Ա Տիմոթէոս
2
Եկեղեցական պաշտամունք
1Արդ կ’աղաչեմ ամէն բանէ առաջ աղօթք ընել, խնդրուածք, աղաչանք, գոհութիւն ամէն մարդոց համար, 2Մանաւանդ թագաւորներուն և բոլոր իշխանաւորներուն համար. որպէս զի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք բոլորովին աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով: 3Վասն զի այն է աղէկը ու ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն, առջև, 4Որ կ’ուզէ թէ ամէն մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնալու գան: 5Քանզի մէկ Աստուած կայ, ու մէկ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս մարդը, 6Որ իր անձը ամէնուն տեղ փրկանք տուաւ` իր ատենին վկայութիւն ըլլալու, 7Որու ես քարոզիչ ու առաքեալ դրուեցայ, (ճշմարիտ կ’ըսեմ Քրիստոսով և սուտ չեմ խօսիր,) հեթանոսներուն վարդապետ եղայ հաւատքով ու ճշմարտութիւնով: 8Արդ կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն` սուրբ ձեռքեր վերցնելով առանց բարկութեան ու երկմտութեան: 9Նոյնպէս ալ կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ և պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ոչ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախ հանդերձներով, 10Հապա բարի գործերով` ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը դաւանող կիներուն: 11Կին մարդը թող սորվի լռութեամբ` ամենայն հնազանդութիւնով: 12Բայց կին մարդու հրաման չեմ տար սորվեցնելու, ոչ ալ այր մարդուն իշխելու, հապա լուռ կենալու: 13Վասն զի առաջ Ադամ ստեղծուեցաւ, ու ետքը Եւա: 14Եւ Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կինը խաբուեցաւ ու յանցանք գործեց. 15Սակայն պիտի փըրկուի անիկա որդեծնութեամբ, եթէ կենան հաւատքի և սիրոյ ու սրբութեան մէջ պարկեշտութիւնով:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981