Առաջին Թագավորաց գիրք
2
Աննային աղօթքը
1Եւ Աննա աղօթք ըրաւ ու ըսաւ, Իմ սիրտս Տէրոջմով ուրախացաւ, Իմ եղջիւրս Տէրոջմով բարձրացաւ. Բերանս իմ թշնամիներուս վրայ բացուեցաւ, Քանզի քու փրկութիւնովդ ուրախացայ: 2Տէրոջը պէս սուրբ չկայ, քանզի քեզմէ ուրիշ չկայ, Ու մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ: 3Ալ ասկէ ետև հպարտութիւնով մի պարծենաք, Ու ձեր բերնէն ամբարտաւանութիւն չելլէ, Քանզի Տէրը գիտութեանց Աստուածն է, Ու անիկա ամէնուն գործը կը կշռէ: 4Զօրաւորներուն աղեղները կոտրեցան, Ու տկարները ոյժ հագան: 5Կուշտ եղողները հացի համար վարձկան եղան, Եւ անօթի եղողները կշտացան ու թողուցին. Մինչև որ ամուլը եօթը զաւակ ծնաւ, Ու շատ զաւակ ունեցողը տկարացաւ: 6Մեռցնողը ու ողջացնողը, Գերեզմանը իջեցնողը ու վեր հանողը Տէրն է: 7Աղքատացնողը ու հարստացնողը, Ցածցնողը ու բարձրացնողը Տէրն է: 8Անիկա աղքատը փոշիէն կը վերցնէ, Ու կարօտը աղբիւսէն կը հանէ, Որպէս զի իշխաններուն հետ նստեցնէ, Ու փառաց աթոռը անոնց ժառանգեցնէ. Քանզի երկրի հիմերը Տէրոջն են, Ու աշխարհը անոնց վրայ հաստատեց: 9Անիկա իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէ, Ու չարագործները մութին մէջ պիտի կորսուին. Քանզի մարդ իր ուժովը յաղթող չըլլար: 10Տէրոջը դէմ հակառակողները պիտի կոտրուին, Երկինքէն անոնց վրայ պիտի որոտայ. Տէրը երկրի ծայրերը պիտի դատէ, Եւ իր թագաւորին ոյժ պիտի տայ, Ու իր օծեալին եղջիւրը պիտի բարձրացնէ: 11Ու Եղկանա Ռամա իր տունը գնաց. և Սամուէլ մանուկը Հեղի քահանային առջև Տէրոջը ծառայութիւն կ՚ընէր:
Հեղիին որդիները
12Ու Հեղիի որդիները չար մարդիկ ըլլալով՝ Տէրը չէին ճանչնար: 13Եւ քահանաներուն սովորութիւնը այս էր, որ երբ ժողովուրդէն մէկը զոհ մատուցանէր, միսին եփած ատենը քահանային սպասաւորը ձեռքը երեքժանի մսահան մը առած կու գար. 14Ու զանիկա կաթսային կամ սանին կամ եփարանին կամ պտուկին մէջ կը խոթէր, ու մսահանը ինչ որ հանելու ըլլար, քահանան զանիկա իրեն կ՚առնէր: Անոնք Սելովի մէջ բոլոր հոն եկող Իսրայելացիներուն այսպէս կ՚ընէին: 15Նաև ճարպը այրելէ առաջ քահանային սպասաւորը կու գար ու զոհ ընող մարդուն կ՚ըսէր, Քահանային համար խորովելու միս տուր, քանզի անիկա քեզմէ եփած միս չառներ, այլ հում միս կ՚ուզէ: 16Եւ այն մարդը երբ ըսէր թէ Թող հիմա ճարպը այրեն, ու ետքը սրտիդ ուզածին չափ առ. այն ատեն կ՚ըսէր, Ոչ, հիմա տուր. եթէ ոչ՝ բռնի կ՚առնեմ: 17Այսպէս այն երիտասարդներուն մեղքը Տէրոջը առջև շատ մեծ էր, քանզի մարդիկ Տէրոջը զոհը կ՚արհամարհէին:
Սամուէլ Սելովի մէջ
18Եւ Սամուէլ մանուկը քթանէ եփուտ հագած՝ Տէրոջը առջև ծառայութիւն կ՚ընէր: 19Ու անոր մայրը մէյմէկ պզտիկ պատմուճան կը շինէր անոր, ու տարուէ տարի երբ իր էրկանը հետ տարեկան զոհը ընելու կ՚ելլէր, անոր կը տանէր: 20Եւ Հեղի Եղկանան ու անոր կինը օրհնելով՝ ըսաւ, Տէրը քեզի այս կնոջմէն զաւակներ տայ, Տէրոջը տրուած փոխին տեղ. ու անոնք իրենց տեղը գացին: 21Եւ Տէրը այցելութիւն ըրաւ Աննայի, որ յղացաւ, ու երեք տղայ ու երկու աղջիկ ծնաւ. Սամուէլ մանուկն ալ Տէրոջը առջև մեծցաւ:
