Առաջին Թագավորաց գիրք
18
1Ու երբ Սաւուղի հետ խօսիլը լմնցուց, Յովնաթանի սիրտը Դաւիթի սրտին հետ կապուեցաւ, ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա: 2Եւ նոյն օրը Սաւուղ զանիկա առաւ, ու թող չտուաւ որ իր հօրը տունը դառնայ: 3Եւ Յովնաթան Դաւիթի հետ ուխտ ըրաւ, քանզի իր անձին պէս կը սիրէր զանիկա: 4Ու Յովնաթան իր վրայի վերարկուն հանեց, և զանիկա ու իր հանդերձները, մինչև իր սուրը, իր աղեղը ու իր գօտին Դաւիթի տուաւ: 5Եւ Դաւիթ ամէն տեղ կ՚երթար՝ ուր որ Սաւուղ զանիկա կը ղրկէր, ու իմաստութեամբ կը վարուէր. և Սաւուղ զանիկա պատերազմական մարդոց վրայ կեցուց, ու բոլոր ժողովուրդին ու Սաւուղի ծառաներուն ալ հաճոյ եղաւ:
Սաւուղ Դաւիթին կը նախանձի
6Ու երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն կը դառնար, ու զօրքէրը կու գային, Իսրայէլի բոլոր քաղաքներէն կիները երգելով ու պար բռնելով, թմբուկներով, ուրախութեամբ ու ծնծղաներով Սաւուղ թագաւորը դիմաւորելու ելան: 7Եւ պար բռնող կիները պատասխան տալով կ՚երգէին ու կ՚ըսէին, Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Ու Դաւիթ իր բիւրաւորները: 8Եւ Սաւուղ խիստ բարկացաւ ու այս խօսքին համար դժուարեցաւ, ու ըսաւ, Բիւրաւորները Դաւիթի տուին. ու հազարաւորները ինծի տուին. ու հիմա թագաւորութենէ ուրիշ ի՞նչ պակաս մնաց անոր: 9Եւ այն օրէն ի վեր Սաւուղ ծուռ աչքով կը նայէր Դաւիթի: 10Ու հետեւեալ օրը Սաւուղի վրայ Աստուծմէ չար ոգի եկաւ, ու տանը մէջ մարգարէութիւն ըրաւ. և Դաւիթ ուրիշ անգամներու պէս իր ձեռքով քնար կը զարնէր. ու Սաւուղի ձեռքը նիզակ կար: 11Եւ Սաւուղ նիզակը նետեց՝ ըսելով, Դաւիթը պատին վրայ պիտի գամեմ. բայց Դաւիթ անոր երեսէն երկու անգամ մէկդի քաշուեցաւ: 12Ուստի Սաւուղ Դաւիթի երեսէն կը վախնար, քանզի Տէրը անոր հետ էր. բայց Սաւուղէ հեռացեր էր: 13Եւ Սաւուղ զանիկա իր քովէն հեռացուց, ու զանիկա հազարապետ ըրաւ. ու անիկա ժողովուրդին առջև կ՚ելլէր կը մտնէր: 14Եւ Դաւիթ իր ամէն ճամբաներուն մէջ իմաստութեամբ կը վարուէր. ու Տէրը անոր հետ էր: 15Եւ Սաւուղ անոր այնքան իմաստութեամբ վարուիլը տեսնելով՝ անոր երեսէն կը վախնար: 16Ու բոլոր Իսրայէլ և Յուդա Դաւիթը կը սիրէին, քանզի անոնց առջև անիկա կ՚ելլէր կը մտնէր: 17Եւ Սաւուղ Դաւիթի ըսաւ, Ահա իմ մեծ աղջիկս Մերովբը քեզի կին պիտի