Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
1
Սողոմոն թագաւոր իմաստութիւն կը խնդրէ
1Եւ Դաւիթի որդին Սողոմոն իր թագաւորութեանը մէջ զօրացաւ. ու անոր Տէր Աստուածը անոր հետ էր, ու զանիկա խիստ մեծցուց: 2Եւ Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի, այսինքն հազարապետներուն, հարիւրապետներուն, դատաւորներուն ու բոլոր Իսրայէլի ամէն տոհմապետներուն, խօսեցաւ: 3Եւ Սողոմոն ու բոլոր ժողովքը անոր հետ Գաբաւոնի բարձր տեղը գացին. քանզի Տէրոջը ծառային, Մովսէսի, անապատին մէջ շինած՝ Աստուծոյ ժողովքի խորանը հոն էր. 4Միայն թէ Դաւիթ Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէ իր պատրաստած տեղը հաներ էր. քանզի Երուսաղէմի մէջ անոր վրան մը կանգներ էր. 5Սակայն Ովրեան Ուրիի որդւոյն Բեսելիէլի շինած պղնձէ սեղանը հոն Տէրոջը խորանին առջև էր. և Սողոմոն ու ժողովքը զանիկա փնտռեցին: 6Եւ Սողոմոն հոն Տէրոջը առջև ժողովքի խորանին պղնձէ սեղանին քով ելաւ*, ու անոր վրայ հազար ողջակէզ մատուց: 7Այն գիշերը Աստուած Սողոմոնի երևցաւ, ու անոր ըսաւ, Խնդրէ, քեզի ի՞նչ տամ: 8Եւ Սողոմոն Աստուծոյ ըսաւ, Դուն իմ հօրս Դաւիթի մեծ ողորմութիւն ըրիր, ու զիս անոր տեղ թագաւոր ըրիր. 9Հիմա, ով Տէր Աստուած, իմ հօրս Դաւիթի ըրած խոստմունքդ հաստատ մնայ. քանզի դուն զիս երկրի հողին չափ շատ ժողովուրդի վրայ թագաւոր ըրիր: 10Հիմա ինծի իմաստութիւն ու գիտութիւն տուր, որպէս զի այս ժողովուրդին առջև ելլեմ ու մտնեմ. վասն զի այս քու մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել: 11Եւ Աստուած Սողոմոնի ըսաւ, Որովհետև քու սրտիդ մէջ ասիկա եղաւ, ու հարստութիւն, ստացուած, փառք և քու թշնամիներուդ հոգին չխնդրեցիր, ու երկար կեանք ալ չխնդրեցիր, հապա քեզի իմաստութիւն ու գիտութիւն խնդրեցիր, որպէս զի դատես իմ ժողովուրդս՝ որուն վրայ քեզ թագաւոր ըրի, 12Ուրեմն իմաստութիւն ու գիտութիւն տրուի քեզի, և հարստութիւն, ստացուածք ու փառք ալ պիտի տամ քեզի. այնպէս որ քեզմէ առաջ եղող թագաւորներուն այնպէս եղած չէ, ու քեզմէ ետքը եկողներուն ալ այնպէս պիտի չըլլայ: 13Եւ Սողոմոն Գաբաւոնի բարձր տեղէն՝ ժողովքի խորանին առջևէն Երուսաղէմ դարձաւ, ու Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ:
Սողոմոնին զօրութիւնն ու հարստութիւնը
14Եւ Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ ժողվեց. ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասուերկու հազար ձիաւոր ունեցաւ, և զանոնք կառքի քաղաքներուն մէջ ու թագաւորին քով Երուսաղէմի մէջ տեղաւորեց: 15Եւ թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը ու ոսկին քարերու պէս ըրաւ, ու եղևնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ, 16Եւ Սողոմոնի ձիերը Եգիպտոսէ կու գային. ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ’առնէին. 17Ու Եգիպտոսէ կառք մը դուրս ելլելուն՝ վեց հարիւր արծաթով վեր կը հանէին, ու մէկ ձին հարիւր յիսուն արծաթով. ու Քետացւոց բոլոր թագաւորներուն համար, և Ասորւոց բոլոր թագաւորներուն համար ալ՝ անոնց ձեռքով այնպէս կը հանէին: