Առաջին Թագավորաց գիրք
20
Յովնաթան Դավիթին կ’օգնէ
1Եւ Դաւիթ Ռամայի Նաւաթէն փախաւ, ու գնաց Յովնաթանի առջև ըսաւ, Ես ի՞նչ ըրեր եմ, յանցանքս ի՞նչ է, ու ի՞նչ մեղք գործեր եմ քու հօրդ առջև, որ անիկա զիս մեռցնել կ՚ուզէ: 2Եւ Յովնաթան ըսաւ անոր, Քա՜ւ լիցի, դուն պիտի չմեռնիս. ահա իմ հայրս մեծ կամ պզտիկ բան մը չըներ առանց ինծի յայտնելու. ու իմ հայրս ինչո՞ւ համար այդ բանը ինծմէ պիտի պահէ. այդպիսի բան չկայ: 3Եւ Դաւիթ երդում ալ ըրաւ ու ըսաւ, Քու հայրդ աղէկ գիտէ որ ես քու առջեւդ շնորհք գտեր եմ. անոր համար կ՚ըսէ թէ Յովնաթան այս բանը չգիտնայ, չըլլայ որ վշտանայ. բայց կենդանի է Տէր ու կենդանի է քու անձդ, որ իմ ու մահուան մէջտեղ միայն մէկ քայլ մնացեր է: 4Եւ Յովնաթան ըսաւ Դաւիթի, Սրտիդ ուզած բանը ինծի ըսէ, ու* ես քեզի ընեմ: 5Եւ Դաւիթ ըսաւ Յովնաթանի, Ահա վաղը ամսագլուխ է, ու պէտք է որ ես թագաւորին հետ կերակուր ուտելու համար սեղան նստիմ. սակայն զիս թող տուր, որ մինչև երրորդ օրուան իրիկունը դաշտին մէջ պահուիմ. 6Եթէ քու հայրդ զիս փընտռելու ըլլայ, ըսես որ Դաւիթ ինծի շատ աղաչեց որ արտորնօք իր քաղաքը Բեթլէհեմ երթայ. քանզի հոն իր բոլոր ազգատոհմին տարեկան զոհը կ՚ըլլայ: 7Եթէ այսպէս ըսէ, Աղէկ, քու ծառայիդ խաղաղութիւնէ. բայց եթէ խիստ բարկանայ, գիտցիր որ անիկա որոշեր է ինծի չարութիւն ընել: 8Եւ ծառայիդ ողորմութիւն ըրէ, քանզի դուն քու ծառայիդ հետ Տէրոջը անունովը ուխտ ըրիր. ու եթէ իմ վրաս յանցանք մը կայ, դուն մեռցուր զիս. ինչո՞ւ համար զիս քու հօրդ տանիս: 9Եւ Յովնաթան ըսաւ, Քա՜ւ լիցի որ ես ստոյգ գիտնալով թէ իմ հօրս կողմանէ քեզի համար չարիք որոշուած է, քեզի չիմացնեմ: 10Ու Դաւիթ ըսաւ Յովնաթանի, Հապա եթէ քու հայրդ քեզի խստութեամբ պատասխան տայ, ինծի ո՞վ պիտի իմացնէ: 11Եւ Յովնաթան ըսաւ Դաւիթի, Եկուր, դաշտը ելլենք. ու երկուքը դաշտը ելան: 12Եւ Յովնաթան ըսաւ Դաւիթի, Վկայ է Իսրայէլի Տէր Աստուածը. եթէ վաղը այս ատեն կամ միւս օր իմ հայրս քննելով տեսնեմ թէ Դաւիթի համար աղէկութիւն մը կայ, և նոյն ատեն մարդ չղրկեմ ու քեզի չյայտնեմ, 13Տէրը Յովնաթանի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ. բայց եթէ իմ հայրս քեզի չարութիւն մը ընել ուզէ, զանիկա ալ քեզի պիտի յայտնեմ, ու քեզ պիտի արձակեմ, որպէս զի խաղաղութեամբ երթաս. ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս իմ հօրս հետ էր: 14Եւ ոչ միայն իմ կենդանութեանս ատեն դուն ինծի Տէրոջը ողորմութիւնը ընես՝ որպէս զի ես չմեռնիմ, 15Մանաւանդ քու ողորմութիւնդ իմ տունէս յաւիտեան չկտրես, ոչ ալ այն ատեն երբ Տէրը Դաւիթի բոլոր թշնամիները երկրի վրայէն վերցնէ: 16Եւ Յովնաթան Դաւիթի տանը հետ դաշնակցութիւն ըրաւ, ու ըսաւ, Տէրը Դաւիթի թշնամիներէն վրէժ առնէ: 17Ու Յովնաթան Դաւիթի նորէն երդում ընել տուաւ՝ զանիկա սիրելուն համար. քանզի զանիկա իր անձին պէս կը սիրէր: 18Եւ Յովնաթան անոր ըսաւ, Վաղը ամսագլուխ է, ու դուն պիտի փնտռուիս, քանզի քու տեղդ պարապ պիտի մնայ: 19Ու երրորդ օրը շուտով իջնես, և գաս այն տեղ՝ ուր գործին օրը պահուեցար, ու Եզելի քարին քով նստիր: 20Ու ես անոր քով նշանի մը նետելու պէս՝ երեք նետ պիտի նետեմ: 21Եւ ահա մանչը պիտի ղրկեմ՝ ըսելով, Գնա, նետերը գտիր. ու եթէ մանչուն ըսեմ, Ահա նետերը քեզմէ ասդին են, զանոնք առ. այն ատեն գաս, քանզի քեզի խաղաղութիւն