Ա Տիմոթէոս

6

1Այն ամէնը որ ծառայութեան լուծի տակ են, իրենց տէրերը ամէն պատուոյ արժանի սեպեն, որպէս զի Աստուծոյ անունը ու վարդապետութիւնը չհայհոյուի: 2Եւ անոնք որ հաւատացեալ տէրեր ունին, թող չարհամարհեն` եղբայրներ ըլլալնուն պատճառաւ, հապա աւելի ծառայութիւն ընեն, վասն զի անոնք հաւատացեալ են ու սիրելի, որոնք բարերարութիւն ընելու մէջ մասնակից են. այս բաները սորվեցուր ու յորդորէ:

Սխալ վարդապետութիւն և արդար շահեր

3Եթէ մէկը ուրիշ կերպ բան մը սորվեցնէ, ու մտիկ չընէ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսի ողջամիտ խօսքերուն, և այն վարդապետութեանը որ աստուածպաշտութեան համեմատ է, 4i>Այնպիսին հպարտացած է ու բան մը չգիտեր, հապա վէճերով ու հակառակութիւններով ախտացած է. որոնցմէ կ’ըլլայ նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, գէշ կասկածներ, 5Միտքով ապականած ու ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց զրաբանութիւնները, որոնք աստուածպաշտութիւնը շահավաճառութիւն մը կը սեպեն. այնպիսիններէն մէկդի կեցիր: 6Սակայն աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է: 7Վասն զի բան մը չբերինք , ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ: 8Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով` անոնցմով բաւականանանք: 9Բայց անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի և շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք սատակումի ու կորուստի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ: 10Վասն զի ամէն չարութիւններուն արմատը արծաթասիրութիւնն է. որու մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով` հաւատքէն մոլորեցան, ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին:

Անհատական յորդորներ

11Բայց դուն, ով մարդ Աստուծոյ, փախիր այս բաներէն, ու գնա արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետևէն: 12Պատերազմէ հաւատքին պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը` որու կանչուեցար, և շատ վկաներու առջև դաւանեցար բարի դաւանութիւնը: 13Կը պատուիրեմ քեզի Աստուծոյ առջև, որ կենդանի կ’ընէ բոլորը, և Քրիստոս Յիսուսի առջև, որ Պոնտացի Պիղատոսի առջև վկայեց բարի դաւանութիւնը, 14Որ դուն այն պատուէրը անբիծ, անարատ պահես` մինչև մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսի յայտնութիւնը. 15Զոր իր ատենին պիտի ցուցնէ Երանելին ու միմիայն Հզօրը, թագաւորներուն Թագաւորը ու տէրերուն Տէրը. 16Որ միայն ունի անմահութիւն` անմերձենալի լոյսի մէջ բնակած, զոր մարդոցմէ մէ°կը չտեսաւ, ոչ ալ տեսնելու կարող է, որու պատիւ և զօրութիւն յաւիտեանս: Ամէն: 17Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան, և անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու, 18Բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն, և ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդ ըլլան. 19Բարի հիմ գանձեն անձերնուն հանդերձեալին համար, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն: 20Ով Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէն և սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէն, 21Զորոնք մէկ քանիները դաւանելով` հաւատքէն մոլորեցան: Շնորհքը քեզի հետ ըլլայ: Ամէն:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981