Առաջին Թագավորաց գիրք

27

Դաւիթ Փղշտացւոց մէջ

1Եւ իր սրտին մէջ ըսաւ, Վերջապէս օր մը Սաւուղի ձեռքով պիտի կորսուիմ. ինծի Փղշտացւոց երկիրը փախչելէն աղէկը չկայ, որպէս զի ինծմէ յոյսը կտրէ, ու զիս մէյմըն ալ Իսրայէլի բոլոր սահմաններուն մէջ չփնտռէ. այսպէս անոր ձեռքէն կ՚ազատիմ: 2Ու Դաւիթ իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդով ելաւ, ու Գէթի թագաւորին Մաովքի որդւոյն Անքուսի քով գնաց: 3Եւ Դաւիթ ինք ու իր մարդիկը, իւրաքանչիւր մարդ իր տնովը, Դաւիթ ալ իր երկու կիներովը Յեզրայելացի Աքինոամի հետ ու Կարմելացի Նաբաղի կնոջ Աբիգեայի հետ, Անքուսի քով Գէթի մէջ բնակեցան: 4Ու երբ Սաւուղի իմացուցին թէ Դաւիթ Գէթ փախեր է, մէյմըն ալ զանիկա չփնտռեց: 5Եւ Դաւիթ Անքուսի ըսաւ, Կ՚աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, գիւղաքաղաքներէն մէկուն մէջ ինծի տեղ տրուի՝ որպէս զի հոն նստիմ. քանզի քու ծառադ ինչո՞ւ համար քեզի հետ թագաւորանիստ քաղաքին մէջ նստի: 6Եւ այն օրը Անքուս Սիկելակը տուաւ անոր. այս պատճառաւ Սիկելակ մինչև այսօր Յուդայի թագաւորներուն եղաւ: 7Ու Փղշտացւոց երկրին մէջ Դաւիթի նստած օրերուն թիւը մէկ տարի ու չորս ամիս եղաւ: 8Եւ Դաւիթ ու անոր մարդիկը ելան, և Գեսուրացւոց, Գազերացւոց ու Ամաղեկացւոց վրայ յարձակեցան. քանզի անոնք շատոնցմէ ի վեր այն երկրին մէջ կը բնակէին, Սուրէ մինչև Եգիպտոսի երկիրը: 9Եւ Դաւիթ այն երկիրը զարկաւ, ու ամենեւին այր մարդ մը կամ մարդ մը ողջ չթողուց. և ոչխարները ու արջառները ու էշերը և ուղտերը ու հանդերձները առաւ, և դարձաւ Անքուսի եկաւ: 10Ու Անքուս ըսաւ, Այսօր ո՞ր կողմը յարձակեցաք: Եւ Դաւիթ ըսաւ, Յուդայի հարաւային կողմը, Յերամելացւոց հարաւային կողմը, ու Կենեցւոց հարաւային կողմը: 11Եւ Դաւիթ մէկ այր կամ կին մարդ ողջ չթողուց, որ Գէթ լուր բերէ. քանզի ըսաւ, Չըլլայ որ մեզի համար պատմեն ու ըսեն թէ Դաւիթ այսպէս ըրաւ: Ու անոր սովորութիւնը այսպէս էր, քանի որ Փղըշտացւոց երկրին մէջ կը նստէր*: 12Եւ Անքուս Դաւիթի հաւատալով՝ ըսաւ, Այս մարդը՝ իր ժողովուրդին, Իսրայէլի, քով ինքզինք խիստ ատելի ընելուն համար, ինծի յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981