Ա Տիմոթէոս

3

Եկեղեցական առաջնորդները

1Այս խօսքը հաւատարիմ է. Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ: 2Ուստի պէտք է եպիսկոպոսին անարատ ըլլալ, մէկ կնոջ այր, զգաստ, խոհեմ, պարկեշտ, հիւրասէր, սորվեցնելու յարմար, 3Ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, հապա հանդարտ, ոչ կռուող, ոչ արծաթասէր, 4Որ իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընող ըլլայ, իր զաւակները հնազանդութեան մէջ պահելով` բոլոր ծանրաբարոյութեամբ. 5(Ապա եթէ մէկը իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին հոգաբարձու պիտի ըլլայ.) 6Ոչ ալ նորահաւատ ըլլայ, որ չըլլայ թէ հպարտանալով սատանայի դատապարտութեանը մէջ իյնայ: 7Հապա պէտք է անոր դուրսէն եղողներէն ալ վկայութիւն ունենալ, որ չըլլայ թէ նախատինքի մէջ ու սատանայի որոգայթին մէջ իյնայ:

Եկեղեցիին սարկաւագները

8Նոյնպէս ալ սարկաւագները ըլլան ծանրաբարոյ, ո°չ երկլեզու, ո°չ գինեսէր, ո°չ անարգ շահախնդրութեան ետևէ եղող. 9Հապա հաւատքին խորհուրդը պահեն մաքուր խղճմտանքով: 10Եւ ասոնք ալ առաջ թող փորձուին, ետքը` եթէ անմեղադրելի գտնուին, սարկաւագութեան պաշտօնը կատարեն: 11Նոյնպէս ալ անոնց կիները ծանրաբարոյ ըլլան, ոչ չարախօս, հապա զգաստ, ամէն բանի մէջ հաւատարիմ: 12Սարկաւագները մէկ կնոջ այր ըլլան, և իրենց զաւակներուն ու իրենց տանը աղէկ վերակացութիւն ընող ըլլան: 13Քանզի անոնք որ սարկաւագութեան պաշտօնը աղէկ կը կատարեն, բարի աստիճան մը իրենց կը շահին, ու Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքին մէջ շատ համարձակութիւն:

Մեծ խորհուրդը

14Այս բաները կը գրեմ քեզի, յուսալով մօտերս քեզի գալ: 15Բայց եթէ ուշանալու ըլլամ, որպէս զի գիտնաս թէ ի°նչպէս պէտք է քեզի Աստուծոյ տանը մէջ պտըտիլ, որ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը: 16Եւ յայտնապէս մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը. մարմինով յայտնուեցաւ, Հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն երևցաւ, հեթանոսներուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհի մէջ հաւտացուեցաւ ու փառքով համբարձաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)