմով չեմ կրնար քալել, քանզի սորված չեմ. ուստի Դաւիթ զանոնք իր վրայէն հանեց:

Դաւիթ Գողիաթին կը յաղթէ

40Եւ իր ցուպը ձեռքը առաւ, ու հեղեղատէն իրեն համար հինգ հատ գայլախազ քար ընտրեց, ու զանոնք իր հովուական ամանին, այսինքն մախաղին, մէջ դրաւ, ու պարսը ձեռքը բռնելով Փղշտացիին մօտեցաւ: 41Եւ Փղշտացին ալ եկաւ ու Դաւիթի մօտեցաւ. և անոր վահանը վերցնող մարդը անոր առջև էր: 42Ու երբ Փղշտացին նայեցաւ ու Դաւիթը տեսաւ, զանիկա արհամարհեց. քանզի անիկա կարմիր գունով ու գեղեցիկ դէմքով պատանի մըն էր: 43Եւ Փղշտացին ըսաւ Դաւիթի, Միթէ ես շո՞ւն եմ՝ որ իմ վրաս ցուպով կու գաս. ու Փղշտացին իր աստուածներովը Դաւիթը նզովեց: 44Եւ Փղշտացին ըսաւ Դաւիթի, Ինծի եկուր, ու քու մարմինդ երկինքի թռչուններուն ու դաշտի գազաններուն տամ: 45Եւ Դաւիթ ըսաւ Փղշտացիին, Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեանց Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլի զօրքերուն Աստուծոյն, անունովը քեզի կու գամ: 46Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ*. ու ես քեզ պիտի մեռցնեմ, ու վրայէդ գլուխդ պիտի առնեմ. և Փղշտացւոց բանակին դիակները այսօր երկինքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն պիտի տամ. որպէս զի բոլոր գիտնայ որ Իսրայէլի մէջ կայ. 47Եւ այս բոլոր ժողովքը գիտնան որ Տէրը սրով ու նիզակով չազատեր. քանզի պատերազմը Տէրոջն է, ու անիկա ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ: 48Ու երբ Փղշտացին ելաւ ու եկաւ Դաւիթի մօտեցաւ, Դաւիթ ալ շուտով պատերազմի ասպարէզը վազեց Փղըշտացին դիմաւորելու: 49Եւ Դաւիթ իր ձեռքը իր մախաղին մէջ խոթեց, ու անկէ քար մը առաւ, և զանիկա պարսով նետեց, ու Փղշտացիին ճակատը զարկաւ. և քարը անոր ճակատին մէջ մտաւ, ու անիկա երեսի վրայ գետինը ինկաւ: 50Այսպէս Դաւիթ պարսով ու քարով Փղշտացիին յաղթեց. և զարկաւ Փղշտացին ու մեռցուց զանիկա. բայց Դաւիթի ձեռքը սուր չկար: 51Եւ Դաւիթ վազելով Փղշտացիին վրայ կայնեցաւ. ու անոր սուրը առաւ, պատեանէն հանեց, ու զանիկա մեռցնելէն ետքը գլուխը անով կտրեց: Եւ Փղշտացիք իրենց զօրաւոր մարդուն մեռնիլը տեսնելով՝ փախան: 52Այն ատեն Իսրայէլի ու Յուդայի մարդիկը ելան, և աղաղակելով մինչև հովիտը ու մինչև Ակկարոնի դռները Փղշտացիները հալածեցին. և Փղշտացւոց մեռցուածները Սագարիմի ճամբուն վրայ, ու մինչև Գէթ ու Ակկարոն ինկան: 53Եւ Իսրայէլի որդիները Փղշտացիները հալածելէն ետ դարձան, ու անոնց բանակը կողոպտեցին: 54Եւ Դաւիթ Փղշտացիին գլուխը առաւ, ու զանիկա տարաւ. բայց անոր զէնքերը իր վրանին մէջ դրաւ:

Դաւիթ Սաւուղին ներկայութեան

55Ու երբ Սաւուղ Դաւիթը տեսաւ, որ Փղշտացիին դէմ ելեր է, իր զօրաւարին, Աբենների, ըսաւ, Ով Աբեններ, այս պատանին որո՞ւն տղան է: Ու Աբեններ ըսաւ, Կենդանի է քու անձդ, ով թագաւոր, որ չեմ գիտեր: 56Եւ Թագաւորը ըսաւ, Հարցուր թէ այս պատանին որո՞ւն տղան է: 57Ու երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն ետ դարձաւ, Աբեններ առաւ զանիկա ու Սաւուղի առջև տարաւ. ու Փղշտացիին գլուխը անոր ձեռքն էր: 58Եւ Սաւուղ ըսաւ անոր, Որո՞ւն տղան ես դուն, պատանի: Ու Դաւիթ ըսաւ, Քու ծառայիդ Բեթլէհեմացի Յեսսէի տղան եմ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981