տամ. միայն թէ դուն ինծի զօրաւոր մէկը եղիր, ու Տէրոջը պատերազմները պատերազմէ. քանզի Սաւուղ ըսաւ, Անոր վրայ իմ ձեռքս չըլլայ, այլ Փղշտացւոց ձեռքը անոր վրայ ըլլայ: 18Եւ Դաւիթ Սաւուղի ըսաւ, Ես ո՞վ եմ, ու իմ կեանքս կամ իմ հօրս ազգատոհմը Իսրայէլի մէջ ի՞նչ է՝ որ թագաւորին փեսայ ըլլամ: 19Եւ Սաւուղի աղջիկը Մերովբ Դաւիթի տրուելու ատեն Մաուլացի Եդրիէլի տրուեցաւ:
Դաւիթ Սաւուղին աղջկան հետ կ’ամուսնանայ
20Ու Սաւուղի Մեղքող աղջիկը կը սիրէր Դաւիթը. ու երբ Սաւուղի իմացուցին, այս բանը անոր աչքերուն հաճոյ երեւցաւ: 21Եւ Սաւուղ ըսաւ, Ես զանիկա անոր տամ՝ որպէս զի անոր որոգայթ ըլլայ, ու Փղշտացւոց ձեռքը անոր վրայ ըլլայ: Ուստի Սաւուղ Դաւիթի ըսաւ, Ինծի այսօր երկրորդ փեսայ եղիր: 22Եւ Սաւուղ իր ծառաներուն հրամայեց որ Դաւիթի հետ ծածկաբար խօսին ու ըսեն, Ահա թագաւորը քեզի հաւներ է, ու անոր բոլոր ծառաները քեզ կը սիրեն. ուստի հիմա թագաւորին փեսայ եղիր: 23Եւ Սաւուղի ծառաները այս խօսքերը Դաւիթի ականջներուն զրուցեցին. ու Դաւիթ ըսաւ, Թագաւորի փեսայ ըլլալը ձեր աչքին պզտի՞կ բան կ՚երեւնայ. քանզի ես աղքատ ու աննշան մարդ մըն եմ: 24Եւ Սաւուղի ծառաները անոր իմացուցին ու ըսին, Դաւիթ այսպէս խօսեցաւ: 25Եւ Սաւուղ ըսաւ, Դաւիթի այսպէս ըսէք, Թագաւորը ուրիշ օժիտ չուզեր, բայց միայն Փղշտացւոց հարիւր անթլփատութիւնը, որպէս զի թագաւորին թշնամիներէն վրէժ առնուի. (ու Սաւուղ կը խորհէր Դաւիթը Փղշտացւոց ձեռքը մատնել*.) 26Ու երբ անոր ծառաները այս խօսքերը Դաւիթի իմացուցին, այս բանը Դաւիթի աչքերուն աղէկ երեւցաւ որ թագաւորին փեսայ ըլլայ: 27Ուստի օրերուն լմննալէն առաջ՝ Դաւիթ ելաւ, ու իր մարդոցմով գնաց, և Փղշտացիներէն երկու հարիւր մարդ մեռցուց. ու Դաւիթ անոնց անթլփատութիւնները բերաւ, ու զանոնք լման թագաւորին տուին, որպէս զի թագաւորին փեսայ ըլլայ: Ու Սաւուղ իր Մեղքող աղջիկը կին տուաւ անոր: 28Եւ Սաւուղ երբ տեսաւ ու հասկցաւ որ Տէրը Դաւիթի հետ է, ու Սաւուղի Մեղքող աղջիկը զանիկա կը սիրէ, 29Սաւուղ ա՛լ աւելի վախցաւ Դաւիթէ. և Սաւուղ շարունակ Դաւիթի թշնամութիւն կ՚ընէր: 30Ու Փղշտացւոց իշխանները ելան, ու անոնց ելլելէն ետքը Դաւիթ Սաւուղի ամէն ծառաներէն աւելի իմաստութեամբ կը վարուէր. ու անոր անունը շատ հռչակաւոր եղաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981