է, և Տէրը կենդանի է որ բան մը չկայ. 22Բայց եթէ մանչուն այսպէս ըսեմ, Ահա նետերը քեզմէ անդին են. այն ատեն երթաս, քանզի Տէրը քեզ կը ղրկէ: 23Ու այս խօսքին համար զոր ես ու դուն խօսեցանք, ահա Տէրը իմ ու քու մէջտեղ յաւիտեան վկայ ըլլայ: 24Ուստի Դաւիթ դաշտին մէջ պահուեցաւ. և ամսագլուխը հասնելով՝ թագաւորը կերակուր ուտելու համար սեղան նստաւ: 25Եւ թագաւորը իր սովորութեանը պէս իր աթոռը, պատին կռթնած աթոռը, նստաւ. ու Յովնաթան ոտք ելաւ, և Սաւուղի քով Աբեններ նստաւ, ու Դաւիթի տեղը պարապ մնաց: 26Եւ Սաւուղ այն օրը բան մը չխօսեցաւ, քանզի ըսաւ, Անոր բան մը պատահեր է. անիկա մաքուր չէ, անտարակոյս մաքուր պիտի չըլլայ: 27Ու հետեւեալ օրը, ամսուն երկրորդ օրն ալ, Դաւիթի տեղը պարապ էր. ուստի Սաւուղ իր որդւոյն Յովնաթանի ըսաւ, Յեսսէի որդին ինչո՞ւ համար երեկ ու այսօր սեղան չեկաւ: 28Եւ Յովնաթան Սաւուղի պատասխան տուաւ, Դաւիթ ինծի շատ աղաչեց որ Բեթլէհէմ երթայ, 29Ու ըսաւ, Շնորհք ըրէ, զիս ղրկէ, քանզի այն քաղաքին մէջ մեր ազգատոհմը զոհ կ՚ընէ, ու իմ եղբայրս ինծի պատուիրած է. և եթէ քու աչքերուդ առջև շնորհք գտեր եմ, կ՚աղաչեմ, զիս թող տուր որ երթամ ու եղբայրներս տեսնեմ. այս պատճառաւ թագաւորին սեղանը չեկաւ: 30Եւ Սաւուղի բարկութիւնը բորբոքեցաւ Յովնաթանի դէմ, ու անոր ըսաւ, Ով ապստամբ ու չար զաւակ, ես չե՞մ գիտեր որ դուն Յեսսէի որդին ընտրեցիր քեզ ու մայրդ խայտառակելու* համար: 31Քանզի քանի որ Յեսսէի որդին երկրի վրայ ողջ է, դուն պիտի չհաստատուիս, ոչ ալ քու թագաւորութիւնդ. ուստի հիմա մարդ ղրկէ ու զանիկա ինծի բեր, քանզի անիկա մահու արժանի է: 32Եւ Յովնաթան իր հօրը Սաւուղի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ինչո՞ւ համար պիտի մեռցուի, անիկա ի՞նչ ըրաւ: 33Եւ Սաւուղ նիզակը նետեց անոր, որպէս զի զանիկա զարնէ. այն ատեն Յովնաթան իմացաւ որ իր հայրը որոշեր է Դաւիթը մեռցնել: 34Ու Յովնաթան սաստիկ բարկութեամբ սեղանէն ելաւ, ու ամսուն երկրորդ օրը կերակուր չկերաւ. քանզի Դաւիթի համար սիրտը կոտրեցաւ, որովհետև իր հայրը զանիկա անարգեց: 35Եւ Յովնաթան առաւօտուն դաշտը ելաւ, ինչպէս Դաւիթի հետ ժամանակ որոշեր էր, ու իրեն հետ պզտիկ մանչ մը կար: 36Եւ իր մանչուն ըսաւ, Վազէ ու այս իմ նետելու նետերս գտիր. ու մանչուն վազած ատենը անիկա նետը անկէ անդին նետեց: 37Ու երբ մանչը Յովնաթանի նետած նետին տեղը գնաց, Յովնաթան մանչուն ետեւէն կանչելով՝ ըսաւ, Ահա նետը քեզմէ անդին է: 38Եւ Յովնաթան մանչուն ետեւէն կանչեց, Շուտ ըրէ, արտորցիր, մի կենար: Ու Յովնաթանի մանչը նետերը ժողվեց, իր տէրոջը եկաւ: 39Բայց մանչը բան մը չէր գիտեր. այս բանը միայն Յովնաթան ու Դաւիթ գիտէին: 40Եւ Յովնաթան իր գործիքները իր մանչուն տուաւ ու անոր ըսաւ, Գնա, քաղաքը տար: 41Եւ մանչուն գացածին պէս Դաւիթ հարաւային կողմէն ելաւ, ու երեսի վրայ գետինը ինկաւ ու երեք անգամ երկրպագութիւն ըրաւ. և մէկզմէկ համբուրեցին ու իրարու վրայ լացին, մինչև որ Դաւիթ չափէ դուրս լացաւ: 42Եւ Յովնաթան Դաւիթի ըսաւ, Գնա խաղաղութեամբ, ինչպէս երկուքս ալ Տէրոջը անունովը երդում ըրինք ու ըսինք, Տէրը իմ ու քու մէջտեղ, և իմ սերունդիս ու քու սերունդիդ մէջտեղ վկայ ըլլայ մինչև յաւիտեան: 43Եւ Դաւիթ ելաւ գնաց. Յովնաթան ալ քաղաքը մտաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981