Առաջին Թագավորաց գիրք
24
Դաւիթ Սաւուղին կեանքը կը խնայէ
1Եւ Դաւիթ անկէ ելաւ ու Ենգադդիի ամուր տեղերը նստաւ: 2Ու երբ Սաւուղ Փղշտացիներէն ետ դարձաւ, անոր իմացուցին ու ըսին, Ահա Դաւիթ Ենգադդիի անապատին մէջ է: 3Եւ Սաւուղ բոլոր Իսրայէլէ երեք հազար ընտրուած մարդիկ առաւ, ու գնաց որպէս զի Դաւիթը ու անոր մարդիկը փնտռէ այծեամներու ժայռերուն վրայ: 4Եւ ճամբուն վրայ եղող ոչխարներուն փարախները եկաւ, ու հոն քարայր մը կար. ու Սաւուղ հարկաւորութեան համար ներս մտաւ. և Դաւիթ իր մարդոցմով քարայրին ներսիդին նստեր էր: 5Ու Դաւիթի մարդիկը անոր ըսին, Ահա Տէրոջը քեզի ըսած օրը ասիկա է, թէ Քու թշնամիդ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ, և քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր: Ու Դաւիթ ելաւ և Սաւուղի վերարկուին ծայրը գաղտուկ կտրեց: 6Բայց անկէ ետքը Դաւիթի սիրտը խղճաց, Սաւուղի վերարկուին ծայրը կտրելուն վրայ: 7Ու իր մարդոցը ըսաւ, Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին, իմ տէրոջս, այս բանը ընեմ, ձեռքս անոր վրայ երկնցընելով. քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է: 8Եւ Դաւիթ այս խօսքերով իր մարդիկը զսպեց, ու զանոնք չթողուց որ Սաւուղի վրայ յարձակին: Եւ Սաւուղ քարայրէն դուրս ելաւ ու իր ճամբան գնաց: 9Անկէ ետև Դաւիթ ալ քարայրէն դուրս ելաւ, ու Սաւուղի ետեւէն կանչելով՝ ըսաւ, Ով տէր իմ թագաւոր: Ու երբ Սաւուղ ետին նայեցաւ, Դաւիթ երեսը գետինը ծռելով երկրպագութիւն ըրաւ: 10Եւ Դաւիթ ըսաւ Սաւուղի, Ինչո՞ւ համար մարդոց խօսքը մտիկ կ՚ընես, որոնք քեզի կ՚ըսեն թէ Ահա Դաւիթ քեզի չարութիւն ընելու կը ջանայ: 11Ահա այսօր քու աչքերդ կը տեսնեն, որ Տէրը այսօր քարայրին մէջ քեզ իմ ձեռքս մատնեց. ու ըսին որ քեզ մեռցնեմ, բայց ես քեզի խնայեցի, ու ըսի, Ես իմ ձեռքս իմ տէրոջս չեմ երկնցներ, քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է: 12Ու տես, հայր իմ, տես, քու վերարկուիդ ծայրը իմ ձեռքիս մէջ է. ու ես քու վերարկուիդ ծայրը կտրելով՝ քեզ չմեռցուցի. ասկէ հասկցիր ու տես, որ իմ ձեռքիս մէջ չարութիւն ու անօրէնութիւն չկայ, ու քեզի յանցանք մը չեմ ըրած, բայց դուն զիս մեռցնելու կ՚աշխատիս: 13Տէրը դատաստան ընէ իմ ու քու մէջտեղ, ու Տէրը իմ վրէժս քեզմէ առնէ. բայց ին ձեռքս քու վրադ չըլլայ: 14Ինչպէս հին առակը կ՚ըսէ, Անօրէններէն անօրէնութիւն կ՚ելլէ. բայց իմ ձեռքս քու վրադ չըլլայ: 15Իսրայէլի թագաւորը որո՞ւն ետեւէն ելեր է, և դուն որո՞ւն ետեւէն ինկեր կը հալածես. մեռած շան մը ետեւէ, լուի մը ետեւէ ելար: 16Ուստի Տէրը դատաւոր ըլլայ, և իմ ու քու մէջտեղ դատաստան ընէ. և տեսնէ ու պաշտպանէ զիս, և քու ձեռքէդ ազատէ: 17Ու երբ Դաւիթ այս խօսքերը Սաւուղի խօսիլը լմնցուց, Սաւուղ ըսաւ, Որդեակ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է. և Սաւուղ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ. 18Ու Դաւիթի ըսաւ, Դուն ինծմէ արդար ես. քանզի դուն ինծի բարիք հատուցիր, բայց ես քեզի չարիք հատուցի: 19Ու դուն այսօր քու ինծի ըրած աղէկութիւնդ յայտնեցիր, որովհետև Տէրը զիս քու ձեռքդ մատնեց, ու դուն զիս չմեռցուցիր: 20Վասն զի մարդ մը իր թշնամին գտնելու ըլլայ, զանիկա թող կու տա՞յ որ խաղաղութեամբ երթայ. ուստի այսօր քու ինծի ըրածիդ փոխարէն Տէրը քեզի բարիք հատուցանէ: 21Եւ հիմա ահա գիտեմ որ դուն անշուշտ թագաւոր պիտի ըլլաս, ու Իսրայէլի թագաւորութիւնը քու ձեռքիդ մէջ պիտի հաստատուի: 22Եւ հիմա Տէրոջմով ինծի երդում ըրէ՝ թէ ինծմէ ետքը իմ սերունդս պիտի չմեռցնես, ու իմ հօրս տունէն իմ անունս բնաջինջ պիտի չընես: 23Եւ Դաւիթ Սաւուղի երդում ըրաւ: Ետքը Սաւուղ իր տունը գնաց, ու Դաւիթ իր մարդոցմով ամուր տեղը ելաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981