Առաջին Թագավորաց գիրք
8
Ժողովուրդը թագաւոր կ’ուզէ
1Ու երբ Սամուէլ ծերացաւ, իր որդիները Իսրայէլի վրայ դատաւոր դրաւ: 2Եւ իր անդրանիկ որդւոյն անունը Յովէլ, ու երկրորդին անունը Աբիա էր, ու Բերսաբէէի մէջ դատաւորութիւն կ՚ընէին: 3Եւ անոր որդիները անոր ճամբաներուն մէջ չքալեցին, հապա ագահութեան ետեւէ իյնալով՝ կաշառք կ՚առնէին, և իրաւունքը կը ծռէին: 4Ու Իսրայէլի ամէն ծերերը ժողվուեցան, ու Ռամա Սամուէլի գացին, 5Եւ անոր ըսին, Ահա դուն ծերացեր ես, ու քու որդիներդ քու ճամբաներուդ մէջ չեն քալեր. ուստի հիմա մեր վրայ թագաւոր մը դիր, որպէս զի ամէն ազգերուն պէս մեզ կառավարէ: 6Ու այս բանը Սամուէլի առջև գէշ երեւցաւ, որ ըսին թէ Մեզի թագաւոր մը տուր, որպէս զի մեզ կառաւարէ. ու Սամուէլ Տէրոջը աղօթք ըրաւ: 7Եւ Տէրը Սամուէլի ըսաւ, Ժողովուրդին խօսքը ու անոնց քեզի ամէն ըսածը մտիկ ըրէ. քանզի անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէս զի անոնց վրայ չթագաւորեմ: 8Զանոնք Եգիպտոսէ հանած օրէս մինչև այսօր ինչ որ ըրին, զիս թող տալով և ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընելով, նոյնը քեզի ալ կ՚ընեն: 9Ու հիմա դուն անոնց խօսքը մտիկ ըրէ. բայց անոնց յայտնի վկայութիւն ընես, ու անոնց վրայ իշխելու թագաւորին վարմունքը անոնց իմացնես: 10Եւ Սամուէլ Տէրոջը բոլոր խօսքերը իրմէ թագաւոր ուզող ժողովուրդին զրուցեց. 11Ու ըսաւ, Ձեր վրայ իշխելու թագաւորին վարմունքը ասիկա պիտի ըլլայ. ձեր տղաքը պիտի առնէ, ու զանոնք իրեն համար իր կառքերուն ու ձիերուն վրայ պիտի դնէ. և իր կառքերուն առջեւէն պիտի վազեն. 12Ու իրեն հազարապետներ ու յիսնապետներ պիտի ընէ, և իր արտերը պիտի հերկեն, ու հունձքերը հնձեն, և իր պատերազմական զէնքերը ու կառքերուն գործիքները շինեն: 13Եւ ձեր աղջիկները պիտի առնէ, որպէս զի իւղագործ, խոհարար ու հացեփեաց ըլլան: 14Եւ ձեր ընտիր արտերը, այգիները ու ձիթենիները առնելով՝ իր ծառաներուն պիտի տայ: 15Եւ ձեր հունտերուն ու ձեր այգիներուն տասանորդը պիտի առնէ, ու զանիկա իր ներքինիներուն ու ծառաներուն պիտի տայ: 16Եւ ձեր ծառաները ու աղախինները, ու ձեր ամէնէն ազնիւ կտրիճները, և ձեր էշերը պիտի առնէ ու իր ծառայութեանը գործածէ: 17Ձեր հօտերուն տասանորդը պիտի առնէ, ու դուք անոր ծառաներ պիտի ըլլաք: 18Այն օրը դուք ձեր ընտրած թագաւորին պատճառաւ պիտի աղաղակէք, բայց Տէրը այն օրը ձեզի պատասխան պիտի չտայ: 19Սակայն ժողովուրդը Սամուէլի խօսքը մտիկ ընել չուզելով՝ ըսին, Ոչ, անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը ըլլայ. 20Ու մենք ալ բոլոր ազգերուն պէս ըլլանք, և մեր թագաւորը մեզ կառավարէ. անիկա մեր առջեւէն ելլէ, ու մեր պատերազմներուն մէջ առաջնորդութիւն ընէ*: 21Եւ Սամուէլ ժողովուրդին բոլոր խօսքերը լսեց, ու զանոնք Տէրոջը ականջներուն զրուցեց: 22Եւ Տէրը Սամուէլի ըսաւ, Անոնց խօսքը մտիկ ըրէ, ու անոնց վրայ թագաւոր մը դիր: Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի մարդոցն ըսաւ, Թող ամէն մարդ իր քաղաքը երթայ: