Առաջին Թագավորաց գիրք
30
Պատերազմ Ամաղեկացիներուն դէմ
1Ու երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը երրորդ օրը Սիկելակ մտան, ահա Ամաղեկացիք հարաւային երկրին ու Սիկելակի վրայ յարձակեր էին. և Սիկելակը զարնելով՝ զանիկա կրակով այրեր էին. 2Ու հոն եղած կիները գերի առեր էին. պզտիկէն մինչև մեծը մարդ մը չէին մեռցուցեր, հապա զանոնք իրենց հետ տանելով ճամբանին գացեր էին: 3Ու երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը քաղաքը հասան, ահա անիկա կրակով այրուած էր. ու իրենց կիները, տղաքները ու աղջիկները գերի առնուած էին: 4Ուստի Դաւիթ ու իրեն հետ եղող ժողովուրդը ձայներնին վերցուցին ու լացին, մինչև որ անոնց վրայ ոյժ չմնաց լալու: 5Եւ Դաւիթի երկու կիները, Յեզրայելացի Աքինոամ ու Կարմելացի Նաբաղի կինը Աբիգեա ալ գերի առնուած էին: 6Եւ Դաւիթ մեծ տագնապի մէջ էր, քանզի ժողովուրդը զանիկա քարկոծել կ՚ուզէր. որովհետև բոլոր ժողովուրդէն ամէն մէկուն սիրտը կը կսկծար իր տղոցը ու աղջիկներուն համար. բայց Դաւիթ իր Տէր Աստուծովը զօրացաւ: 7Եւ Դաւիթ Աքիմելէքի որդւոյն, Աբիաթար քահանային, ըսաւ, Եփուտը մօտեցուր ինծի. ու Աբիաթար եփուտը Դաւիթի մօտեցուց: 8Եւ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ, Այս գունդին ետեւէն իյնա՞մ. անոնց կը հասնի՞մ. ու Տէրը ըսաւ անոր, Ետեւէն ինկիր, քանզի անշուշտ պիտի հասնիս ու ամէն բանը պիտի ազատես: 9Եւ Դաւիթ ինք ու իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդիկը գացին, ու մինչև Բոսոր հեղեղատը եկան. ու ետ մնացողները հոն կայնեցան: 10Եւ Դաւիթ չորս հարիւր մարդով թշնամին հալածեց. (սակայն երկու հարիւր մարդիկը շատ յոգնած ըլլալնուն համար՝ Բոսոր հեղեղատին ասդիի կողմը մնացին, ու չկրցան անցնիլ:) 11Ու դաշտին մէջ Եգիպտացի մարդ մը գտան, և զանիկա Դաւիթի բերին. ու անոր հաց տուին, ու կերաւ, ու անոր ջուր խմցուցին. 12Եւ անոր քիչ մը չոր թուզ ու երկու ողկոյզ չամիչ տուին, որ կերաւ ու ոգին վրան եկաւ. քանզի երեք օր ու երեք գիշեր հաց չէր կերած ու ջուր չէր խմած: 13Եւ Դաւիթ Անոր ըսաւ, Դուն որո՞ւն մարդն ես, և ուրկէ՞ ես: Եւ անիկա ըսաւ, Ես Եգիպտացի պատանի մըն եմ, ու Ամաղեկացի մարդու մը ծառայ. ու հիմա երեք օր է որ հիւանդ ըլլալուս համար իմ տէրս զիս հոս թողուց: 14Մենք Քերեթի հարաւային կողմը՝ Յուդայի կողմերը ու Քաղէբի հարաւային կողմերը յարձակեցանք, ու Սիկելակը կրակով այրեցինք: 15Եւ Դաւիթ անոր ըսաւ, Զիս այն գունդին կրնա՞ս իջեցնել: Ու անիկա ըսաւ, Դուն ինծի Աստուծով երդում ըրէ որ զիս պիտի չմեռցնես, ու զիս իմ տէրոջս ձեռքը պիտի չտաս, ես ալ քեզ այն գունդին կ՚իջեցնեմ: 16Եւ զանիկա հոն իջեցուց, ու ահա անոնք բոլոր գետնին երեսին վրայ ցրուած էին. կ՚ուտէին ու կը խմէին, և Փղշտացւոց երկրէն ու Յուդայի երկրէն առած այն բոլոր մեծ աւարին համար ուրախութիւն կ՚ընէին: 17Եւ Դաւիթ արշալոյսէն մինչև հետեւեալ օրուան իրիկունը* զանոնք զարկաւ, ու անոնցմէ մարդ չազատեցաւ, բայց միայն չորս հարիւր երիտասարդներ, որոնք ուղտերու վրայ հեծան ու փախան: 18Եւ Դաւիթ Ամաղեկացւոց առած բոլոր բաները ազատեց. ու Դաւիթ իր երկու կիներն ալ ազատեց: 19Եւ իրենց մէ՛կ բանը պակաս չէր պզտիկէն մինչև մեծը, թէ՛ տղայ, թէ՛ աղջիկ և թէ՛ աւար, ինչ որ անոնք առեր տարեր էին. Դաւիթ ամէնն ալ ետ բերաւ: 20Ու Դաւիթ բոլոր ոչխարները ու արջառները առաւ, և զանոնք իրենց հօտերուն առջեւէն կը տանէին, ու կ՚ըսէին, Դաւիթի աւարը ասիկա է: 21Եւ Դաւիթ այն երկու հարիւր մարդոցը եկաւ, որոնք շատ յոգնած ըլլալնուն համար չէին կրցեր Դաւիթի ետեւէն երթալ. ու զանոնք Բոսոր հեղեղատը նստեցուցեր էր. և անոնք ելան Դաւիթը ու անոր հետ եղող ժողովուրդը դիմաւորելու. ու Դաւիթ երբ ժողովուրդին մօտեցաւ, անոնց ողջութիւնը հարցուց: 22Եւ Դաւիթի հետ գացող մարդոցմէն բոլոր չար ու անզգամ մարդիկը պատասխան տուին ու ըսին, Ասոնց մեզի հետ չգալուն համար՝ մենք ալ անոնց մեր ազատած աւարէն չենք տար. ամէն մարդ միայն իր կինը ու տղաքները առնէ ու երթայ: 23Բայց Դաւիթ անոնց ըսաւ, Այդպէս մի ընէք, եղբայրներս, որովհետև Տէրը մեզի տուաւ ասիկա, և ինք մեզ պահեց ու մեր վրայ եկող գունդը մեր ձեռքը մատնեց: 24Եւ այս բանին մէջ ո՞վ ձեզի մտիկ կ՚ընէ. քանզի կարասիներուն քով նստողներուն բաժինը պատերազմի գացողներուն բաժինին հետ հաւասար պիտի ըլլայ. հաւասարապէս պիտի բաժնեն: 25Եւ այն օրէն ի վեր ասիկա Իսրայէլի մէջ կանոն ու օրէնք դրաւ, որ կը կենայ մինչև այսօր: 26Եւ Դաւիթ Սիկելակ եկաւ, ու այն աւարէն Յուդայի ծերերուն, իր բարեկամներուն, ղրկեց՝ ըսելով, Ահա ձեզի Տէրոջը թշնամիներուն աւարէն ընծայ կը ղրկեմ: 27Այսինքն Բեթէլի մէջ եղողներուն, հարաւային Ռամովթի մէջ եղողներուն, Յաթիրի մէջ եղողներուն, 28Արոէրի մէջ եղողներուն, Սեփամովթի մէջ եղողներուն, Եսթեմովի մէջ եղողներուն, 29Րաքալի մէջ եղողներուն, Յերամելացւոց քաղաքներուն մէջ եղողներուն, Կենեցւոց քաղաքներուն մէջ եղողներուն, 30Հօրմայի մէջ եղողներուն, Քովրասանին մէջ եղողներուն, Աթաքի մէջ եղողներուն, 31Քեբրոնի մէջ եղողներուն, և այն ամէն տեղերը ուր Դաւիթ իր մարդոցմով պտըտեր էր:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981