Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
10
Հիւսիսային ցեղերուն ապստամբութիւնը
1Եւ Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց. վասն զի բոլոր Իսրայէլ զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր: 2Ու Նաբատեան Յերոբովամ որ, Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած, Եգիպտոս կը բնակէր, այս բանը լսելով Եգիպտոսէ դարձաւ: 3Եւ մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին. ու Յերոբովամ և բոլոր Իսրայէլ եկան, ու Ռոբովամի հետ խօսեցան ու ըսին, 4Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ. ու հիմա քու հօրդ խիստ ծառայութիւնը ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթևցուր, ու քեզի ծառայութիւն ընենք: 5Եւ անիկա ըսաւ անոնց, Երեք օրէն ետքը ինծի դարձէք. ու ժողովուրդը գնաց: 6Եւ Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն, որոնք իր հօրը Սողոմոնի առջև կը կայնէին երբ անիկա ողջ էր, ու ըսաւ, Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ: 7Եւ անոր խօսեցան ու ըսին, Եթէ այս ժողովուրդին հետ քաղցրութեամբ վարուիս, ու անոնց հաճելի ըլլաս, ու անոնց բարի խօսքեր զրուցես, այն ատեն անոնք միշտ քեզի ծառայ կ’ըլլան: 8Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց, ու իր առջև կայնող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց. 9Եւ անոնց ըսաւ, Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ. քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին, Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթևցուր: 10Ու անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին, Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց, ու դուն մեր վրայէն թեթևցուր՝ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսիս, ու անոնց այսպէս ըսես. Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է. 11Եւ հիմա իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր է, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ. իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր է, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ: 12Եւ Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամի եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ Երրորդ օրը ինծի դարձէք: 13Ու թագաւորը անոնց խստութեամբ պատասխան տուաւ, եւ Ռոբովամ թագաւորը ծերերուն խորհուրդը մերժելով, 14Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ, Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր է. բայց ես զանիկա աւելի պիտի ծանրացնեմ. իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր է, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ: 15Եւ թագաւորը ժողովուրդին խօսքը մտիկ չըրաւ, վասն զի այս բանը Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիայի ձեռքով Նաբատեան Յերոբովամի ըսած խօսքը հաստատէ: 16Ու երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ որ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին, Մենք Դաւիթի քով ի՞նչ բաժին ունինք. ու Յեսսէի որդւոյն քով ժառանգութիւն չունինք. ով Իսրայէլ, թող ամէն մարդ իր վրանը դառնայ. ով Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգա. ու բոլոր Իսրայէլ իրենց վրանները գացին: 17Բայց Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ: 18Եւ Ռոբովամ թագաւորը երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, Իսրայէլի որդիները զանիկա քարերով քարկոծեցին, ու մեռաւ: Եւ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի: 19Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթի տունէն ապստամբեցաւ մինչև այսօր:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981