Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
17
Յովսափատ կը թագաւորէ
1Եւ անոր տեղ անոր որդին Յովսափատ թագաւոր եղաւ, ու Իսրայէլի դէմ զօրացաւ: 2Եւ Յուդայի ամէն պարըսպաւոր քաղաքներուն մէջ զօրքեր դրաւ. ու Յուդայի երկրին մէջ ու անոր հօրը Ասայի առած Եփրեմի քաղաքներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ: 3Եւ Տէրը Յովսափատի հետ էր. քանզի անիկա իր հօրը Դաւիթի առաջուան ճամբաներուն մէջ քալեց, ու Բահաղիմը չփնտռեց, 4Հապա իր հօրը Աստուածը փնտռեց, անոր պատուիրանքներուն մէջ քալելով, և ոչ թէ Իսրայէլի ըրածին պէս ընելով: 5Եւ Տէրը թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատեց. ու բոլոր Յուդա Յովսափատի ընծաներ կու տար, և անոր հարստութիւնը ու փառքը շատցաւ. 6Ու անոր սիրտը Տէրոջը ճամբաներուն մէջ բարձրացաւ. և անիկա բարձր տեղերը ու Աստարովթի կուռքերն ալ Յուդայէ վերցուց: 7Եւ իր թագաւորութեան երրորդ տարին իր իշխանները, Բենհայիլը, Աբդիան, Զաքարիան, Նաթանայէլը ու Միքիան, ղրկեց, որպէս զի Յուդայի քաղաքներուն մէջ սորվեցնեն. 8Եւ անոնց հետ էին Սեմայիա, Նաթանիա, Զաբադիա, Ասայէլ, Սեմիրամովթ, Յովնաթան, Ադոնիա, Տուբիա ու Տոբադոնիա Ղևտացիները. նաև անոնց հետ՝ Եղիսամա ու Յովրամ քահանաները: 9Ու Յուդայի մէջ կը սորվեցնէին, ու Տէրոջը օրինաց գիրքը անոնց հետ էր, և Յուդայի ամէն քաղաքները կը պտըտէին ու ժողովուրդին կը սորվեցնէին:
Յովսափատին մեծութիւնը
10Եւ Յուդայի բոլորտիքը եղող երկիրներուն բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ, ու Յովսափատի հետ պատերազմ չըրին: 11Եւ Փղըշտացիներէն ալ Յովսափատի ընծաներ ու հարկի ստակ կը բերէին. և Արաբացիներն ալ հօտերէն եօթը հազար եօթը հարիւր խոյ, ու եօթը հազար եօթը հարիւր նոխազ կը բերէին անոր: 12Եւ Յովսափատ երթալով խիստ մեծցաւ, ու Յուդայի մէջ բերդեր ու շտեմարանի քաղաքներ շինեց: 13Եւ անիկա Յուդայի քաղաքներուն մէջ շատ գործեր ունէր, ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր կտրիճներ ու պատերազմող մարդիկ ունէր: 14Եւ այս էր անոնց թիւը իրենց ազգատոհմներուն համեմատ. Յուդայի հազարապետները՝ Եդնա իշխան, ու անոր հետ երեք հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ. 15Եւ անկէ ետքը Յօհանան իշխան, ու անոր հետ երկու հարիւր ութսուն հազար մարդիկ. 16Եւ անկէ ետքը Զեքրիի որդին Ամասիա, որ Տէրոջը ուխտաւորն էր, ու անոր հետ երկու հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ. 17Ու Բենիամինէ՝ զօրաւոր կտրիճ Եղիադա, և անոր հետ երկու հարիւր հազար աղեղնաւոր ու ասպարաւոր մարդիկ. 18Եւ անկէ ետքը Յովզաբադ, ու անոր հետ հարիւր ութսուն հազար սպառազինեալ մարդիկ: 19Ասոնք էին թագաւորին ծառայութիւն ընողները, բաց ի այն մարդոցմէն՝ զորոնք թագաւորը բոլոր Յուդայի պարսպաւոր քաղաքներուն մէջ դրաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981