Հեղի և իր տղաքը
22Եւ Հեղի խիստ ծերացեր էր. ու անոր որդիները ինչ որ կ՚ընէին բոլոր Իսրայէլի, և ի՛նչպէս անոնք ժողովքի խորանին առջև խումբերով ժողվուած կիներուն հետ կը պառկէին, ամէնն ալ կը լսէր: 23Եւ անոնց ըսաւ, Ինչո՞ւ համար այսպիսի բաներ կ՚ընէք. քանզի ես այս բոլոր ժողովուրդին բերնէն ձեզի համար գէշ խօսքեր կը լսեմ. 24Մի ընէք, տղաքս, քանզի աղէկ չեն այն լուրերը զորոնք ես կը լսեմ. դուք Տէրոջը ժողովուրդը կը մոլորեցնէք: 25Եթէ մարդ մը մարդու դէմ մեղք գործէ, անոր դատաստանը Աստուած կը կտրէ*. բայց եթէ մարդ մը Տէրոջը դէմ մեղք գործէ, անոր համար ո՞վ աղաչանք պիտի ընէ: Սակայն անոնք իրենց հօրը խօսքը մտիկ չէին ըներ, քանզի Տէրը զանոնք մեռցնել կ՚ուզէր: 26Ու Սամուէլ մանուկը օրէ օր կը մեծնար, և Տէրոջը ու մարդոց հաճոյ էր: 27Եւ Աստուծոյ մէկ մարդը Հեղիի եկաւ, ու անոր ըսաւ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ Քու հօրդ տանը յայտնապէս երեւցայ, երբ անոնք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնի տանը ծառայ էին. 28Ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն զանիկա ինծի քահանայ ընտրեցի, որպէս զի իմ սեղանիս վրայ զոհ մատուցանէ, խունկ ծխէ, ու իմ առջեւս եփուտ հագնի. և Իսրայէլի որդիներուն բոլոր պատարագները քու հօրդ տանը տուի. 29Ու իմ տանս համար պատուիրած զոհերս ու ընծաներս ինչո՞ւ կ՚անարգէք, և քու որդիներդ ինծմէ աւելի կը փառաւորես, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի ընտիր զոհերովը ձեզ գիրցնէք: 30Ասոր համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ, Իրաւցընէ ըսեր էի որ քու տունդ ու քու հօրդ տունը յաւիտեան իմ առջևս պտըտին. բայց հիմա Տէրը կ՚ըսէ, Քա՜ւ լիցի. քանզի ես զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ, ու զիս արհամարհողները պիտի անարգուին: 31Ահա օրեր պիտի գան, որ քու թեւդ ու քու հօրդ տանը թեւը պիտի կտրեմ, որպէս զի քու տանդ մէջ ծեր չգտնուի: 32Եւ Իսրայէլ ամէն տեսակ բարութիւն վայելած ատեն, դուն իմ տանս մէջ դժբաղդութիւն պիտի տեսնես, ու քու տանդ մէջ բնաւ ծեր պիտի չգտնուի: 33Եւ քու սերունդէդ մնացած մարդը զոր իմ սեղանէս չեմ կտրեր, քու աչքերդ նուաղեցնելու ու քու սիրտդ վշտացնելու համար պիտի մնայ. և քու տանդ բոլոր զաւակները երիտասարդութեան մէջ* պիտի մեռնին: 34Ու քու երկու որդիներուդ, Ոփնիի ու Փենէհէսի, գլուխը գալիքը քեզի նշան ըլլայ, այսինքն երկուքին ալ մէկ օրուան մէջ մեռնիլը: 35Եւ ինծի հաւատարիմ քահանայ մը պիտի հանեմ, որ բոլոր իմ սրտիս ու հոգւոյս մէջ եղածը կատարէ. և անոր հաւատարիմ տուն մը պիտի շինեմ. ու միշտ իմ օծեալիս առջև պիտի պտըտի: 36Եւ քու տունէդ ով որ մնայ, կտոր մը արծաթի համար ու նկանակ մը հացի համար պիտի գայ անոր երկրպագութիւն ընէ, ու ըսէ, Կ՚աղաչեմ, զիս քահանայական պաշտօնի մը վրայ դիր, որպէս զի պատառ մը հաց ուտեմ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981