Առաջին Թագավորաց գիրք

26

Դաւիթ կրկին Սաւուղին կեանքը կը խնայէ

1Եւ Զիփացիք Գաբաա գացին Սաւուղի, ու ըսին, Ահա Եսիմոնի դիմաց Եքեղայի բլուրին վրայ պահուեր է: 2Ու ելաւ Զիփի անապատը իջաւ Իսրայէլի երեք հազար ընտրուած մարդոցմով, որպէս զի Զիփի անապատին մէջ Դաւիթը փնտռէ: 3Եւ Սաւուղ Եսիմոնի դիմաց Եքեղայի բլուրը՝ ճամբուն վրայ բանակեցաւ: Դաւիթ ալ անապատին մէջ նստեր էր. ու երբ տեսաւ որ Սաւուղ իր ետեւէն անապատը կու գայ, 4Դաւիթ լրտեսներ ղրկեց, ու Սաւուղի ստոյգ գալը իմացաւ: 5Ու Դաւիթ գաղտուկ ելաւ և Սաւուղի բանակ դրած տեղը եկաւ. ու Դաւիթ Սաւուղի ու անոր զօրաւարին, Ներեան Աբենների, պառկած տեղը տեսաւ. բայց Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկեր էր, ու ժողովուրդը անոր բոլորտիքը բանակեր էին: 6Եւ Դաւիթ պատասխան տուաւ ու Քետացի Աքիմելէքի ու Յովաբի եղբօրը Շարուհեան Աբեսսայի ըսաւ, Ո՞վ ինծի հետ Սաւուղի քով բանակը կ՚իջնէ: Ու Աբեսսա ըսաւ, Ես քեզի հետ կ՚իջնեմ: 7Եւ Դաւիթ Աբեսսայի հետ գիշերով ժողովուրդին մէջ մտաւ. և ահա Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկեր կը քնանար. անոր նիզակը գլխուն քով գետինը ցցուած էր, և Աբեններ ու ժողովուրդը անոր բոլորտիքը պառկեր էին: 8Եւ Աբեսսա Դաւիթի ըսաւ, այսօր քու թշնամիդ քու ձեռքդ մատնեց. ու հիմա թող տուր որ նիզակով մէկ անգամին գետինը ցցեմ զանիկա, ու չկրկնեմ հարուածը: 9Բայց Դաւիթ Աբեսսայի ըսաւ, Զանիկա մի մեռցներ. քանզի Տէրոջը օծեալին ո՞վ կրնայ ձեռք երկնցնել ու անմեղ ըլլալ: 10Եւ Դաւիթ ըսաւ, Տէրը կենդանի է որ զանիկա Տէրը պիտի զարնէ, կամ անոր ատենը պիտի գայ ու մեռնի, կամ թէ պատերազմի մէջ պիտի մտնէ ու մեռնի: 11Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ. միայն թէ հիմա անոր գլխուն քովի նիզակը ու ջուրին կուժը առ ու երթանք: 12Եւ Դաւիթ Սաւուղի գլխուն քովէն նիզակը ու ջուրին կուժը առաւ ու գացին. և տեսնող չկար, իմացող չկար ու արթնցող չկար. որովհետև ամէնքը կը քնանային, քանզի Տէրոջը կողմանէ անոնց վրայ խորունկ մը ինկեր էր: 13Եւ Դաւիթ անդիի կողմը անցաւ, ու լեռանը գլխուն վրայ հեռուանց կայնեցաւ, ու անոնց մէջտեղ մեծ միջոց կար: 14Եւ Դաւիթ ժողովուրդին ու Ներեան Աբենների կանչելով՝ ըսաւ, Ով Աբեններ, պատասխան չե՞ս տար. ու Աբեններ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Դուն ո՞վ ես որ թագաւորին կը կանչես: 15Եւ Դաւիթ Աբենների ըսաւ, Դուն այր մարդ չե՞ս, ու Իսրայէլի մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ. և ինչո՞ւ համար քու տէրոջդ, թագաւորին, պահպանութիւն չըրիր. քանզի ժողովուրդէն մէկը քու տէրդ, թագաւորը, մեռցնելու եկաւ: 16Այդ քու ըրած բանդ աղէկ չէ. կենդանի է Տէրը, որ դուք մեռնելու արժանի էք, քանզի Տէրոջը օծեալին, ձեր տէրոջը, պահպանութիւն չըրիք. ու հիմա նայէ, թագաւորին նիզակը ու անոր գլխուն քովի ջուրին կուժը ո՞ւր է: 17Այն ատեն Սաւուղ Դաւիթի ձայնը ճանչցաւ ու ըսաւ, Որդեակ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է, ու Դաւիթ ըսաւ, Ով տէր իմ թագաւոր, իմ ձայնս է. 18Ու ըսաւ, Իմ տէրս ինչո՞ւ համար այդպէս իր ծառային ետեւեն ինկեր է. քանզի ի՞նչ ըրի, ու ձեռքիս մէջ ի՞նչ չարութիւն կայ: 19Եւ հիմա իմ տէրս, թագաւորը, իր ծառային խօսքերը թող մտիկ ընէ. եթէ Տէրը քեզ իմ վրաս ոտք հանեց, թող մը ընդունի. բայց եթէ մարդոց որդիները ոտք հանեցին, անոնք Տէրոջը առջև անիծեալ ըլլան, քանզի զիս այսօր վռնտեցին՝ որպէս զի Տէրոջը ժառանգութեանը հետ չմիանամ, ու ինծի ըսին, Գնա օտար աստուածներու ծառայութիւն ըրէ: 20Եւ հիմա Տէրոջը առջև իմ արիւնս գետինը չիյնայ. քանզի Իսրայէլի թագաւորը լու մը փնտռելու ելաւ, ինչպէս մարդ մը լեռներու վրայ կաքաւի մը ետեւէ կ՚իյնայ: 21Ու Սաւուղ ըսաւ, գործեցի. դարձիր, որդեակ իմ Դաւիթ. իմ հոգիս այսօր քու աչքերուդ պատուական երեւնալուն համար՝ քեզի մէյմըն ալ չարութիւն պիտի չընեմ. ահա յիմարութիւն ըրի ու մեծապէս սխալեցայ: 22Եւ Դաւիթ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ահա թագաւորին նիզակը. մանչերէն մեկը թող գայ ու զանիկա առնէ: 23Եւ Տէրը ամէն մարդու իր արդարութեանը ու իր հաւատարմութեանը փոխարէնը հատուցանէ. որովհետև Տէրը քեզ այսօր իմ ձեռքս տուաւ, բայց ես Տէրոջը օծեալին ձեռքս երկնցնել չուզեցի: 24Եւ ահա ինչպէս քու հոգիդ այսօր իմ աչքերուս պատուական երեւցաւ, իմ հոգիս ալ Տէրոջը առջև այնպէս պատուական երեւնայ, ու զիս ամէն նեղութենէ ազատէ: 25Եւ Սաւուղ Դաւիթի ըսաւ, Որդեակ իմ Դաւիթ, օրհնեալ ըլլաս. քու գործերուդ մէջ յաջողութիւն պիտի գտնես*, ու նաև յաղթող պիտի ըլլաս: Եւ Դաւիթ իր ճամբան գնաց, ու Սաւուղ իր տեղը դարձաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)