Առաջին Թագավորաց գիրք

29

Դաւիթ Փղշտացիներէն կը մերժուի

1Եւ Փղշտացիք իրենց բոլոր բանակները Ափէկի մէջ ժողվեցին. ու Իսրայելացիք Յեզրայէլի մէջ եղող աղբիւրին քով բանակեցան: 2Եւ Փղշտացւոց նախա-րարները իրենց հարիւրաւորներովը ու հազարաւորներովը կ՚անցնէին. և ու իր մարդիկը անոնց ետեւէն Անքուսի հետ կ՚անցնէին: 3Ու Փղշտացւոց իշխանները ըսին, Այս Եբրայեցիները ի՞նչ պիտի ըլլան: Եւ Անքուս Փղշտացւոց իշխաններուն ըսաւ, Ասիկա Իսրայէլի թագաւորին Սաւուղի ծառան Դաւիթը չէ՞, որ այսչափ օրերէ՝ կամ մանաւանդ այսչափ տարիներէ ի վեր իմ քովս է. ու ինծի ինկած օրէն մինչև այսօր անոր վրայ ամենեւին յանցանք մը չգտայ: 4Եւ Փղշտացւոց իշխանները անոր սրդողեցան, ու Փղշտացւոց իշխանները անոր ըսին, Այդ մարդը ետ ղրկէ, ու երթայ իր տեղը, ուր զանիկա դրիր. ու մեզի հետ պատերազմի մէջ չմտնէ, չըլլայ որ պատերազմին մէջ մեզի թշնամութիւն ընէ. քանզի անիկա ինչո՞վ պիտի հաշտուի իր տէրոջը հետ, չէ՞ որ այս մարդոց գլուխներովը: 5Ասիկա այն Դաւիթը չէ՞, որու համար կիները պար բռնելով ու պատասխան տալով կ՚ըսէին, իր հազարաւորները զարկաւ, Ու Դաւիթ իր բիւրաւորները: 6Եւ Անքուս Դաւիթը կանչեց, ու անոր ըսաւ, Տէրը կենդանի է որ դուն շիտակ մարդ մըն ես, և ինծի հետ բանակին մէջ մտնելդ ու ելլելդ իմ աչքիս աղէկ կ՚երեւնայ. քանզի ինծի եկած օրէդ մինչև այսօր քու վրադ չարութիւն մը չգտայ. բայց դուն նախարարներուն աչքին աղէկ չես երեւնար. 7Ուստի հիմա դարձիր և խաղաղութեամբ գնա, ու Փղշտացւոց նախարարներուն աչքին գէշ երեւցածը մի ըներ: 8Եւ Դաւիթ Անքուսի ըսաւ, Բայց ես ի՞նչ ըրի, ու քու առջեւդ կայնած օրէս մինչև այսօր ծառայիդ վրայ ի՞նչ գտար, որ ես չերթամ ու իմ տէրոջս, թագաւորին, թշնամիներուն հետ չընեմ: 9Եւ Անքուս պատասխան տուաւ ու Դաւիթի ըսաւ, Գիտեմ որ դուն իմ աչքերուս Աստուծոյ հրեշտակին պէս աղէկ կ՚երեւնաս. բայց Փղշտացւոց իշխանները ըսին թէ Անիկա մեզի հետ պատերազմի չելլէ: 10Ուստի առաւօտուն կանուխ ելիր դուն ու քու տէրոջդ ծառաները որոնք քեզի հետ եկան, առաւոտուն կանուխ ելէք ու լուսցածին պէս գացէք: 11Եւ Դաւիթ ինք ու իր մարդիկը առաւօտուն կանուխ ելան որպէս զի երթան, ու Փղշտացւոց երկիրը դառնան. իսկ Փղշտացիք Յեզրայէլ ելան:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981