Առաջին Թագավորաց գիրք
6
Տապանակին վերադարձը
1Եւ Տէրոջը տապանակը Փղշտացւոց երկրին մէջ եօթը ամիս մնաց: 2Ու Փղշտացիք իրենց քուրմերը ու բախտ նայողները կանչեցին ու ըսին, Եհովայի տապանակին ի՞նչ ընենք. մեզի իմացուցէք թէ զանիկա ինչո՛վ իր տեղը ղրկենք: 3Անոնք ալ ըսին, Եթէ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ղրկէք, զանիկա պարապ չղրկէք, հապա անպատճառ յանցանքի պատարագ տուէք անոր. այն ատեն կը բժշկուիք, ու ձեզի յայտնի կ՚ըլլայ թէ ինչո՛ւ համար անոր ձեռքը ձեր վրայէն չերթար: 4Եւ անոնք ըսին, Անոր ի՞նչ տեսակ պատարագ մատուցանենք: Ու անոնք ըսին, Փղըշտացւոց նախարարներուն թիւովը հինգ ոսկեղէն թանչքի ուռեցքներ ու հինգ ոսկի մուկ ընծայ տուէք. քանզի ձեր ամէնուն վրայ և ձեր նախարարներուն վրայ միեւնոյն հարուածը եղաւ: 5Եւ հիմա ձեր թանչքի ուռեցքներուն պատկերները, ու ձեր երկիրը աւրող մուկերուն պատկերները շինեցէք, ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառք տուէք. կարելի է որ իր ձեռքը ձեր վրայէն, ձեր աստուածներուն վրայէն ու ձեր երկրին վրայէն վերցնէ: 6Եւ ինչո՞ւ համար ձեր սիրտերը կը խստացնէք, ինչպէս Եգիպտացիք ու Փարաւոն իրենց սիրտերը խստացուցին. չէ՞ որ Աստուած անոնց մէջ հրաշալի գործեր ընելէն ետքը՝ զանոնք թող տուին որպէս զի երթան: 7Հիմա նոր սայլ մը շինեցէք, ու երկու հատ կաթնտու երինջ առէք, որոնց վրայ բնաւ լուծ դրուած չըլլայ. ու երինջները սայլին լծեցէք, և անոնց ձագերը անոնց ետեւէն տուն դարձուցէք. 8Ու Եհովայի տապանակը առէք, և զանիկա սայլին վրայ դրէք, ու այն ոսկեղէն պատկերները զորոնք դուք յանցանքի համար անոր ընծայ պիտի տաք, պզտիկ արկղով մը անոր մէկ կողմը դրէք, ու զանիկա ղրկեցէք որպէս զի երթայ. 9Եւ նայեցէք, եթէ իր սահմանին ճամբովը Բեթսամիւս ելլէ, այս մեծ չարիքը մեզի ընողը անիկա է. ապա թէ ոչ՝ գիտնանք որ անոր ձեռքը բնաւ մեզի դպած չէ, հապա այս բանը դիպուածով պատահեր է մեզի: 10Եւ այն մարդիկը այսպէս ըրին. երկու հատ կաթնտու երինջ առին, ու զանոնք սայլին լծեցին, և անոնց ձագերը տան մէջ գոցեցին: 11Ու Տէրոջը տապանակը, և ոսկի մուկերուն ու իրենց թանչքի ուռեցքներու պատկերներուն պզտիկ արկղը սայլին վրայ դրին: 12Ու երինջները շիտակ Բեթսամիւսի ճամբան բռնեցին, ու մեծ ճամբայէն բառաչելով կ՚երթային, և աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցան. ու Փղշտացւոց նախարարները մինչև Բեթսամիւսի սահմանը անոնց ետեւէն գացին: 13Եվ Բեթսամիւսացիք հովիտին մէջ ցորենի հունձք կը հնձէին, ու իրենց աչքերը վերցնելով տապանակը տեսան, ու տեսնելնուն համար ուրախացան: 14Եւ սայլը Բեթսամիւսացի Յեսուի արտը մտաւ ու հոն կայնեցաւ, ուր մեծ քար մը կար. ու սայլին փայտերը ճեղքեցին, և այն երինջները Տէրոջը ողջակէզ մատուցին: 15Ու Ղեւտացիք Տէրոջը տապանակը և անոր հետ եղող ոսկի պատկերներուն պզտիկ արկղը վար իջեցուցին, ու այն մեծ քարին վրայ դրին. և այն օրը Բեթսամիւսի մարդիկը Տէրոջը ողջակէզներ ու զոհեր մատուցին: 16Ու Փղշտացւոց հինգ նախարարները այս բաները տեսնելէ ետքը՝ նոյն օրը Ակկարոն դարձան: 17Եւ այն ոսկեղէն թանչքի ուռեցքները, զորոնք Փղշտացիք յանցանքի համար Տէրոջը ընծայ տուին, ասոնք էին. Մէկ հատ Ազովտոսի համար, մէկ հատ Գազայի համար, մէկ հատ Ասկաղոնի համար, մէկ հատ Գէթի համար ու մէկ հատ Ակկարոնի համար: 18Եւ ոսկի մուկերը Փղշտացւոց հինգ նախարարութիւններուն բոլոր քաղաքներուն թիւովն էին, պարսպաւոր քաղաքէն մինչև անպարիսպ գեղը, ու մինչև այն մեծ քարը՝ որուն վրայ Տէրոջը տապանակը դրուեցաւ. ու մինչև այսօր այն քարը Բեթսամիւսացի Յեսուի արտին մէջ կը կենայ:
Տապանակը Կարիաթարիմի մէջ
19Եւ Տէրը Բեթսամիւսի մարդիկը զարկաւ, քանզի անոնք Տէրոջը տապանակին մէջ նայեցան. ու ժողովուրդէն յիսուն հազար եօթանասուն մարդ զարկաւ. և Տէրը ժողովուրդին մէջ կոտորած ընելուն համար ժողովուրդը սուգ բռնեց: 20Ու Բեթսամիւսի մարդիկը ըսին, Այս սուրբ Տէր Աստուծոյն առջև ո՞վ կրնայ կայնիլ. ու մեր քովէն որո՞ւ ելլէ: 21Եւ Կարիաթարիմի բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկե-ցին՝ ըսելով, Փղշտացիք Տէրոջը տապանակը ետ բերին. իջէք ու զանիկա ձեր քով հանեցէք: