Ա Տիմոթէոս

1

1Պօղոս, Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ, մեր Փրկիչ Աստուծոյ և մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի* հրամանովը, 2Տիմոթէոսի, իմ հարազատ որդւոյս հաւատքով, շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Աստուծմէ մեր Հօրմէն և Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն:

Զգուշացում սխալ վարդապետութենէ

3Ինչպէս քեզի աղաչեցի մնալ, երբ ես Մակեդոնիա կ’երթայի, որ պատուիրես մէկ քանիներուն օտար ուսմունք չսորվեցնել, 4Եւ չնայիլ առասպելներու ու ազգահամարներու` որոնք վերջ չունին, որոնք աւելի վէճեր կը պատճառեն քան թէ Աստուծոյ հաճելի շինութիւնը` որ կ’ըլլայ հաւատքով: 5Իսկ պատուիրանքին վախճանը սէր է սուրբ սրտով ու խղճմտանքով և անկեղծ հաւատքով. 6Որոնցմէ խոտորելով ոմանք փուճ խօսքերու ետևէ գացին. 7Օրինաց վարդապետ ըլլալ կ’ուզեն, բայց իրենք չեն հասկնար ինչ որ կը խօսին, ոչ ալ այն բաները` որոնց համար ոտք կը կոխեն: 8Արդ գիտենք որ օրէնքը աղէկ է, եթէ մէկը զանիկա օրինաւոր կերպով գործածելու ըլլայ: 9Բայց զայս թող գիտնայ որ արդարներուն համար չէ օրէնքը, հապա անօրէններուն ու անհնազանդներուն համար, ամբարիշտներուն և մեղաւորներուն, անսուրբներուն և պիղծերուն, ու զարնողներուն, մարդասպաններուն, 10Պոռնիկներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, սուտզրուցներուն, սուտ ընողներուն, և թէ ուրիշ ինչ որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան, 11Որ երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին համեմատ է, որ ինծի յանձնուեցաւ:

Շնորհակալութիւն Աստուծոյ ողորմութեան համար

12Եւ շնորհակալ եմ անոր` որ զիս զօրացուց, այսինքն Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջը, որ հաւատարիմ սեպելով զիս` այս սպասաւորութեան մէջ դրաւ. 13Որ առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող և թշնամանող. բայց ողորմութիւն գտայ, վասն զի անհաւատութեան մէջ չգիտնալով ըրի. 14Եւ մեր Տէրոջը շնորհքը խիստ շատ եղաւ ինծի հաւատքով ու սիրով` որ Քրիստոս Յիսուսով է: 15Այս խօսքը հաւատարիմ է ու բոլորովին ընդունելութեան արժանի, որ Քրիստոս Յիսուս եկաւ մեղաւորները փրկելու, որոնց գլուխը ես եմ. 16Բայց անոր համար ողորմութիւն գտայ, որ ամէնէն առաջ Յիսուս Քրիստոս իմ վրաս ցուցնէ բոլոր երկայնմտութիւնը` օրինակ ըլլալու անոնց որոնք պիտի հաւատային իրեն յաւիտենական կեանքի համար: 17Արդ յաւիտենական Թագաւորին, որ անեղծ ու աներևույթ է, մի միայն Աստուծոյն ու պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: 18Այս պատուէրը կ’աւանդեմ քեզի, իմ որդեակս Տիմոթէոս, քու վրայովդ առաջուընէ եղած մարգարէութիւններուն համեմատ, որ անոնցմով պատերազմիս այն բարի պատերազմը, 19Եւ ունենաս ու մաքուր խղճմտանք, զոր մէկ քանիները իրենցմէ մէկդի ձգելով` նաւակոծութիւն կրեցին հաւատքին կողմանէ. 20Որոնցմէ են Հիմենոս ու Աղեքսանդրոս, զորոնք ես սատանայի մատնեցի, որպէս զի սորվին հայհոյութիւն չընել:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)