Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

16

Դժուարութիւններ Իսրայէլի հետ

1Ասայի թագաւորութեան երեսունըվեցերորդ տարին Իսրայէլի Բաասա թագաւորը Յուդայի դէմ ելաւ, ու Ռաման շինեց, որպէս զի Յուդայի Ասա թագաւորին ելլող մտնող մարդ մը չթողու: 2Եւ Ասա Տէրոջը տանը ու թագաւորին տանը գանձերէն արծաթ ու հանեց, ու Դամասկոս բնակող Ասորւոց թագաւորին, Բենադադի, ղրկեց՝ ըսելով, 3Իմ ու քու մէջտեղ, և իմ հօրս ու քու հօրդ մէջտեղ դաշնակցութիւն կայ. ահա քեզի արծաթ ու ոսկի կը ղրկեմ. եկուր, Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ ունեցած դաշնակցութիւնդ աւրէ, որպէս զի անիկա իմ վրայէս ետ քաշուի: 4Ու Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքը մտիկ ըրաւ. և իր զօրագլուխները Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ ղրկեց. ու Իյօնը, Դանը, Աբէլմայիմը ու Նեփթաղիմի բոլոր շտեմարանի քաղաքները զարկին: 5Եւ Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ, ու գործը դադրեցուց: 6Ուստի Ասա թագաւորը բոլոր Յուդան առաւ, ու Բաասայի շինած Ռամայի քարերը ու փայտերը վերցուցին. ու անոնցմով Գաբան ու Մասփան շինեց:

Անանի մարգարէն

7Եւ այն ատեն Անանի տեսանողը Յուդայի Ասա թագաւորին եկաւ, ու անոր ըսաւ, Որովհետև դուն Ասորւոց թագաւորին ապաւինեցար, ու քու Տէր Աստուծոյդ չապաւինեցար, անոր համար Ասորւոց թագաւորին զօրքը քու ձեռքէդ ազատեցաւ: 8Միթէ Եթէովպացիք ու Լիբէացիք խիստ շատ կառքերով ու ձիաւորներով բազմաթիւ զօրք չէի՞ն. բայց որովհետև դուն Տէրոջը ապաւինեցար, զանոնք քու ձեռքդ մատնեց. 9Քանզի Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ. դուն այս բանին մէջ անմտութիւն ըրիր. ասկէ ետքը պատերազմներ պիտի ունենաս: 10Եւ Ասա այն տեսանողին սրդողեցաւ, ու զանիկա բանտը դրաւ. վասն զի այս բանին համար խիստ բարկացաւ անոր. ու այն ատեն Ասա ժողովուրդին մէկ քանիները հարստահարեց:

Ասայի իշխանութեան վախճանը

11Եւ Ասայի առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գիրքին մէջ գրուած է: 12Եւ Ասա իր թագաւորութեանը երեսունըիններորդ տարին ոտքի ցաւով հիւանդացաւ. ու անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ. և իր հիւանդութեանը մէջ ալ Տէրը չփընտռեց, հապա բժիշկները փնտռեց: 13Եւ Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու անիկա իր թագաւորութեան քառասունըմէկերորդ տարին մեռաւ: 14Ու զանիկա Դաւիթի քաղաքին մէջ իրեն համար փորած գերեզմանը թաղեցին. և զանիկա խունկերով ու իւղագործի արուեստին զանազան բաղադրութիւններովը լեցուն անկողինի մը մէջ պառկեցուցին, ու անոր վրայ խիստ շատ խունկեր ծխեցին:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)